Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 15։1-29

15  Դաւիթ իրեն համար Դաւիթի քաղաքին մէջ տուներ շինեց ու Աստուծոյ տապանակին համար տեղ մը պատրաստեց եւ անոր համար վրան մը կանգնեցուց։  Այն ատեն Դաւիթ ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը վերցնել ուրիշ մէկուն օրինաւոր չէ, բայց միայն Ղեւտացիներուն. քանզի Տէրը զանոնք ընտրեց, որ Աստուծոյ տապանակը վերցնեն ու յաւիտեան անոր ծառայութիւն ընեն»։  Դաւիթ բոլոր Իսրայէլը Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը տապանակը անոր համար պատրաստուած տեղը հանէ։  Դաւիթ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց.  Կահաթի որդիներէն Ուրիէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր քսան հոգի.  Մերարիին որդիներէն Ասայիա իշխանն ու անոր եղբայրները՝ երկու հարիւր քսան հոգի.  Գերսոնին որդիներէն Յովէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր երեսուն հոգի.  Եղիսափանին որդիներէն Սեմայիա իշխանն ու անոր եղբայրները՝ երկու հարիւր հոգի.  Քեբրոնին որդիներէն Եղիէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ ութսուն հոգի. 10  Ոզիէլին որդիներէն Ամինադաբ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր տասնըերկու հոգի։ 11  Դաւիթ՝ Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները ու Ղեւտացիներէն Ուրիէլը, Ասայիան, Յովէլը, Սեմայիան, Եղիէլն ու Ամինադաբը կանչեց 12  Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխաններն էք. ուստի դուք ու ձեր եղբայրները սրբուեցէք, որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանէք այն տեղը, որ ես անոր համար պատրաստեր եմ։ 13  Վասն զի դուք առաջին անգամին հոն չգտնուելնուդ համար, մեր Տէր Աստուածը մեզ հարուածեց, քանզի զանիկա կանոնաւոր կերպով չկարգադրեցինք»։ 14  Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանելու համար քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան։ 15  Ղեւտացիներու որդիները Աստուծոյ տապանակը ձողերովը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին, ինչպէս Մովսէս պատուիրեր էր Տէրոջը խօսքին համեմատ։ 16  Դաւիթ Ղեւտացիներուն իշխաններուն պատուիրեց, որ իրենց եղբայրներէն՝ նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով երգողներ կեցնեն, որպէս զի ուրախութեան ձայներ հնչեցնեն։ 17  Ուստի Ղեւտացիները Յովէլին որդին Եմանը եւ անոր եղբայրներէն Բարաքիային որդին Ասափը ու անոնց եղբայրներէն Մերարիին որդիներէն Կիսիային որդին Եթանը կեցուցին։ 18  Անոնց հետ երկրորդ դասէն, անոնց եղբայրները, դռնապանները, Զաքարիան, Բենը, Յազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Բանիան, Մաասիան, Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը։ 19  Արդ՝ երգողներէն Եման, Ասափն ու Եթան պղնձէ ծնծղաներ կը զարնէին։ 20  Եւ Զաքարիան, Ազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Մաասիան ու Բանիան տաւիղներով Ալամօթի եղանակին վրայ էին։ 21  Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմը, Յէիէլն ու Ազազիան քնարներով Շէմինիթի եղանակով կ’առաջնորդէին։ 22  Քոնոնիան Ղեւտացիներուն երգեցողութեան առաջնորդը՝ զանոնք երգելու կը վարժեցնէր, որովհետեւ հանճարեղ էր։ 23  Բարաքիան ու Եղկանան տապանակին դռնապաններն էին։ 24  Եւ Սաբանիա ու Յովսափատ եւ Նաթանայէլ ու Ամեսայի եւ Զաքարիա ու Բանիա ու Եղիազար քահանաները, Աստուծոյ տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին եւ Աբդեդօմն ու Յէիան տապանակին դռնապաններն էին։ ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ (Բ. Թագ. 6։12-22) 25  Այսպէս Դաւիթ եւ Իսրայէլի ծերերն ու հազարապետները Տէրոջը ուխտին տապանակը Աբդեդօմի տունէն ուրախութեամբ հանելու գացին։ 26  Երբ Աստուած Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն օգնութիւն ըրաւ, եօթը զուարակ ու եօթը խոյ զոհ ըրին։ 27  Դաւիթ բեհեզէ պատմուճան հագեր էր. նոյնպէս ալ տապանակը վերցնող բոլոր Ղեւտացիներն ու երգողներուն իշխանը Քոնոնիան։ Դաւիթին վրայ քթանէ եփուտ կար։ 28  Բոլոր Իսրայէլ Տէրոջը ուխտին տապանակը ուրախութեան աղաղակով, շեփորի ձայնով, փողերով ու ծնծղաներով, տաւիղներ ու քնարներ զարնելով վեր կը հանէին։ 29  Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը մինչեւ Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ ու Դաւիթ թագաւորին կաքաւելն ու խաղալը տեսնելով՝ զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։

Ստորանիշներ