Բ. ՕՐԻՆԱՑ 27։1-26
27 Մովսէս՝ Իսրայէլի ծերերուն հետ՝ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պահեցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը յայտնեմ։
2 Յորդանանէն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը անցած օրդ՝ քեզի մեծ քարեր կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։
3 Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը անոնց վրայ գրէ՛, երբ անցնիս ու մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ։
4 Ուստի երբ Յորդանանէն անցնիս, այս օրուան քեզի պատուիրածիս պէս՝ այս քարերը Գեբաղ լերան վրայ կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։
5 Հոն քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ՛, քարերէ շինուած սեղան մը. անոնց վրայ երկաթ մի՛ դպցներ։
6 Այլ քու Տէր Աստուծոյդ սեղանը ամբողջ քարերէ շինէ՛, որպէս զի անոր վրայ քու Տէր Աստուծոյդ զոհեր մատուցանես։
7 Խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով, հոն կե՛ր ու քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախացիր։
8 Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը քարերուն վրայ խիստ պարզ կերպով մը գրէ՛»։
9 Մովսէս Ղեւտացի քահանաներուն հետ բոլոր Իսրայէլին խօսելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլ, լուռ կեցիր ու մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր քու Տէր Աստուծոյդ ժողովուրդը եղար.
10 Ուստի քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին մտիկ ընելով գործադրէ՛ անոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ»
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՆԷԾՔՆԵՐ
11 Նոյն օրը Մովսէս ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ.
12 «Երբ Յորդանանէն անցնիք, ժողովուրդը օրհնելու համար Գարիզին լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Յովսէփ ու Բենիամին։
13 Իսկ անէծքի համար Գեբաղ լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Ռուբէն, Գադ, Ասեր, Զաբուղոն, Դան ու Նեփթաղիմ»։
14 Եւ Ղեւտացիները Իսրայէլի բոլոր մարդոցը հետ խօսելով՝ բարձր ձայնով թող ըսեն.
15 «Անիծեալ ըլլայ ա՛յն մարդը՝ որ արուեստաւորի ձեռագործ ու Տէրոջը առջեւ պիղծ սեպուող փորուած կամ ձուլածոյ կուռք կը շինէ ու գաղտուկ տեղ մը կը դնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ «Ամէն» թող ըսէ։
16 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը կամ մօրը դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
17 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր դրացիին սահմանը կը փոխէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
18 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ կոյրը իր ճամբայէն կը խոտորեցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
19 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ պանդուխտին, որբին ու որբեւայրիին իրաւունքը կը ծռէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
20 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր խորթ մօրը հետ կը պառկի. քանզի իր հօրը քղանցքը կը բանայ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
21 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ ոեւէ անասունի հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
22 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը եղող իր քրոջ հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
23 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր զոքանչին հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
24 «Անիծեալ ըլլայ ան, որ իր դրացին գաղտուկ կը մեռցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
25 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ անմեղ մարդ մը մեռցնելու համար կաշառք կ’առնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։
26 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ այս օրէնքին բոլոր խօսքերուն մէջ չի կենար, որ զանոնք կատարէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։