Բ. ՕՐԻՆԱՑ 6։1-25
6 «Ասոնք են այն պատուիրանքները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք ձեր Տէր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէս զի ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկրին մէջ գործադրէք զանոնք.
2 Որպէս զի քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս ու անոր բոլոր կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք ես ձեզի կը պատուիրեմ, քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ եւ թէ՛ քու որդիիդ որդին, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան։
3 Արդ՝ ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ ու զգուշութեամբ զանոնք կատարէ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ եւ կաթ ու մեղր բղխող երկրին մէջ խիստ շատնաս, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի խոստացաւ։
4 Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն* Տէր է։
5 Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ
6 Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան
7 Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսէ՛։
8 Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատանոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։
9 Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
10 Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, որոնք դուն շինած չես
11 Եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս,
12 Զգո՛յշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանող Տէրը մոռնաս։
13 Քու Տէր Աստուծմէդ վախցիր ու զանիկա պաշտէ եւ անոր անունովը երդում ըրէ։
14 Օտար Աստուածներու, ձեր բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն աստուածներուն ետեւէն մի՛ երթաք.
15 (Վասն զի քու Տէր Աստուածդ, որ ձեր մէջն է, նախանձոտ է.) չըլլայ որ քու Տէր Աստուծոյդ բարկութիւնը քու վրադ բորբոքի ու քեզ երկրի երեսէն բնաջինջ ընէ։
16 Ձեր Տէր Աստուածը մի՛ փորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք։
17 Ձեր Տէր Աստուծոյն վկայութիւններն ու կանոնները զգուշութեամբ պահեցէք։
18 Տէրոջը առջեւ ինչ որ ուղիղ ու հաճելի է, զայն ըրէ՛, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, որպէս զի մտնես ու ժառանգես այն ընտիր երկիրը, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։
19 Քու բոլոր թշնամիներդ քու առջեւէդ հալածէ, ինչպէս Տէրը պատուիրեց։
20 Երբ՝ վաղը՝ քու որդիդ քեզի հարցնէ ու ըսէ. ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք մեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց’.
21 Այն ատեն քու որդիիդ կարենաս ըսել. ‘Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին ծառայ էինք, բայց Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց.
22 Նաեւ Տէրը մեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնին վրայ ու անոր բոլոր տանը վրայ մեծ ու սոսկալի* նշաններ ու հրաշքներ ըրաւ
23 Եւ մեզ անկէ հանեց, որպէս զի մեզ բերէ ու երդումով մեր հայրերուն խոստացած երկիրը տայ մեզի։
24 Տէրը մեզի պատուիրեց, որ այս բոլոր կանոնները գործադրենք ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղէկ ըլլայ միշտ ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր։
25 Եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի’։