Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 20։1-43
20 Ասորիներուն Բենադադ թագաւորը իր բոլոր զօրքերը հաւաքեց։ Իրեն հետ երեսունըերկու թագաւոր կար։ Ձիերով ու կառքերով ելաւ Սամարիան պաշարեց եւ անոր հետ պատերազմ ըրաւ։
2 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց
3 Եւ անոր ըսաւ. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու արծաթդ ու ոսկիդ իմս է ու քու կիներդ ու գեղեցիկ որդիներդ իմս են’»։
4 Եւ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու ըսածիդ պէս ես ալ քուկդ եմ ու իմ ամէն ունեցածս ալ»։
5 Դեսպանները նորէն եկան ու ըսին. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի որ քու արծաթդ, քու ոսկիդ, քու կիներդ ու քու որդիներդ ինծի տաս.
6 Բայց վաղը այս ատեն իմ ծառաներս քեզի պիտի ղրկեմ եւ քու տունդ ու քու ծառաներուդ տուները աղէկ մը աչքէ պիտի անցընեն եւ քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուած բոլոր բաները ձեռքովնին* պիտի առնեն’»։
7 Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը երկրին բոլոր ծերերը կանչեց ու ըսաւ. «Հիմա գիտցէ՛ք ու տեսէ՛ք, որ ասիկա չարութիւն կ’ուզէ ընել. վասն զի իմ կիներուս ու որդիներուս ու արծաթիս եւ ոսկիիս համար ինծի մարդ ղրկեց ու ես անոր ‘Ոչ’ չըսի»։
8 Բոլոր ծերերն ու բոլոր ժողովուրդը անոր ըսին. «Ականջ մի՛ դներ ու յանձնառու մի՛ ըլլար»։
9 Ան ալ Բենադադին դեսպաններուն ըսաւ. «Իմ թագաւոր տիրոջս ըսէք. ‘Առաջին անգամին քու ծառայիդ ինչ հրաման որ ղրկեցիր՝ զանիկա պիտի ընեմ, բայց այս անգամուանը չեմ կրնար ընել’»։ Դեսպանները գացին եւ այս պատասխանը տարին Բենադադին։
10 Բենադադ մարդ ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Աստուածները ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն, եթէ Սամարիայի հողը իմ ետեւէս եկող բոլոր զօրքերուս բաւականանայ»։
11 Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Անոր այսպէս ըսէ՛ք. ‘Իր զէնքը մէջքը կապողը զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի’»
12 Ու Բենադադ իրեն հետ եկող թագաւորներուն հետ վրաններու մէջ կը խմէր։ Այս խօսքը լսածին պէս իր ծառաներուն ըսաւ. «Պատերազմի շարուեցէ՛ք»։ Քաղաքին դէմ պատերազմի շարուեցան։
13 Ահա մարգարէ մը Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Բոլոր այս մեծ բազմութիւնը տեսա՞ր. ահա ես այսօր զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ, որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը’»։
14 Աքաաբ ըսաւ. «Որո՞ւն ձեռքով»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Գաւառներու իշխաններուն մանչերուն ձեռքով’»։ Եւ ըսաւ. «Պատերազմը ո՞վ սկսի»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն»։
15 Եւ գաւառներու իշխաններուն մանչերը համրեց ու երկու հարիւր երեսունըերկու հոգի էին։ Անկէ յետոյ բոլոր Իսրայէլի որդիները համրեց ու եօթը հազար հոգի էին։
16 Ասոնք կէսօրին ելան. բայց Բենադադ ինք ու անոր օգնական թագաւորները, այն երեսունըերկու թագաւորները, վրաններու մէջ խմելով կը գինովնային։
17 Առաջ գաւառներու իշխաններուն մանչերը ելան ու Բենադադ մարդիկ ղրկեց, որոնք անոր պատմեցին թէ Սամարիայէն մարդիկ եկան։
18 Անիկա ըսաւ. «Եթէ անոնք խաղաղութեան համար եկան՝ զանոնք ողջ թողուցէք, իսկ եթէ պատերազմելու եկան՝ զանոնք ողջ բռնեցէք։
19 Այս գաւառներու իշխաններուն մանչերը ու անոնց ետեւէն գացող զօրքը քաղաքէն դուրս ելան։
20 Ամէն մարդ իր դէմ* ելլողը զարկաւ ու Ասորիները փախան։ Իսրայէլ զանոնք հալածեց ու Ասորիներու Բենադադ թագաւորը ձիու վրայ հեծած՝ քանի մը ձիաւորներով ազատեցաւ։
21 Իսրայէլի թագաւորը ելաւ ու ձիերը եւ կառքերը զարկաւ ու Ասորիները մեծ կոտորածով մը զարկաւ։
22 Մարգարէն Իսրայէլի թագաւորին մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, ուժովցի՛ր ու գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ ի՛նչ պիտի ընես, վասն զի եկող տարի Ասորիներու թագաւորը քու վրադ պիտի ելլէ»։
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ
23 Ասորիներու թագաւորին ծառաները անոր ըսին. «Անոնց աստուածները լեռներու աստուածներ են, անոր համար մեզի յաղթեցին. բայց եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք։
