ԱՌԱԿԱՑ 17։1-28
17 Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով,Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։
2 Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէՈւ եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։
3 Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ,Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։
4 Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէՈւ ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։
5 Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէԵւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։
6 Թոռները ծերերուն պսակն ենԵւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։
7 Ընտիր խօսքը* անզգամին չի վայլեր,Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։
8 Պարգեւը՝ գործածողին* առջեւ պատուական գոհարի պէս է,Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։
9 Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ,Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
10 Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ,Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։
11 Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէՈւ անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։
12 Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել,Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։
13 Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ,Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։
14 Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի,Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։
15 Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
16 Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը,Երբ խելք* չունի։
17 Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէՈւ եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։
18 Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայՈւ իր բարեկամին համար* երաշխաւոր կ’ըլլայ։
19 Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։
20 Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներՈւ նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։
21 Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէԵւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։
22 Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է,Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։
23 Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ,Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։
24 Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է,Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։
25 Յիմար տղան իր հօրը՝ տրտմութիւնՈւ զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։
26 Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել,Ո՛չ ալ իշխանները ծեծել իրաւունք ընելնուն համար*։
27 Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն էՈւ երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։
28 Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստունՈւ իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։
Ստորանիշներ
^ 17։7 Եբր., շրթունքը
^ 17։8 Կամ, ընդունողին. Եբր., իր տիրոջը
^ 17։16 Կամ, փափաք
^ 17։18 Եբր., առջեւը
^ 17։26 Կամ, Ո՛չ ալ իշխանները պարտին մէկը ծեծել