Բ. ՕՐԻՆԱՑ 22։1-30

22  «Երբ տեսնես որ եղբօրդ եզը կամ ոչխարը իր ճամբայէն խոտորեր է, զանոնք անտես մի՛ ըներ. անպատճառ զանոնք քու եղբօրդ դարձուր։  Բայց եթէ քու եղբայրդ քեզի մօտ չէ, կամ զանիկա չես գտներ, այն ատեն քու տունդ տար զայն ու մինչեւ քու եղբայրդ զանիկա փնտռէ, քու քովդ թող մնայ, յետոյ զանիկա անոր դարձուր։  Անոր իշուն ալ, զգեստին ալ, նաեւ եղբօրդ ոեւէ կորսուած բան, որ դուն կը գտնես, նոյնպէս ըրէ։ Չըլլայ որ զանոնք անտես ընես։  «Երբ տեսնես որ եղբօրդ էշը կամ եզը ճամբուն վրայ ինկեր է, անտարբեր մի՛ ըլլար, անպատճառ օգնէ՛ անոր ու վերցո՛ւր։  «Կնոջ մը վրայ այր մարդու հագուստ թող չըլլայ ու այր մարդը կնոջ հագուստ պէտք չէ հագնի. քանզի ով որ ասոնք ընէ, քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ կ’ըլլայ։  «Եթէ ճամբան ծառի մը վրայ կամ գետնին վրայ ձագերով կամ հաւկիթներով թռչունի մը բոյնին հանդիպիս ու մայրը ձագերուն կամ հաւկիթներուն վրայ նստած ըլլայ, մայրը իր ձագերով մէկտեղ մի՛ առներ։  Անպատճառ մայրը արձակէ ու ձագերը առ։ Որպէս զի աղէկ ըլլայ քեզի ու կեանքդ երկայն ըլլայ։  «Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ։  «Այգիիդ մէջ այլեւայլ սերմեր մի՛ ցաներ, որպէս զի ցանած սերմիդ արդիւնքը ու այգիիդ բերքը չպղծուին։ 10  Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր։ 11  «Բուրդով ու քթանով գործուած այլայլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։ 12  «Հագած հանդերձիդ չորս ծայրը ծոպեր շինէ։ ՍԵՌԱՅԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ 13  «Եթէ մարդ մը կին առնէ ու անոր մօտենալէն ետքը զանիկա ատէ 14  Եւ անոր վրայ զրպարտութեան խօսքեր դնելով անոր անունը գէշ հանէ ու ըսէ. ‘Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մօտեցայ, անոր վրայ կուսութիւն չգտայ’. 15  Այն ատեն աղջկան հայրն ու մայրը աղջկան կուսութեան նշանը առնեն եւ դուռը հանեն քաղաքին ծերերուն առջեւ։ 16  Աղջկան հայրը ծերերուն պիտի ըսէ. ‘Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի ու ատելով զանիկա, 17  Ահա անոր վրայ զրպարտութիւն կ’ընէ, ըսելով թէ Ես քու աղջկանդ վրայ կուսութիւն չգտայ. բայց ահա իմ աղջկանս կուսութեան նշանը’։ Եւ լաթը քաղաքին ծերերուն առջեւ պիտի փռէ։ 18  Ետքը այն քաղաքին ծերերը այն ամուսինը առնեն ու զանիկա պատժեն* 19  Եւ Իսրայելացի կոյս աղջկան անունը անպատուելուն համար անկէ հարիւր սիկղ արծաթ տուգանք առնեն ու աղջկան հօրը տան, բայց աղջիկը դարձեալ մարդուն կինը պիտի ըլլայ իր բոլոր կեանքին մէջ։ Մարդը իրաւունք չունի զանիկա արձակելու։ 20  Բայց եթէ ստոյգ ըլլայ ըսուածը ու աղջկան վրայ կուսութիւն չէ գտնուեր, 21  Այն ատեն աղջիկը հանեն իր հօրը տանը դրան առջեւ ու քաղաքին մարդիկը պէտք է քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի. որովհետեւ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ընելով իր հօրը տունը պոռնկութիւն ըրեր է։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն պէտք է վերցուի։ 22  «Եթէ մէկը այր ունեցող կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, այն ատեն երկուքն ալ պիտի մեռցուին, թէ՛ այն կնոջ հետ պառկող մարդը եւ թէ՛ այն կինը ու Իսրայէլէն չարութիւնը վերցուի։ 23  «Եթէ կոյս աղջիկ մը մարդու մը նշանուած ըլլայ ու ուրիշ մարդ մը քաղաքին մէջ գտնելով զանիկա՝ անոր հետ պառկի, 24  Երկուքն ալ այն քաղաքին դուռը պէտք է հանէք ու զանոնք քարկոծէք, որպէս զի մեռնին։ Աղջիկը՝ քանզի քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչվռտեց եւ մարդը՝ քանզի ուրիշին նշանածը լլկեց։ Այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի։ 25  «Բայց եթէ մարդ մը նշանուած աղջիկ մը դաշտի մէջ գտնէ ու զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը միայն մեռցուի։ 26  Աղջկան բան մը մի՛ ըներ. աղջիկը մահու արժանի յանցանք մը չունի. վասն զի ինչպէս մէկը իր դրացիին վրայ կը յարձակի ու զանիկա կը մեռցնէ, այս դիպուածն ալ այնպէս է։ 27  Քանզի դաշտ էր ու թէեւ նշանուած աղջիկը կանչվռտեց, բայց զինք ազատող մը չեղաւ։ 28  «Եթէ մարդ մը չնշանուած կոյս աղջիկ մը գտնէ եւ զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի ու բանը իմացուի*, 29  Այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը աղջկան հօրը յիսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ ու աղջիկը իբր կին պիտի առնէ, քանի որ լլկեց զանիկա։ Իր բոլոր կեանքին մէջ զանիկա արձակելու իրաւունք պիտի չունենայ։ 30  «Չըլլայ թէ մարդ մը իր խորթ մայրը առնէ ու իր հօրը քղանցքը բանայ»։

Ստորանիշներ

22։18 Կամ, յանդիմանեն
22։28 Եբր., գտնուին