Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 18։1-46
18 Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը երրորդ տարուան մէջ Եղիային եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, Աքաաբին երեւցի՛ր ու երկրի վրայ անձրեւ պիտի տամ»։
2 Եղիա Աքաաբին երեւնալու գնաց։ Սամարիայի մէջ սաստիկ սով կար։
3 Աքաաբ իր տանը տնտեսը Աբդիան կանչեց. (Աբդիան Տէրոջմէն շատ կը վախնար
4 Ու երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները ջարդեց, Աբդիա հարիւր մարգարէ առաւ ու զանոնք, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեց։)
5 Եւ Աքաաբ ըսաւ Աբդիային. «Եկո՛ւր, այս երկրին մէջ եղած բոլոր ջուրի աղբիւրներուն ու բոլոր հեղեղատներուն քովերը պտըտինք. կարելի է խոտ գտնենք եւ ձիերն ու ջորիները ապրեցնենք ու բոլոր անասունները չկորսնցնենք»։
6 Անոնք երկիրը իրենց մէջ բաժնեցին պտըտելու համար. Աքաաբ մէկ ճամբայէ մինակ գնաց ու Աբդիա ուրիշ ճամբայէ մինակ գնաց։
7 Երբ Աբդիա ճամբուն մէջ էր, ահա Եղիան անոր դէմ ելաւ։ Աբդիա զանիկա ճանչցածին պէս իր երեսին վրայ ինկաւ ու ըսաւ. «Արդեօք իմ տէրս՝ Եղիան՝ դո՞ւն ես»։
8 Եղիա անոր ըսաւ. «Ես եմ. գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ, թէ ‘Ահա Եղիան կու գայ’»։
9 Անիկա ըսաւ. «Ես ի՞նչ մեղք գործեր եմ, որ դուն քու ծառադ Աքաաբին ձեռքը կը մատնես, որպէս զի զիս մեռցնէ։
10 Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ ազգ մը կամ թագաւորութիւն մը չմնաց, ուր իմ տէրս քեզ փնտռելու համար մարդ ղրկած չըլլայ ու երբ ‘Չկայ’ ըսին, այն թագաւորութեան կամ այն ազգին երդում ընել տուաւ՝ որ քեզ գտած չեն։
11 Եւ հիմա դուն կ’ըսես. ‘Գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ թէ «Ահա Եղիան կու գայ»’
12 Ու կրնայ ըլլալ, որ քու քովէդ երթալէս ետքը՝ Տէրոջը հոգին քեզ անծանօթ տեղ մը փոխադրէ ու ես գացած Աքաաբին պատմած ըլլալով, երբ քեզ չգտնէ, զիս պիտի մեռցնէ, թէեւ ես՝ քու ծառադ՝ տղայութենէս ի վեր Տէրոջմէ կը վախնամ։
13 Իմ ըրածս իմ տիրոջս չպատմուեցա՞ւ, թէ երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները սպաննեց, ես Տէրոջը մարգարէներէն հարիւր մարդ, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեցի ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեցի։
14 Եւ հիմա դուն կ’ըսես՝ ‘Գնա՛ ու տիրոջդ ըսէ՛, թէ «Ահա Եղիան կու գայ»’ ու անիկա զիս պիտի մեռցնէ»։
15 Ու Եղիա ըսաւ. «Զօրութեան Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այսօր անոր պիտի երեւնամ»։
16 Աբդիա Աքաաբին առջեւ ելաւ ու անոր պատմեց։ Աքաաբ Եղիան դիմաւորելու գնաց։
17 Աքաաբ Եղիան տեսածին պէս՝ անոր ըսաւ. «Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգողը դո՞ւն ես»։
18 Ու Եղիան ըսաւ. «Իսրայէլը ես չնեղեցի, հապա դուն ու քու հօրդ տունը. քանզի Տէրոջը պատուիրանքները թողուցիք ու Բահաղիմին ետեւէն գացիք։
19 Եւ հիմա մարդ ղրկէ՛ ու բոլոր Իսրայէլը եւ Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէներն ու Յեզաբէլին սեղանէն ուտող Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները Կարմեղոս լերան վրայ իմ քովս հաւաքէ՛»։
20 Աքաաբ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն մարդ ղրկեց ու մարգարէները Կարմեղոս լեռը հաւաքեց։
21 Եղիա բոլոր ժողովուրդին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Ժողովուրդը բնաւ պատասխան մը չտուաւ անոր։
22 Ու Եղիա ժողովուրդին ըսաւ. «Միայն ե՛ս մնացի Տէրոջը մարգարէ, իսկ Բահաղին մարգարէները չորս հարիւր յիսուն մարդիկ են։
23 Ուրեմն մեզի երկու զուարակ թող տրուի։ Զուարակին մէկը անոնք իրենց համար ընտրեն ու կտոր կտոր ընեն եւ զանիկա փայտերու վրայ դնեն, բայց կրակ չդնեն։ Միւս զուարակը ես պատրաստեմ ու զանիկա փայտերու վրայ դնեմ, բայց կրակ չդնեմ։