24 Ուրեմն այս բանը ըրէ՛. թագաւորներուն իւրաքանչիւրը իր տեղէն հանէ ու անոնց տեղ նախարարներ դիր։
25 Եւ դուն քեզմէ կորսուած զօրքին չափ զօրք ու ձիերուն չափ ձիեր ու կառքերուն չափ կառքեր պատրաստէ* քեզի։ Եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք»։ Անիկա անոնց խօսքին մտիկ ընելով՝ այնպէս ըրաւ։
26 Հետեւեալ տարին Բենադադ Ասորիները համրեց ու Ափէկ ելաւ Իսրայէլի հետ պատերազմելու համար։
27 Իսրայէլի որդիներն ալ համրուեցան ու պատրաստուելով* զանոնք դիմաւորելու գացին։ Իսրայէլի որդիները անոնց դէմ այծերու երկու երամակներու պէս բանակ կազմեցին, բայց Ասորիները երկիրը լեցուցին։
28 Աստուծոյ մարդը եկաւ ու Իսրայէլի թագաւորին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ասորիները ըսին թէ «Եհովա լեռներու Աստուած է ու հովիտներու Աստուած չէ», ասոր համար բոլոր այս մեծ բազմութիւնը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
29 Եւ իրարու դէմ եօթը օր բանակեցան ու եօթներորդ օրը պատերազմը սկսաւ։ Իսրայէլի որդիները մէկ օրուան մէջ Ասորիներէն հարիւր հազար հետեւակ զօրք զարկին
30 Ու մնացածները Ափէկ քաղաքը փախան։ Այն մնացած քսանըեօթը հազար մարդոցը վրայ պարիսպը ինկաւ։ Բենադադ փախաւ ու քաղաքին մէջ սենեակէ սենեակ մտաւ։
31 Անոր ծառաները իրեն ըսին. «Ահա մենք լսեր ենք, որ Իսրայէլի տանը թագաւորները ողորմած թագաւորներ են. հիմա մէջքերնիս քուրձեր ու գլուխնիս չուաններ դնենք եւ Իսրայէլի թագաւորին առջեւ ելլենք, թերեւս քու անձդ ապրեցնէ»։
32 Մէջքերնին քուրձեր ու գլուխնին չուաններ կապեցին եւ Իսրայէլի թագաւորին գացին ու ըսին. «Քու ծառադ Բենադադ կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, թող անձս ապրի’»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ո՞ղջ է. անիկա իմ եղբայրս է»։
33 Այն մարդիկը ասիկա յաջողութիւն սեպելով, անոր բերնէն այս խօսքը առածնուն պէս՝ շուտով պատասխան տուին. «Քու եղբայրդ Բենադադ հոս է»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, զանիկա բերէ՛ք»։ Երբ Բենադադ անոր եկաւ, զանիկա իր կառքին մէջ առաւ։
34 Ան ալ անոր ըսաւ. «Այն քաղաքները, որ իմ հայրս քու հօրմէդ առած էր, ետ տամ ու դուն Դամասկոսի մէջ քեզի համար հրապարակներ շինէ, ինչպէս իմ հայրս Սամարիայի մէջ շինած էր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես ալ այս դաշինքով քեզ կ’արձակեմ»։ Ուստի անոր հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու զանիկա արձակեց։
ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ԱՔԱԱԲԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
35 Մարգարէներուն որդիներէն մէկը Տէրոջը խօսքովը իր ընկերին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարնել չուզեց։
36 Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար՝ ահա իմ քովէս գացածիդ պէս՝ քեզ առիւծ մը պիտի մեռցնէ»։ Անիկա անոր քովէն գնաց ու առիւծ մը հանդիպեցաւ որ զայն մեռցուց։
37 Ետքը մարգարէն ուրիշ մարդ մը գտաւ ու անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարկաւ ու զարնելով վիրաւորեց։
38 Այն մարգարէն գնաց ճամբուն վրայ թագաւորին սպասեց ու չճանչցուելու համար աչքերուն վրայ ծածկոց մը* դրաւ։
39 Երբ թագաւորը անկէ կ’անցնէր, թագաւորին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ պատերազմի գնաց եւ ահա մարդ մը պատերազմէն դուրս ելլելով՝ ինծի ուրիշ մը բերաւ ու ըսաւ. ‘Այս մարդը պահէ՛։ Եթէ ասիկա կերպով մը կորսուելու ըլլայ, քու անձդ անոր տեղ պիտի ըլլայ, կամ տաղանդ մը արծաթ պիտի վճարես*’։
40 Ու երբ ծառադ ասդին անդին գործով զբաղեր էի, անիկա կորսուեցաւ»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Քու դատաստանդ այդպէս է, ինչպէս դուն քու բերնովդ վճռեցիր»։
41 Անիկա շուտով մը ծածկոցը աչքերուն վրայէն հանեց ու Իսրայէլի թագաւորը իմացաւ, որ անիկա մարգարէներէն մէկն է։
42 Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն իմ նզոված մարդս քու ձեռքէդ ազատ արձակեցիր, անոր համար քու անձդ անոր անձին տեղ ու քու ժողովուրդդ անոր ժողովուրդին տեղ պիտի ըլլայ’»։
43 Իսրայէլի թագաւորը սիրտը կոտրած ու նեղացած՝ իր տունը դարձաւ ու Սամարիա եկաւ։
Ստորանիշներ
^ 20։6 Եբր., ձեռքերուն մէջ դնելով
^ 20։20 Եբր., մարդը
^ 20։25 Եբր., համրէ
^ 20։27 Կամ, պաշար առին
^ 20։38 Կամ, մոխիր
^ 20։39 Եբր., կշռես