Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 2։1-46

2  Երբ Դաւիթին մեռնելու օրերը մօտեցան, իր որդիին՝ Սողոմոնին պատուէր տուաւ՝ ըսելով.  «Ահա ես ամէն երկրի ճամբան կ’երթամ, իսկ դուն ուժովցիր ու քաջասիրտ* եղիր  Եւ քու Տէր Աստուծոյդ պատուէրները պահէ, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր կանոնները, պատուիրանքները, օրէնքներն ու վկայութիւնները պահես, ինչպէս Մովսէսին օրէնքի գրքին մէջ գրուած է. որպէս զի ինչ որ ընես եւ ուր որ երեսդ դարձնես՝ յաջողութիւն գտնես.  Որպէս զի Տէրը իր խօսքը հաստատէ, որ ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Եթէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով ու ճշմարտութեամբ քալեն, Իսրայէլին աթոռին վրայէն քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։  Դուն գիտես ինչ որ Շարուհեայի որդին Յովաբ ինծի ըրաւ ու ինչ որ Իսրայէլի երկու զօրավարներուն, Ներեան Աբեններին ու Յեթերեան Ամեսայիին ըրաւ. քանզի զանոնք մեռցուց ու խաղաղութեան ատեն պատերազմի արիւն թափեց եւ իր մէջքի գօտիին ու ոտքի կօշիկներուն վրայ պատերազմի արիւն սրսկեց։  Ուրեմն դուն քու իմաստութիւնդ ի գործ դիր ու անոր ճերմակ մազերը խաղաղութեամբ գերեզմանը մի՛ իջեցներ։  Բայց Գաղաադացի Բերզելիի որդիներուն ողորմութիւն ըրէ՛ ու քու սեղանէդ ուտողներուն հետ թող ըլլան. քանզի երբ քու եղբօրդ Աբիսողոմին երեսէն փախայ, ինծի մօտեցան։  Ահա Բաւուրիմացի Բենիամինեան Գերայի որդին Սեմէին քու քովդ է։ Անիկա Մանայիմ գացած օրս ինծի ծանր անէծք տուաւ. բայց երբ անիկա զիս դիմաւորելու համար Յորդանան իջաւ, Տէրոջմով երդում ըրի անոր ու ըսի. ‘Քեզ սրով պիտի չմեռցնեմ’։  Բայց դուն զանիկա անմեղ մի՛ սեպեր, քանզի դուն խելացի մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես եւ անոր ճերմակ մազերը արիւնով գերեզմանը իջեցո՛ւր»։ ԴԱՒԻԹԻՆ ՄԱՀԸ 10  Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ 11  Դաւիթ Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ քառասուն տարի. եօթը տարի Քեբրոնի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ ու երեսունըերեք տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ 12  Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին աթոռը նստաւ ու անոր թագաւորութիւնը շատ հաստատ եղաւ։ ԱԴՈՆԻԱՅԻ ՄԱՀԸ 13  Ագգիթի որդին Ադոնիան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին գնաց ու Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ»։ 14  Եւ ըսաւ. «Քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Խօսէ»։ 15  Անիկա ըսաւ. «Դուն աղէկ գիտես, որ թագաւորութիւնը իմս էր ու բոլոր Իսրայէլ կ’ակնկալէր, որ ես թագաւոր ըլլամ. բայց թագաւորութիւնը դարձաւ ու իմ եղբօրս եղաւ, քանզի Տէրոջմէ եղաւ։ 16  Հիմա ես քեզմէ բան մը կը խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես*»։ Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Խօսէ՛»։ 17  Անիկա ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, Սողոմոն թագաւորին ըսէ, (քանզի անիկա քեզ չի մերժեր,) որ Սունամացի Աբիսակը ինծի կնութեան տայ»։ 18  Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի համար թագաւորին կը խօսիմ»։ 19  Բերսաբէ Սողոմոն թագաւորին գնաց, որպէս զի Ադոնիային համար անոր հետ խօսի ու թագաւորը զանիկա դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ ու անոր խոնարհութիւն ըրաւ։ Երբ իր աթոռը նստաւ, իր մօրը համար ալ աթոռ դնել տուաւ եւ մայրը անոր աջ կողմը նստաւ 20  Ու ըսաւ. «Ես քեզմէ պզտիկ բան մը պիտի խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Խնդրէ՛, մայր իմ, քանզի քեզի ‘Ո՛չ’ պիտի չըսեմ»։ 21  Անիկա ալ ըսաւ. «Սունամացի Աբիսակը եղբօրդ Ադոնիայի կնութեան տուր»։ 22  Սողոմոն թագաւորը պատասխան տուաւ ու իր մօրը ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ Ադոնիային համար Սունամացի Աբիսակը կը խնդրես, անոր համար թագաւորութիւնն ալ խնդրէ, (քանզի անիկա իմ մեծ եղբայրս է,) անոր ու Աբիաթար քահանային եւ Շարուհեան Յովաբին համար»։ 23  Ու Սողոմոն թագաւորը Տէրոջմով երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, քանզի Ադոնիա այդ խօսքը իր կեանքին դէմ խօսեր է։ 24  Հիմա զիս հաստատողը ու զիս իմ հօրս Դաւիթին աթոռը նստեցնողը եւ իր ըսածին պէս ինծի տուն շինող Տէրը կենդանի է, որ Ադոնիան այսօր պիտի մեռցուի»։ 25  Սողոմոն թագաւորը