24 Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է Աստուածը»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու ըսին. «Այս խօսքը բարի է»։
25 Եղիա Բահաղին մարգարէներուն ըսաւ. «Ձեզի զուարակներէն մէկը ընտրեցէք ու առաջ դուք ըրէք, վասն զի դուք շատուոր էք ու ձեր աստուծոյն անունը կանչեցէք, բայց կրակ մի՛ դնէք»։
26 Անոնք իրենց տրուած զուարակը առին ու պատրաստեցին եւ առաւօտէն մինչեւ կէսօր Բահաղին անունը կանչեցին ու ըսին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր». բայց ձայն չկար։ Պատասխան տուող չկար։ Անոնք իրենց շինած սեղանին քով* կը ցատկռտէին։
27 Երբ կէսօր եղաւ, Եղիա զանոնք ծաղր ընելով ըսաւ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանզի անիկա աստուած է. թերեւս խօսակցութիւն* մը ունի կամ զբաղած է, կամ ճամբորդութիւն կ’ընէ, կամ թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»։
28 Անոնք բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել։
29 Երբ կէսօրը անցաւ, մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը մարգարէութիւն ըրին ու ձայն չկար ու պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար։
30 Այն ատեն Եղիա բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի մօտեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը անոր մօտեցաւ։ Անիկա Տէրոջը փլած սեղանը նորոգեց։
31 Եղիա տասներկու քար առաւ Յակոբի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, որուն՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Քու անունդ Իսրայէլ ըլլայ»։
32 Այն քարերով Տէրոջը անուանը սեղան շինեց ու սեղանին բոլորտիքը փոս մը փորեց, որ երկու գրիւի չափ հունտ կ’առնէր։
33 Փայտերը շարեց ու զուարակը կտոր կտոր ըրաւ եւ փայտերուն վրայ դրաւ
34 Ու ըսաւ. «Չորս սափոր լեցուն ջուր բերէք եւ ողջակէզին վրայ ու փայտերուն վրայ թափեցէք»։ Ու ըսաւ. «Երկրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երկրորդ անգամ այնպէս ըրին ու ըսաւ. «Երրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երրորդ անգամ այնպէս ըրին։
35 Եւ ջուրը սեղանին բոլորտիքը քալեց ու փոսն ալ ջրով լեցուեցաւ։
36 Եւ իրիկուան զոհ մատուցանելու ատենը Եղիա մարգարէն մօտեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։
37 Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր, եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։
38 Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց։
39 Բոլոր ժողովուրդը այս բանը տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկան ու ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։
ԵՐԱՇՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
40 Ու Եղիա անոնց ըսաւ. «Բահաղին մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»։ Զանոնք բռնեցին ու Եղիա զանոնք Կիսոն հեղեղատը իջեցուց եւ հոն զանոնք մեռցուց։
41 Եղիա Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն* կայ»։
42 Աքաաբ ուտելու ու խմելու ելաւ։ Եղիա Կարմեղոս լեռը ելաւ ու գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ
43 Եւ իր մանչուն ըսաւ. «Հիմա ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ»։ Անիկա ելաւ նայեցաւ ու ըսաւ. «Բան մը չկայ»։ Եղիա եօթը անգամ՝ «Նորէն գնա՛», ըսաւ։
44 Ու եօթներորդ անգամին մանչը ըսաւ. «Ահա ծովէն մարդու թաթի չափ պզտիկ ամպ մը կ’ելլէ»։ Եղիան ըսաւ. «Ելի՛ր, Աքաաբին ըսէ՛՝ ‘Կառքդ լծէ՛ ու իջի՛ր, որպէս զի անձրեւի չբռնուիս’»։
45 Մինչեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ եւ հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ։ Աքաաբ հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց։
46 Տէրոջը ձեռքը Եղիային հետ եղաւ ու անիկա իր մէջքը պնդեց ու մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց։