Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 32։1-33

32  Այս բաներէն ու ճշմարտութենէն* յետոյ, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ ու Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ։ Միտքը դրած էր, որ զանոնք բռնութեամբ գրաւէ։  Եզեկիա տեսնելով որ Սենեքերիմ եկեր է ու Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ կ’ուզէ,  Իր իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ։ Անոնք իրեն օգնեցին։  Շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ ու բոլոր աղբիւրները ու երկրին մէջէն անցնող հեղեղատը գոցեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար Ասորեստանի թագաւորները գան ու առատ ջուր գտնեն»։  Եզեկիա զինք ուժովցուց եւ բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիսպ մըն ալ շինեց եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող Մելօնը նորոգեց ու շատ նիզակներ* ու ասպարներ շինեց։  Ժողովուրդին վրայ պատերազմի զօրապետներ դրաւ ու զանոնք քաղաքին դրանը հրապարակին մէջ իր քով հաւաքեց եւ անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով.  «Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։  Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ*»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ*։  Ասկէ յետոյ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք ու իր բոլոր իշխանները* Լաքիս եկած էին, իր ծառաները Երուսաղէմ ղրկեց Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող բոլոր Յուդային՝ ըսելով. 10  «Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք որո՞ւ ապաւինելով Երուսաղէմ պաշարման* մէջ կը նստիք. 11  Չէ՞ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ կը հանէ, որպէս զի ձեզ անօթութեամբ եւ ծարաւով մեռնելու մատնէ ըսելով թէ՝ «Մեր Տէր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ»։ 12  Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերն ու սեղանները վերցուց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ. «Միայն մէկ սեղանի առջեւ երկրպագութիւն ըրէք ու անոր վրայ խունկ ծխեցէք»։ 13  Չէ՞ք գիտեր թէ երկիրներուն բոլոր ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրինք ես ու իմ հայրերս. միթէ այն երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց երկիրները կրցա՞ն իմ ձեռքէս ազատել։ 14  Իմ հայրերուս բնաջինջ ըրած ազգերուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատել կրցաւ, որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս կարենայ ազատել։ 15  Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ ու ձեզ այդպէս գլխէ թող չհանէ, անոր մի՛ հաւատաք. վասն զի ազգի մը կամ թագաւորութեան մը ոեւէ մէկ աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու իմ հայրերուս ձեռքէն չկրցաւ ազատել. ո՞ւր մնաց որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատէ’»։ 16  Անոր ծառաները Տէր Աստուծոյ դէմ ու անոր ծառային Եզեկիային դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։ 17  Սենեքերիմ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ հայհոյելով ու անոր դէմ խօսելով նամակ գրեց ու ըսաւ. «Ինչպէս միւս երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս չկրցան ազատել, այնպէս Եզեկիային Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չկրնայ ազատել»։ 18  Եւ պարսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ բարձր ձայնով Եբրայեցերէն պոռացին զանոնք վախցնելու ու շփոթութեան մէջ ձգելու համար, որպէս զի քաղաքը առնեն։ 19  Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ ինչպէս միւս երկրի ժողովուրդներուն աստուածներուն դէմ, որոնք մարդու ձեռագործ են։ 20  Եզեկիա թագաւորը եւ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն այս բանին համար դէպի երկինք աղաղակելով աղօթք ըրին։ 21  Տէրը հրեշտակ մը ղրկեց ու Ասորեստանի թագաւորին բանակին մէջ ամէն զօրաւոր կտրիճ ու իշխան ու զօրագլուխ զարկաւ։ Սենեքերիմ ամօթով իր երկիրը դարձաւ ու իր աստուծոյն տունը մտաւ եւ իր երանքէն ելած որդիները զանիկա սրով մեռցուցին։ 22  Այսպէս Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն եւ ամենուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք ամէն կողմանէ պաշտպանեց։ 23  Շատերը Տէրոջը ընծաներ բերին Երուսաղէմ ու Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ պատուական բաներ։ Անկէ ետքը անիկա բոլոր ազգերուն առջեւ բարձրացաւ։ ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ (Դ. Թագ. 20։1-3, 12-19. Եսա. 28։1-3. 39։1-8) 24  Այն օրը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ Տէրը խօսեցաւ անոր ու հրաշք մը ըրաւ* անոր։ 25  Եզեկիա իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուցանեց, վասն զի անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ։ 26  Բայց Եզեկիա իր սրտին հպարտութեանը համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Երուսաղէմի բնակիչները. անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը Եզեկիայի օրերը անոնց վրայ չեկաւ։ ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՓԱՌՔԸ 27  Եզեկիա խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։ Անիկա իրեն արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, խունկերու, զէնքերու ու ամէն տեսակ ցանկալի անօթներու համար գանձարաններ շինեց։ 28  Եւ ցորենի ու գինիի ու իւղի բերքերուն համար՝ շտեմարաններ եւ ամէն տեսակ անասուններու համար՝ ախոռներ ու հօտերու համար փարախներ շինեց։ 29  Քաղաքներ շինեց իրեն։ Շատ ոչխարներ ու արջառներ ստացաւ. վասն զի Աստուած խիստ շատ ստացուածք տուաւ անոր։ 30  Եզեկիան Գեհոնին վերի ջրանցքը գոցեց ու զանիկա դէպի վար Դաւիթի քաղաքին արեւմտեան կողմը ուղղեց։ Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողութիւն գտաւ։ 31  Բայց երբ Բաբելոնի իշխաններուն դեսպանները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին հարցնելու համար, Աստուած զանիկա թողուց որպէս զի փորձէ ու բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը գիտնայ։ ԵԶԵԿԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Դ. Թագ. 20։20, 21) 32  Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին մարգարէութեանը մէջ եւ Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ 33  Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթի որդիներուն ամենէն բարձր գերեզմաններուն մէջ թաղեցին եւ բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները պատիւ ըրին անոր իր մահուան ատենը ու անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։

Ստորանիշներ

32։1 Կամ, հաւատարմութեամբ ըրած գործերէն
32։5 Կամ, սուրեր
32։8 Եբր., պատերազմները պիտի պատերազմի
32։8 Եբր., խօսքերուն կռթնեցաւ
32։9 Կամ, զօրքը
32։10 Կամ, ամրոցին
32։24 Կամ, հրաշալի նշան մը տուաւ