Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 33։1-25

33  Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։  Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։  Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղիմին սեղաններ կանգնեցուց եւ Աստարովթին կուռքեր շինեց ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ  Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ «Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ»։  Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց։  Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց ու գուշակութիւն, հմայութիւն ու դիւթութիւն կ’ընէր, վհուկներ ու նշանագէտներ ունէր եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։  Իր շինած քանդակեալ կուռքը Աստուծոյ տունը դրաւ, որուն համար Աստուած Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր՝ «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան  Եւ Իսրայէլին ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որուն մէջ ձեր հայրերը հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ գործադրեն այն օրէնքները, կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Մովսէսին միջոցով իրենց պատուիրեցի»։  Բայց Մանասէն՝ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորեցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։ 10  Տէրը Մանասէին ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք մտիկ չըրին։ ՄԱՆԱՍԷՆ ԿԸ ԶՂՋԱՅ 11  Տէրը անոնց վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին։ 12  Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։ 13  Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց։ Այն ատեն Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած։ 14  Անկէ ետքը Դաւիթին քաղաքին դուրսը, Գեհոնի արեւմտեան կողմը հեղեղատին մէջ ու մինչեւ Ձուկերուն Դրանը բերանը պարիսպ մը շինեց, Ոփաղն ալ մէջը առնելով ու զանիկա շատ բարձրացուց եւ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զինուորական իշխաններ դրաւ։ 15  Օտար աստուածներն ու կուռքերը Տէրոջը տունէն վերցուց ու Տէրոջը տանը լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ իր շինած բոլոր սեղանները վերցուց եւ քաղաքէն դուրս նետեց։ 16  Տէրոջը սեղանը շինեց եւ անոր վրայ խաղաղութեան ու շնորհակալութեան զոհեր մատուցանեց եւ Յուդային պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընեն, 17  Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին, բայց միայն իրենց Տէր Աստուծոյն։ ՄԱՆԱՍԷԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Դ. Թագ. 21։17, 18) 18  Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոր տեսանողներուն խօսքերը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 19  Անոր աղօթքը եւ ընդունուիլն ու անոր բոլոր մեղքը ու յանցանքը եւ այն տեղերը՝ ուր իր դարձի գալէն առաջ բարձր տեղեր շինեց ու Աստարովթին կուռքեր ու քանդակուած կուռքեր կանգնեցուց, ահա Հօզայի* ժամանակագրութեան մէջ գրուած են։ 20  Մանասէն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր տանը մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։ ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 21։19-26) 21  Ամոն քսանըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 22  Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս եւ իր հօրը Մանասէին շինած բոլոր կուռքերուն զոհ մատուցանեց ու անոնց ծառայութիւն ըրաւ։ 23  Բայց Տէրոջը առջեւ չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը Մանասէն խոնարհեր էր. ընդհակառակը Ամոնը աւելի յանցանք գործեց։ 24  Իր ծառաները դաւաճանութիւն ըրին իրեն դէմ ու իր տանը մէջ մեռցուցին։ 25  Ու երկրին ժողովուրդն ալ Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւաճանութիւն ընողները մեռցուցին ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։

Ստորանիշներ

33։19 Կամ, տեսանողներուն