Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 3։1-28

3  Սողոմոն Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին հետ խնամութիւն ըրաւ ու Փարաւոնին աղջիկը առաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը բերաւ, մինչեւ որ իր տունը ու Տէրոջը տունը ու Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպը շինեց լմնցուց։  Սակայն ժողովուրդը բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր, քանզի մինչեւ այն օրերը Տէրոջը անուանը տուն շինուած չէր։  Սողոմոն Տէրը կը սիրէր ու իր հօրը Դաւիթին կանոններովը կը քալէր. միայն թէ բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։  Թագաւորը Գաբաւոն գնաց, որպէս զի հոն զոհ մատուցանէ, քանզի ամենէն բարձր տեղը անիկա էր։ Սողոմոն այն սեղանին վրայ հազար ողջակէզ զոհեց։  Գաբաւոնի մէջ Տէրը Սողոմոնին երեւցաւ գիշերուան երազով եւ ըսաւ. «Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ»։  Սողոմոն ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր, քանզի անիկա քու առջեւդ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ եւ ուղիղ սրտով քալեց քեզի հանդէպ ու անոր՝ այս մեծ ու ամուր սէրը պահեցիր ու իր աթոռը նստող որդի մը տուիր անոր։  Արդ՝ ո՛վ Տէր Աստուած իմ, դուն քու ծառադ իմ հօրս Դաւիթին տեղ թագաւոր ըրիր. բայց ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր։  Քու ծառադ քու ընտրած ժողովուրդիդ մէջ է, որ շատուոր, անթիւ ու անհամար ժողովուրդ մըն է։  Ուստի քու ծառայիդ իմաստուն* սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ. քանզի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։ 10  Այս խօսքը, այսինքն Սողոմոնին այս բանը խնդրելը, Տէրոջը աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։ 11  Աստուած անոր ըսաւ. «Որովհետեւ այս բանը խնդրեցիր ու քեզի շատ օրեր չխնդրեցիր ու քեզի հարստութիւն չխնդրեցիր ու քու թշնամիներուդ հոգին չխնդրեցիր, հապա իրաւունքը իմանալու* իմաստութիւն խնդրեցիր, 12  Ահա քու խօսքիդ պէս ըրի։ Քեզի իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը տուի, այնպէս որ քեզմէ առաջ քեզի պէս մէ՛կը եղած չէ ու քեզմէ ետքն ալ քու նմանդ պիտի չըլլայ։ 13  Նաեւ քու չխնդրածդ ալ քեզի տուի՝ թէ՛ հարստութիւն եւ թէ՛ փառք, այնպէս որ քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ թագաւորներուն մէջ քեզի պէս մէ՛կը պիտի չգտնուի։ 14  Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես՝ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս պահելով, ինչպէս քու հայրդ Դաւիթ քալեց, այն ատեն քու օրերդ պիտի շատցնեմ»։ 15  Սողոմոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Երուսաղէմ գնաց ու Տէրոջը ուխտին տապանակին առջեւ կայնեցաւ եւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց ու իր բոլոր ծառաներուն կոչունք ըրաւ։ ՍՈՂՈՄՈՆ ԴԺՈՒԱՐ ՀԱՐՑ ՄԸ ԿԸ ԼՈՒԾԷ 16  Այն ատեն երկու պոռնիկ կիներ թագաւորին եկան ու անոր առջեւ կայնեցան։ 17  Կիներէն մէկը ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, ողորմէ՛ ինծի. ես ու այս կինը մէկ տան մէջ կը բնակինք ու նոյն տանը մէջ ասոր քով տղայ մը ծնայ։ 18  Իմ ծնանելուս երրորդ օրը այս կինն ալ տղայ մը ծնաւ ու մենք մէկտեղ էինք։ Տանը մէջ մեզի հետ օտար մարդ չկար, հապա տանը մէջ մենք երկուքս մինակ էինք։ 19  Այս կնոջ տղան գիշերով մեռած է, քանզի ասիկա անոր վրայ պառկած է։ 20  Կէս գիշերին ելած է եւ քու աղախինիդ քնացած ատենը՝ իմ տղաս քովէս առած ու զանիկա իր ծոցը պառկեցուցած է ու իր մեռած տղան իմ ծոցս պառկեցուցած է։ 21  Երբ առաւօտուն ելայ, որպէս զի տղուս ծիծ տամ, ահա անիկա մեռած էր։ Աւելի ուշադրութեամբ անոր նայեցայ, տեսայ թէ անիկա իմ ծնած տղաս չէր»։ 22  Իսկ միւս կինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա ողջ եղողը իմ տղաս է ու մեռածը քու տղադ է»։ Առաջինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մեռածը քու տղադ է ու ողջ եղողը իմ տղաս է»։ Թագաւորին առջեւ այսպէս կը խօսէին։ 23  Այն ատեն թագաւորը ըսաւ. «Ասիկա կ’ըսէ՝ ‘Իմ տղաս այս ողջ եղողն է ու մեռածը քու տղադ է’ ու անիկա կ’ըսէ՝ ‘Ո՛չ, հապա մեռածը քու տղադ է ու ողջ եղողը իմ տղաս է’»։ 24  Թագաւորը ըսաւ. «Ինծի սուր մը բերէք» ու թագաւորին առջեւ սուր մը բերին։ 25  Եւ թագաւորը ըսաւ. «Ողջ եղող տղան կտրեցէ՛ք, երկու կտոր ըրէք ու կէսը՝ մէկուն ու կէսն ալ միւսին տուէք»։ 26  Այն ատեն ողջ տղուն մայրը թագաւորին պատասխան տուաւ՝ իր տղուն վրայ աղիքը գալարելուն համար ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, ողորմէ՛ ինծի. ողջ տղան անոր տուէք ու զանիկա մի՛ մեռցնէք»։ Բայց միւսը ըսաւ. «Ո՛չ ինծի ըլլայ, ո՛չ՝ քեզի. զանիկա ճեղքեցէ՛ք»։ 27  Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ողջ տղան այս կնոջ տուէք, չըլլայ թէ զանիկա մեռցնէք, քանզի անոր մայրը ասիկա է»։ 28  Բոլոր Իսրայէլ թագաւորին կտրած դատաստանը լսելով՝ թագաւորէն վախցան. քանզի տեսան թէ անոր վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կայ դատաստան ընելու համար։

Ստորանիշներ

3։9 Եբր., լսող
3։11 Եբր., լսելու