Յովիադային որդին Բանիան ղրկեց ու զարկաւ զանիկա ու մեռցուց։ ԱԲԻԱԹԱՐԻՆ ԱՔՍՈՐԸ ԵՒ ՅՈՎԱԲԻՆ ՄԱՀԸ 26  Թագաւորը Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Անաթովթ, քու ագարակդ, գնա՛, քանզի դուն մեռնելու արժանի ես, բայց այսօր քեզ չեմ մեռցներ. որովհետեւ իմ հօրս Դաւիթին առջեւ Տէր Եհովային տապանակը վերցուցիր ու իմ հօրս ամէն քաշած նեղութիւններուն մասնակից եղար»։ 27  Սողոմոն Աբիաթարը Տէրոջը քահանայութենէն հանեց, որպէս զի Սելովի մէջ Հեղիին տանը համար Տէրոջը ըսած խօսքը կատարուի։ 28  Այս լուրը մինչեւ Յովաբին հասաւ. (քանզի Յովաբ թէպէտեւ Աբիսողոմին հետեւող չէր, բայց Ադոնիային հետեւեցաւ.) այն ատեն Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։ 29  Սողոմոն թագաւորին իմացուցին թէ՝ ‘Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ եւ անիկա սեղանին քով է’։ Սողոմոն Յովիադայի որդին Բանիան ղրկեց ու ըսաւ. «Գնա՛, զանիկա զա՛րկ»։ 30  Բանիան Տէրոջը խորանը Յովաբին գնաց ու անոր ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուրս ելիր’»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, ես հոս պիտի մեռնիմ»։ Բանիան թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Յովաբ այսպէս ըսաւ ու ինծի այսպէս պատասխան տուաւ»։ 31  Եւ թագաւորը անոր ըսաւ. «Անոր ըսածին պէս ըրէ ու զանիկա մեռցուր եւ զանիկա թաղէ, որպէս զի իմ վրայէս ու իմ հօրս տանը վրայէն Յովաբին թափած անմեղ արիւնը վերցնես։ 32  Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը կը դարձնէ. որովհետեւ անիկա առանց իմ հօրս Դաւիթին գիտութեանը երկու՝ իրմէ արդար ու աղէկ՝ մարդոց, Իսրայէլի սպարապետին Ներեան Աբեններին ու Յուդայի սպարապետին՝ Յեթերեան Ամեսայիին վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք սրով մեռցուց։ 33  Ուստի անոնց արիւնը Յովաբին գլուխը ու անոր սերունդին գլուխը դառնայ յաւիտեան. բայց Դաւիթին ու անոր սերունդին եւ անոր տանն ու անոր աթոռին՝ Տէրոջը կողմանէ յաւիտեան խաղաղութիւն ըլլայ»։ 34  Եւ Յովիադայի որդին Բանիան ելաւ ու Յովաբի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա մեռցուց եւ անիկա անապատին մէջ իր տունը թաղուեցաւ։ 35  Թագաւորը անոր տեղ զօրքերուն վրայ Յովիադայի որդին Բանիան դրաւ ու թագաւորը Սադովկ քահանան Աբիաթարին տեղը դրաւ։ ՍԵՄԷԻԻՆ ՄԱՀԸ 36  Թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու ըսաւ. «Քեզի Երուսաղէմի մէջ տուն մը շինէ ու հոն նստէ, բայց անկէ ասդին կամ անդին մի՛ ելլեր, 37  Քանզի աղէկ գիտցիր, եթէ ելլես ու Կեդրոն հեղեղատը անցնիս, նոյն օրը անպատճառ պիտի մեռնիս ու քու արիւնդ քու գլուխդ պիտի ըլլայ»։ 38  Սեմէի թագաւորին ըսաւ. «Այս խօսքդ բարի է. իմ թագաւոր տէրս ի՛նչպէս ըսաւ՝ քու ծառադ ա՛յնպէս պիտի ընէ»։ Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմի մէջ նստաւ։ 39  Երեք տարիէն ետքը Սեմէիին երկու ծառաները Գէթի թագաւորին Մաաքայի որդիին Անքուսին քով փախան ու Սեմէիին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա քու ծառաներդ Գէթի մէջ են»։ 40  Սեմէի ելաւ ու իշուն համետը դրաւ ու իր ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց Անքուսին քով։ Սեմէի գնաց ու իր ծառաները Գէթէն բերաւ։ 41  Երբ Սեմէիին Երուսաղէմէն Գէթ երթալն ու դառնալը Սողոմոնին պատմեցին, 42  Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ. «Չէ՞ որ քեզի Տէրոջմով երդում ընել տուի եւ քեզի վկայութիւն ըրի ու ըսի թէ՝ ‘Աղէկ գիտցիր որ Երուսաղէմէն ելած ու ասդին անդին գացած օրդ անպատճառ պիտի մեռնիս’ ու դուն ինծի՝ ‘Լսած խօսքս բարի է’, ըսիր. 43  Ուրեմն ինչո՞ւ համար Տէրոջը երդումին ու քեզի տուած պատուէրիս հնազանդութիւն չըրիր»։ 44  Թագաւորը Սեմէիին ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին դէմ քու ըրած բոլոր չարութիւնդ գիտես, որուն քու սիրտդ ալ կը վկայէ*. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ քու գլուխդ պիտի դարձնէ. 45  Բայց Սողոմոն թագաւորը օրհնեալ ու Դաւիթին աթոռը Տէրոջը առջեւ յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ»։ 46  Թագաւորը Յովիադայի որդիին Բանիային հրաման տուաւ ու անիկա ելաւ ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ։ Թագաւորութիւնը Սողոմոնին ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ։

Ստորանիշներ

2։2 Եբր., այր
2։16 Եբր., իմ երեսս մի՛ դարձներ
2։44 Եբր., զոր քու սիրտդ գիտէ