Յոյս կա՞յ որ աւելի լաւ կեանք մը ունենանք
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած կ’ուզէ մեզի տալ «ապագայ մը եւ յոյս a մը» (Երեմիա 29։11)։ Աստուած մեզի տուած է Աստուածաշունչը, քանի որ կ’ուզէ մեզի յոյս տալ եւ քաջալերել (Հռովմայեցիս 15։4)։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք իմաստուն խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն, որ կեանքի մէջ դրական տեսակէտ ունենանք, մինչ օրական կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ կ’ելլենք։
Այս յօդուածին մէջ պիտի կարդաս այս կէտերուն մասին.
Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ դրական ըլլանք
Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք գործնական կէտեր, որոնք եթէ գործադրենք, մեր կեանքը կը բարելաւուի եւ դրական կ’ըլլանք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ.
Աստուածաշունչին դիմէ, երբ առաջնորդութեան պէտք ունիս։ Սաղմոս 119։105–ը կ’ըսէ. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ Զօրաւոր լոյսը կրնայ երկու բան ընել. ցոյց տալ թէ մեր առջեւը ի՛նչ կայ եւ ցոյց տալ թէ հեռուն ի՛նչ կայ։ Նոյնպէս, Աստուածաշունչին գործնական սկզբունքները նախ կրնան մեզի օգնել, որ մեր առօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք եւ այսպիսով շարունակ դրական մնանք, քանի որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները կրնան մեր ուժը նորոգել եւ ‘սիրտը ուրախացնել’ (Սաղմոս 19։7, 8)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ Աստուած ի՛նչ ապագայ նպատակ ունի մարդոց եւ երկրին համար։ Եւ այդ յոյսը կրնայ մեզի մնայուն ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն տալ։
Առիթ տուր ուրիշներուն, որ քեզի օգնեն։ Երբ անյոյս վիճակի մէջ ըլլանք, թերեւս նախընտրենք ընտանիքի անդամներէ եւ բարեկամներէ հեռու մնալ։ Բայց Աստուածաշունչը այս մէկը չի քաջալերել, քանի որ այդպէս ընելով՝ կրնանք սխալ որոշումներ եւ քայլեր առնել (Առակաց 18։1, ստորանիշ)։ Մեր սիրելիները կրնան մեզի օգնել, որ տրամաբանական եւ հաւասարակշռուած մնանք։ Անոնք թերեւս օգտակար առաջարկներ տան՝ դժուար պարագայի մը հետ գլուխ ելլելու նկատմամբ (Առակաց 11։14)։ Առնուազն, անոնք կրնան մեզ մխիթարել, քաջալերել եւ մեր տրամադրութիւնը բարձրացնել, մինչեւ որ վիճակը բարելաւուի (Առակաց 12։25)։
Աստուծոյ աղօթէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ» (Սաղմոս 55։22) b։ Եհովան տեղին ըլլալով կը կոչուի՝ «յուսոյ Աստուածը» (Հռովմայեցիս 15։13)։ Իրեն կրնաս աղօթել բոլոր «հոգ»երուդ մասին՝ վստահ ըլլալով որ քեզ կը հոգայ (Ա. Պետրոս 5։7)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովա Աստուած մեզ ‘կը հաստատէ, կը զօրացնէ ու կը հիմնէ’ (Ա. Պետրոս 5։10)։
Մի՛ ձգեր որ փորձութիւնները յոյսդ տկարացնեն։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «[Աստուծոյ] մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ» (Առակաց 1։33)։ Երբ կիկլոն մը (cyclone) Մարկրէթ անունով կնոջ մը տունը հարուածեց Աւստրալիայի մէջ, ան իր ունեցուածքին մեծ մասը կորսնցուց։ Բայց փոխանակ յուսահատելու, Մարկրէթ արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ. նիւթական բաներ ունենալը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ։ Այդ դէպքէն ետք, ան իր միտքը դրաւ կեդրոնանալ աւելի կարեւոր բաներուն վրայ. իր ընտանիքին, բարեկամներուն, Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան եւ Աստուածաշունչին տուած յոյսին վրայ (Սաղմոս 37։34. Յակոբոս 4։8)։
Աստուածաշունչը ի՞նչ յոյս կու տայ բոլոր մարդոց
Աստուածաշունչը շատ աղուոր ապագայ մը կը խոստանայ մարդոց եւ երկրին համար։ Եւ այդ ապագան շատ մօտ է։ Այսօր, մարդոց ունեցած խնդիրները ցոյց կու տան, որ մենք կ’ապրինք այս աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Մօտ օրէն, Աստուած լման կերպով ձեռք պիտի առնէ երկրին հարցերը եւ անարդարութեան ու չարչարանքին վերջ պիտի դնէ։ Ան ասիկա պիտի ընէ իր կառավարութեան միջոցաւ, որ կը կոչուի՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւն (Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 11։15)։ Յիսուս այս երկնային կառավարութիւնը ի մտի ունէր, երբ իր տիպար աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ... երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։
Մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը յստակ կերպով յիշուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Նկատի առ կարգ մը խնդիրներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի լուծէ.
Այլեւս անօթութիւն պիտի չըլլայ։ «Երկիր իր պտուղը պիտի տայ» (Սաղմոս 67։6)։
Այլեւս հիւանդութիւն պիտի չըլլայ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)։
Այլեւս մահ պիտի չըլլայ։ Աստուած «[մարդոց] աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։
a Յոյսը որեւէ լաւ բանի ակնկալութիւնն է կամ սպասելն է՝ իրականանալու հաւատքով։
b Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է (Սաղմոս 83։18)։