Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 8։1-18

8  Սողոմոն Տէրոջը տունն ու իր տունը քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը,  Այն քաղաքներն ալ շինեց, որոնք Քիրամ Սողոմոնին տուեր էր ու հոն Իսրայէլի որդիներ բնակեցուց։  Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց ու անոր տիրեց։  Անապատին մէջ Թադմօրը շինեց ու այս բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ որոնք Եմաթի երկրին մէջ շինեց  Ու վերի Բեթորոնն ու վարի Բեթորոնը պարիսպներով, դռներով ու նիգերով ամրացած քաղաքներ շինեց.  Նաեւ Բաաղեթը ու Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքներն ու կառքերուն բոլոր քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի, Լիբանանի ու իր տէրութեանը բոլոր երկրին մէջ։  Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Քետացիներէն, Ամօրհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,  Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները զանոնք բոլորովին կորսնցուցած չէին, Սողոմոն հարկատու ըրաւ մինչեւ այսօր։  Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիներէն ծառաներ չառաւ, հապա անոնք պատերազմիկներ ու իր զօրքերուն իշխաններ եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներ էին։ 10  Սողոմոն թագաւորին գլխաւոր իշխանները երկու հարիւր յիսուն հոգի էին, որոնք ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։ 11  Սողոմոն Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթին քաղաքէն անոր համար շինած տունը տարաւ ու ըսաւ. «Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին տունը պէտք չէ նստի, վասն զի Տէրոջը տապանակին մտած տեղերը սուրբ են»։ 12  Այն ատեն Սողոմոն սրահին առջեւ շինած Տէրոջը սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց Տէրոջը։ 13  Մովսէսին պատուիրածին համեմատ ամէն օրուան որոշուածը՝ շաբաթներու, ամսագլուխներու ու հանդիսաւոր տօներուն մէջ, տարին երեք անգամ, այսինքն Բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարահարաց տօնին կը մատուցանէր։ 14  Իր հօրը Դաւիթին կանոնովը քահանաներուն դասերը իրենց պաշտօններուն վրայ ու Ղեւտացիները իրենց պահպանութիւններուն վրայ, ամէն օրուան որոշուածին պէս, քահանաներուն առջեւ օրհնելու ու սպասաւորութիւն ընելու համար եւ դռնապաններն ալ իրենց դասերուն կարգովը մէկ մէկ դուռի քով դրաւ. քանզի այսպէս էր Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթին՝ հրամանը։ 15  Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, գանձարաններուն համար եւ ամէն բանի մէջ թագաւորին հրամանէն դուրս չեկան։ 16  Սողոմոնին բոլոր գործերը՝ Տէրոջը տանը հիմը դրուած օրէն մինչեւ անոր լմննալը՝ պատրաստուած* էին։ Այսպէս լրացաւ Տէրոջը տունը։ 17  Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոնգաբեր ու Ելաթ գնաց։ 18  Քիրամ իր ծառաներուն ձեռքով նաւեր ու ծովու ճամբորդութեան հմուտ ծառաներ ղրկեց անոր, որոնք Սողոմոնին ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։

Ստորանիշներ

8։16 Կամ, կարգաւորուած