Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնց հաւատքը ընդօրինակել. Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն պատմութիւնները կեանքի կու գան

Այս յօդուածաշարքը կեանքի կը բերէ Աստուածաշունչի այն տղամարդոց եւ կիներուն պատմութիւնները, որոնք հիանալի հաւատք ունէին a։ Այս անձնաւորութիւնները եւ անոնց հաւատքը կրնան քեզի օգնել, որ հաւատքդ զօրացնես եւ Աստուծոյ մօտենաս։

a Տեսարանները երեւակայելու եւ այս պատմութիւններուն խորը երթալու համար, այս յօդուածներուն մէջ կան կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ չեն անցած։ Ատոնց մասին խոր պրպտումներ եղած են, որպէսզի վստահ ըլլանք որ ատոնք համապատասխան են Աստուածաշունչին, պատմական արձանագրութիւններուն եւ հնագիտական յայտնաբերումներուն։

Ստեղծագործութենէն Ջրհեղեղ

Աբէլ. «Թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբէլէն եւ անոր հաւատքէն, երբ անոր մասին շատ բան չէ յիշուած Աստուածաշունչին մէջ։

Ենովք. «Աստուծոյ հաճելի էր»

Եթէ ընտանիքիդ հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունիս կամ ճիշդին կողմը դիրք բռնելու համար կը պայքարիս, Ենովքին հաւատքէն կրնաս դաս քաղել։

Նոյ «Աստուծոյ հետ քալեց»

Նոյ եւ իր կինը իրենց զաւակները կրթելու մէջ ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։ Տապանը շինելով՝ ինչպէ՞ս հաւատք դրսեւորեցին։

Նոյ. ան եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան

Նոյ եւ իր ընտանիքը մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մռայլ պահէն ինչպէ՞ս ազատեցան։

Նահապետներուն օրերը

Աբրամ. ‘Բոլոր հաւատացողներուն հայրը’

Աբրամ ինչպէ՞ս հաւատք ցուցաբերեց։ Ո՞ր կերպերով կ’ուզես Աբրամի հաւատքը ընդօրինակել։

Սառա. «Դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես»

Եգիպտոսի մէջ, փարաւոնին իշխաններուն աչքին կը զարնէ Սառային խելք–⁠թռցնող գեղեցկութիւնը։ Թերեւս զարմանաս երբ գիտնաս թէ ինչ կը պատահի։

Սառա. Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ

Այս նոր անունը ինչո՞ւ Սառային յարմար էր։

Ռեբեկա. «Կ’երթամ»

Ռեբեկան հաւատքէն զատ ուրիշ գեղեցիկ յատկութիւններ ալ ունէր։

Յովսէփ. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»

Յովսէփի ընտանեկան բարդ ենթահողը, խորթ ընտանիքներուն կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ։

Յովսէփ. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»

Պետափրէսին կինը վճռած էր Յովսէփը հրապուրել։ Յովսէփ ինչպէ՞ս անոր ջանքերուն դէմ դրաւ։

Յովսէփ. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»

Ի՞նչը Յովսէփին օգնեց որ քաջաբար մեկնէր գլխաւոր մատռուակին, հացագործին եւ փարաւոնին երազները։ Ան ինչպէ՞ս մէկ օրուան մէջ բանտէն պալատ գնաց։

Յովսէփ. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»

Նախանձը, դաւաճանութիւնը կամ ատելութիւնը ընտանիքիդ խաղաղութիւնը խանգարա՞ծ է։ Ուրեմն Յովսէփի պատմութիւնը կրնայ քեզի օգնել։

Եգիպտոսէն ելքը եւ դատաւորներուն օրերը

Ռախաբ. ան «գործերով արդարացաւ»

Ռախաբի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեզմէ ո՛չ ոք Եհովայի քով աննշան է։ Անոր հաւատքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Դեբօրա. «Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»

Դեբօրայի մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ հաւատքի եւ քաջութեան մասին։

Հռութ. «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ»

Հռութ ինչո՞ւ պատրաստ էր իր ընտանիքն ու հայրենիքը ձգելու։ Ան ինչպիսի՞ յատկութիւններ դրսեւորեց։

Հռութ. «Առաքինի կին մը»

Հռութի եւ Բոոսի ամուսնութիւնը ինչո՞ւ նշանակալից է։ Հռութէն եւ Նոյեմիէն ի՞նչ դաս կը քաղենք ընտանիքի մասին։

Աննան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ

Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալը օգնեց Աննային, որ անտանելի թուող պարագայի մը հետ գլուխ ելլէ։

