Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 24։1-27

24  Յովաս եօթը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն։  Յովաս՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։  Յովիադան անոր երկու կին առնել տուաւ ու տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։  Ասկէ ետքը Յովաս ուզեց որ Տէրոջը տունը նորոգէ։  Քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան եւ անոնց ըսաւ. «Յուդայի քաղաքները ելէ՛ք ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար բոլոր Իսրայէլէն տարուէ տարի ստակ հաւաքեցէ՛ք։ Այս գործը շուտով ըրէ՛ք»։ Բայց Ղեւտացիները շուտով չըրին։  Ուստի թագաւորը Յովիադա իշխանը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրոջը ծառային, Մովսէսին ու Իսրայէլի ժողովուրդին վկայութեան խորանին համար պատուիրուած տուրքը ինչո՞ւ համար Ղեւտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէն ու Երուսաղէմէն բերեն։  (Քանզի անօրէն Գոթողիան ու անոր որդիները Աստուծոյ տունը աւերեր էին ու Տէրոջը տանը բոլոր սուրբ բաները Բահաղիմին նուիրեր էին)։  Թագաւորը հրամայեց ու սնտուկ մը շինեցին ու զանիկա Տէրոջը տանը դրանը դուրսի կողմը դրին  Եւ Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ Աստուծոյ ծառային, Մովսէսին, անապատին մէջ Իսրայէլի պատուիրած տուրքը Տէրոջը բերեն։ 10  Բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը ուրախացան ու իրենց տուրքը բերին սնտուկին մէջ ձգեցին, մինչեւ որ անիկա լեցուեցաւ։ 11  Երբ սնտուկը Ղեւտացիներուն ձեռքով թագաւորին վերակացուներուն կը տարուէր, անոնք տեսան թէ ստակը շատ շատ է. թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանային վերակացուն եկան եւ սնտուկը պարպեցին ու վերցնելով իր տեղը դարձուցին։ Ամէն օր այսպէս կ’ընէին։ Շատ ստակ հաւաքուեցաւ։ 12  Թագաւորն ու Յովիադան զանիկա Տէրոջը տանը ծառայութեան գործը ընողներուն կու տային ու անոնք Տէրոջը տունը նորոգելու համար՝ վարձքով քարահատներ ու հիւսներ կը բռնէին ու Տէրոջը տունը ամրացնելու համար՝ երկաթագործներուն ու պղնձագործներուն ալ կու տային։ 13  Բանուորները կ’աշխատէին ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կը կատարուէր։ Այսպէս Աստուծոյ տունը իր ձեւին բերելով՝ զանիկա ամրացուցին։ 14  Երբ նորոգութիւնը լմնցուցին, մնացած ստակը թագաւորին ու Յովիադային առջեւ բերին ու անով Տէրոջը տանը համար անօթներ, պաշտամունքին ու ողջակէզներուն համար ամաններ ու խնկամաններ եւ ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ շինեցին։ Յովիադային բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ ողջակէզներ կը մատուցանուէին։ 15  Յովիադան ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով մեռաւ։ Մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր։ 16  Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղեցին. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր։ ՅՈՎԻԱԴԱՅԻՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ 17  Յովիադային մեռնելէն ետքը՝ Յուդայի իշխանները եկան ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին։ Այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։ 18  Անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին եւ Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար։ 19  Վասն զի անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն։ Ասոնք անոնց վկայութիւն ըրին, բայց անոնք մտիկ չըրին։ 20  Յովիադա քահանային որդիին Զաքարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անիկա ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կեցաւ ու անոնց ըսաւ. «Աստուած այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ինչո՞ւ համար Տէրոջը պատուիրանքներէն կը խոտորիք։ Դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, ան ալ ձեզ պիտի մերժէ’»։ 21  Ժողովուրդը անոր դէմ միաբանեցան ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարկոծեցին։ 22  Յովաս թագաւորը անոր հօրը Յովիադային իրեն ըրած բարերարութիւնը չյիշելով՝ անոր որդին մեռցուց, բայց անիկա մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը տեսնէ ու դատէ*»։ ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ 23  Հետեւեալ տարին Ասորիներուն զօրքը անոր դէմ ելլելով Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուցին ու անոնց բոլոր աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին։ 24  Ասորիներուն զօրքը քիչ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը խիստ շատուոր եղող զօրքը անոնց ձեռքը մատնեց. քանզի անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Այսպէս Ասորիները Աստուծոյ դատաստանը գործադրեցին Յովասին վրայ։ 25  Երբ անոնք գացին անկէ, մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զանիկա, անոր ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար ու զանիկա իր անկողնին մէջ սպաննեցին ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց թագաւորներու գերեզմանին մէջ չթաղեցին։ 26  Անոր դէմ դաւաճանութիւն ընողները ասոնք էին՝ Ամմոնացի կնոջ Սամեթի որդին Զաբադն ու Մովաբացի կնոջ Սամարիթի որդին Յովզաբադը։ 27  Անոր որդիներուն մասին ու իր քով հաւաքուած տուրքին շատութեանը մասին ու Աստուծոյ տանը նորոգութեանը մասին՝ ահա թագաւորներու գրքին յիշատակարանին մէջ գրուած է։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։

Ստորանիշներ

24։22 Եբր., խնդրէ