Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 23։1-21
23 Եօթներորդ տարին Յովիադա ուժովցաւ, դաշնադրութեամբ իրեն հետ առնելով հարիւրապետները՝ Յերոամին որդին Ազարիան եւ Յօհանանին որդին Իսմայէլը ու Ովբէդին որդին Ազարիան եւ Ադայիային որդին Մաասիան ու Զեքրիին որդին Եղիսափատը։
2 Անոնք Յուդայի մէջ պտըտեցան ու Յուդայի բոլոր քաղաքներէն Ղեւտացիներն ու Իսրայէլի տոհմերուն իշխանները հաւաքեցին ու Երուսաղէմ եկան։
3 Բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը մէջ թագաւորին հետ դաշինք կնքեցին ու Յովիադան անոնց ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդին թագաւոր պիտի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Դաւիթին որդիներուն համար ըսաւ։
4 Ահա ձեր ընելիքը. ձեր մէկ երրորդ մասը, թէ՛ քահանաներէն եւ թէ՛ Ղեւտացիներէն շաբաթ օրը մտնողները, դռներուն պահպանութիւն պիտի ընեն։
5 Ու ձեր մէկ երրորդ մասը՝ թագաւորին տունը ու մէկ երրորդ մասը Հիմին դուռը պիտի կենան, բայց բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը գաւիթներուն մէջ թող կայնի.
6 Իսկ Տէրոջը տունը՝ քահանաներէն ու ծառայութիւն ընող Ղեւտացիներէն զատ ուրիշ մարդ պիտի չմտնէ։ Անոնք պիտի մտնեն, քանզի անոնք սուրբ են եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը հրամանը պիտի կատարէ։
7 Ղեւտացիները՝ ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը բռնած՝ թագաւորին շուրջը պիտի կենան։ Տունը մտնողը պիտի մեռցուի։ Անոնք թագաւորին հետ պիտի ըլլան անոր մտած ու ելած ատենը»։
8 Ու Ղեւտացիներն ու բոլոր Յուդան Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները, թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները. քանզի Յովիադա քահանան պաշտօնին վրայ եղողները չարձակեց։
9 Յովիադա քահանան Դաւիթ թագաւորին նիզակները, ասպարներն ու վահանները, որոնք Աստուծոյ տանը մէջ էին, հարիւրապետներուն տուաւ
10 Եւ բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը, տանը աջ կողմէն մինչեւ ձախ կողմը, սեղանին ու տանը քով թագաւորին շուրջը կեցուց։
11 Թագաւորին որդին հանեցին ու անոր գլուխը դրին թագն ու վկայութիւնը ու զանիկա թագաւոր յայտարարեցին։ Յովիադան ու անոր որդիները զանիկա օծեցին ու ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։
12 Գոթողիան, լսելով ժողովուրդին ձայնը, որոնք կը վազէին ու թագաւորը կ’օրհնէին, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ
13 Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սիւնին քով սրահին մուտքը կեցեր էր եւ զօրապետներն ու փողերը թագաւորին քով էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով՝ փողեր կը հնչեցնէին ու երգողները նուագարաններով ու երաժշտապետները* օրհնութիւններ կ’երգէին. այն ատեն Գոթողիան իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։
14 Եւ Յովիադա քահանան զօրքին վրայ եղող հարիւրապետները հանեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու ասոր ետեւէն գացողը սրով թող մեռցուի (քանզի քահանան ըսեր էր՝ ‘Զանիկա Տէրոջը տանը մէջ մի՛ մեռցնէք’)։
15 Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տանը ձիերու դռնէն ներս կը մտնէր, զանիկա հոն մեռցուցին։
ՅՈՎԻԱԴԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
(Դ. Թագ. 11։17-20)
16 Յովիադան իրեն ու բոլոր ժողովուրդին ու թագաւորին մէջտեղ դաշինք կնքեց, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան։
17 Բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան ու զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին ու Բահաղին քուրմը՝ Մատթանը՝ սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։
18 Յովիադան Ղեւտացի քահանաներուն ձեռքով Դաւիթին Տէրոջը տանը համար պաշտօնեաներ դրաւ, որպէս զի Մովսէսին օրէնքին մէջ գրուածին պէս՝ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ուրախութեամբ ու երգով, ինչպէս Դաւիթ սահմաներ էր։
19 Դռնապանները Տէրոջը տանը դռներուն քով կեցուց, որպէս զի ոեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ։
20 Անիկա հարիւրապետներն ու ազնուականները եւ ժողովուրդին իշխաններն ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ ու թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուց եւ բարձր դռնէն թագաւորին տունը մտան ու թագաւորը նստեցուցին թագաւորական աթոռին վրայ։
21 Երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ եւ քաղաքը հանգստութեան մէջ էր ու Գոթողիան սրով մեռցուցած էին։
Ստորանիշներ
^ 23։13 Եբր., ուսուցիչները