Սամուէլ «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ»

Սամուէլի մանկութիւնը ինչպէ՞ս արտասովոր էր։ Երբ խորանին մէջ կը ծառայէր, ի՞նչը իրեն օգնեց որ զօրաւոր հաւատք կերտէ։

Սամուէլ յուսախաբութիւններու ներքեւ տոկաց

Բոլորս յուսախաբութիւններ կը դիմագրաւենք։ Սամուէլի տոկունութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Թագաւորներուն եւ մարգարէներուն օրերը

Դաւիթ. «Պատերազմը Տէրոջն է»

Ի՞նչը ձգեց որ Դաւիթ յաղթէ Գողիաթին։ Ի՞նչ կը սորվինք Դաւիթի պատմութենէն։

Աբիգիա խոհեմութեամբ վարուեցաւ

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբիգիայի ամուսնական դժուար կացութենէն։

Եղիան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը

Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Եղիան, երբ կը խօսինք անոնց հետ, որոնք համակարծիք չեն Աստուածաշունչին ուսուցումներուն։

Եղիա դիտեց եւ սպասեց

Եղիա մարգարէն ինչպէ՞ս աղօթարար կեցուածք մը ցուցաբերեց, մինչ կը սպասէր Եհովայի խոստումին կատարման։

Եղիան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով

Ո՞ր դէպքերը Եղիան վհատեցուցին այն աստիճան որ ուզեց մեռնիլ։

Եղիա. անարդարութեան դիմաց ան տոկաց

Անարդարութեան զոհ գացա՞ծ ես։ Կը սպասե՞ս այն օրուան երբ Աստուած հարցերը պիտի շտկէ։ Նկատէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ընդօրինակել հաւատարիմ Եղիան։

Յովնան իր սխալներէն սորվեցաւ

Յովնանէն շատ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք Եհովայի համբերութեան եւ ողորմութեան մասին։

Յովնան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ

Յովնանի պատմութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ անկեղծ ինքնաքննութիւն ընենք։

Եսթեր պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդը

Եսթերի նման, անձնազոհ սէր ցուցաբերելը հաւատք եւ քաջութիւն կը պահանջէ։

Եսթեր իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ

Եսթեր ինչպէ՞ս Եհովային եւ իր ժողովուրդին համար անձնուրացօրէն գործեց։

Առաջին դար

Մարիամ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»

Մարիամին հակազդեցութիւնը Գաբրիէլ հրեշտակի ըսածին ի՞նչ կը յայտնէ իր հաւատքին մասին։ Ան ուրիշ ի՞նչ յատկութիւններ ցուցաբերեց։

Մարիամ «իր սրտին մէջ կը մտածէր»

Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի փորձառութիւնները Եհովայի խոստումներուն հանդէպ իր հաւատքը ամրացուցին։

Մարիամ. վիշտը դաշունահարեց իր սիրտը, բայց ան վերապրեցաւ

Յիսուսի մօր՝ Մարիամի օրինակը կրնայ քեզի օգնել, եթէ վիշտը թուրի մը պէս քեզ կը հարուածէ։

Յովսէփ պաշտպանեց, հայթայթեց, յարատեւեց

Յովսէփ ի՞նչ կերպերով իր ընտանիքը պաշտպանեց։ Ան ինչո՞ւ Մարիամը եւ Յիսուսը Եգիպտոս տարաւ։

Մարթա. «Ես հաւատացեր եմ»

Մարթան ինչպէ՞ս նոյնիսկ վշտալից ժամանակի մը ընթացքին աչքառու հաւատք ցուցաբերեց։

Պետրոս պայքարեցաւ վախի եւ կասկածի դէմ

Կասկածը կրնայ զօրեղ եւ կործանիչ ոյժ ըլլալ։ Բայց Պետրոս Յիսուսին հետեւելու նկատմամբ իր վախն ու կասկածը յաղթահարեց։

Պետրոս հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց

Պետրոսի հաւատքն ու հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս իրեն օգնեցին որ Յիսուսի սրբագրութիւնը ընդունի։

Պետրոս Տէրոջմէն ներողամտութիւն սորվեցաւ

Յիսուս Պետրոսին ի՞նչ սորվեցուց ներողամտութեան մասին։ Յիսուս ինչպէ՞ս փաստեց թէ Պետրոսին ներած էր։

Տիմոթէոս. «Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս»

Ի՞նչ բան Տիմոթէոսի օգնեց որ ամչկոտ պատանիէ մը վերածուի հոյակապ տեսուչի։