Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր տառապանքներուն պատճառը Սատանա՞ն է

Բոլոր տառապանքներուն պատճառը Սատանա՞ն է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Բանսարկու Սատանան իրական անձնաւորութիւն մըն է։ Ան կը նմանի զօրաւոր եւ գլուխ գործոց չարագործի մը, որ «սուտ հրաշքներով» եւ «խաբէութիւնով» իր ուզածին կը հասնի։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10. Բ. Կորնթացիս 11։14)։ Բանսարկուին գոյութիւնը կարելի է ըմբռնել իր պատճառած վնասներէն։

 Բայց բոլոր տառապանքներուն պատասխանատուն Բանսարկուն չէ։ Ինչո՞ւ ոչ։ Աստուած մարդիկը ստեղծեց այն կարողութեամբ, որ ընտրեն ընել ճիշդը կամ սխալը (Յեսու 24։15) Երբ սխալ ընտրութիւններ ընենք, գէշ հետեւանքներ կը կրենք (Գաղատացիս 6։7, 8