Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 11։1-23
11 Ռոբովամ Երուսաղէմ եկաւ ու Յուդայի եւ Բենիամինի տունէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որպէս զի Իսրայէլի հետ պատերազմ ընեն ու թագաւորութիւնը Ռոբովամին դարձնեն։
2 Բայց Տէրոջը խօսքը Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ եղաւ, ըսելով.
3 «Սողոմոնին որդիին, Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիներուն խօսէ եւ ըսէ՝
4 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ ելլէք ու ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ, վասն զի այս բանը ինձմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Յերոբովամին վրայ երթալէն ետ կեցան։
ՌՈԲՈՎԱՄ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԷ
5 Ռոբովամ Երուսաղէմ բնակեցաւ ու Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց։
6 Բեթլեհէմը, Ետամը, Թեկուէն,
7 Բեթսուրը, Սոքովը, Ոդողոմը,
8 Գէթը, Մարեսան, Զիփը,
9 Ադորայիմը, Լաքիսը, Ազեկան,
10 Սարաան, Այեղոնը ու Քեբրոնը շինեց, որոնք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ պարսպապատ քաղաքներ էին։
11 Պարիսպները ամրացուց ու անոնց մէջ զօրապետներ եւ կերակուրի ու իւղի եւ գինիի շտեմարաններ
12 Ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ վահաններ ու նիզակներ դրաւ եւ զանոնք խիստ շատ ամրացուց։ Յուդա եւ Բենիամին անոր հպատակ էին։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ՅՈՒԴԱ ԿՈՒ ԳԱՆ
13 Բոլոր Իսրայէլի մէջ եղող քահանաներն ու Ղեւտացիները իրենց բոլոր սահմաններէն անոր քով հաւաքուեցան.
14 (Քանզի Ղեւտացիները իրենց արուարձաններն ու կալուածները թողուցին եւ Յուդայի երկիրը ու Երուսաղէմ գացին. վասն զի Յերոբովամ ու անոր որդիները զանոնք Տէրոջը քահանայութենէն հանեցին։
15 Անիկա բարձր տեղերու համար ու դեւերու համար ու իր շինած հորթերուն համար իրեն քուրմեր որոշեց)։
16 Եւ անոնց ետեւէն՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն Իսրայէլի Տէր Աստուածը սրտանց փնտռողները* իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյ զոհ ընելու համար Երուսաղէմ կ’երթային։
17 Յուդայի թագաւորութիւնը զօրացուցին եւ Սողոմոնին որդին Ռոբովամը երեք տարուան մէջ ուժովցուցին. քանզի երեք տարի Դաւիթին ու Սողոմոնին ճամբովը քալեցին։
ՌՈԲՈՎԱՄԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
18 Ռոբովամ Դաւիթին որդիին Յերիմովթին աղջիկը՝ Մայէլէթը՝ իրեն կնութեան առաւ. նաեւ Յեսսէին որդիին Եղիաբին աղջիկը՝ Աբիքէլը։
19 Անիկա որդիներ ծնաւ անոր՝ Յեուսը, Սամարիան ու Զաամը։
20 Անկէ ետքը Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան առաւ, որ անոր ծնաւ՝ Աբիան, Եթթին, Զիզան ու Սաղօմիթը։
21 Ռոբովամ Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան իր բոլոր կիներէն ու հարճերէն աւելի կը սիրէր. (վասն զի անիկա տասնըութը կին ու վաթսուն հարճ առեր էր եւ քսանըութը տղայ ու վաթսուն աղջիկ ծնաւ)։
22 Ռոբովամ՝ Մաաքային որդին Աբիան գլուխ դրաւ, այսինքն իր եղբայրներուն վրայ իշխան կարգեց, քանզի զանիկա թագաւոր ընելու միտք ունէր։
23 Խելացութեամբ՝ իր բոլոր տղաքները Յուդայի ու Բենիամինի գաւառներուն պարսպապատ քաղաքներուն մէջ տեղաւորեց* եւ անոնց առատ ապրուստ տուաւ ու շատ կիներ փնտռեց։