Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէ՞ջ է
Աստուածաշունչին պատասխանը
Ո՛չ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քրիստոնեաներուն սրտին մէջ չէ։ Անիկա սրտի վիճակ չէ a։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան համար կ’ըսէ «երկնքի թագաւորութիւն» (Մատթէոս 4։17)։ Ուրեմն, այս Թագաւորութիւնը կը գտնուի երկնքի մէջ։ Տես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ որ ատիկա իսկական կառավարութիւն է՝ որ կ’իշխէ երկինքէն։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ունի կառավարիչներ, հպատակներ, օրէնքներ եւ իշխանութիւն՝ որ Աստուծոյ կամքը հաստատէ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ (Մատթէոս 6։10. Յայտնութիւն 5։10)։
Աստուծոյ կառավարութիւնը կամ Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ ‘բոլոր ժողովուրդներու, ազգերու եւ լեզուներու վրայ’ (Դանիէլ 7։13, 14)։ Աստուա՛ծ է որ այդ կառավարութեան իշխանութիւն տուած է (Սաղմոս 2։4-6. Եսայի 9։7)։
Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ որ իրեն պիտի միանային երկնային Թագաւորութեան մէջ եւ ‘աթոռներու վրայ նստէին’ (Ղուկաս 22։28, 30)։
Թագաւորութիւնը ունի թշնամիներ, որոնց մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Սաղմոս 2։1, 2, 8, 9. 110։1, 2. Ա. Կորնթացիս 15։25, 26)։
Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտիդ մէջ կ’ըլլայ, երբ որ Աստուծոյ հնազանդիս։ Բայց Աստուածաշունչը ասանկ բան չի սորվեցներ։ Բայց եւ այնպէս ատիկա կը սորվեցնէ որ «թագաւորութեան խօսքը» կամ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կրնայ եւ պէտք է ազդէ մեր սրտին (Մատթէոս 13։19. 24։14)։
«Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ
Կարգ մը մարդիկ կը շուարին, երբ որ կարդան թէ կարգ մը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ Ղուկաս 17։21–ին մէջ ի՛նչ կ’ըսեն Թագաւորութեան մասին։ Օրինակ, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ այդ համարը այսպէս եկած է. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է»։ Այս համարը ճիշդ կերպով հասկնալու համար, պէտք է նախ այդ լման գլուխը աչքէ անցընենք։
Յիսուս կը խօսէր փարիսեցիներուն հետ, որոնք խումբ մը կրօնական առաջնորդներ էին, որ իրեն կը հակառակէին եւ ետքը զինք սպաննեցին (Մատթէոս 12։14. Ղուկաս 17։20)։ Տրամաբանակա՞ն է մտածել որ Թագաւորութիւնը անոնց՝ Յիսուսին հակառակորդներուն՝ չար սրտին մէջն էր։ Յիսուս անոնց ըսած էր. «Ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք» (Մատթէոս 23։27, 28)։
Անդին, ուրիշ թարգմանութիւններու մէջ աւելի յստակ է որ Յիսուս ի՛նչ ըսել ուզեց. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի հետ է» (շեղագիրը մեր կողմէ է. Contemporary English Version) կամ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ է» (Նոր աշխարհի թարգմանութիւն, ստորանիշ)։ Երկինքի Թագաւորութիւնը փարիսեցիներուն «հետ» կամ «մէջ» էր, այն իմաստով որ Յիսուս՝ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը՝ անոնց աչքին առջեւ կայնած էր (Ղուկաս 1։32, 33)։
a Շատ մը եկեղեցիներ կը սորվեցնեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անձի մը մէջն է կամ անոր սրտին մէջն է։ Օրինակ, համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Աստուծոյ Թագաւորութիւն կը նշանակէ... թէ Աստուած կ’իշխէ մեր սրտին մէջ» (The Catholic Encyclopedia)։ Նոյնպէս, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը իր գիրքին մէջ ըսաւ որ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գայ, երբ որ սրտանց Աստուծոյ ուշադրութիւն դարձնենք» (Jesus of Nazareth)։