ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 21։1-25
21 Իսրայէլի մարդիկը Մասփայի մէջ երդում ըրեր էին ու ըսեր էին թէ՝ ‘Մեզմէ բնաւ մարդ մը իր աղջիկը Բենիամինին կին ըլլալու պիտի չտայ’։
2 Ժողովուրդը Բեթէլ երթալով՝ հոն Աստուծոյ առջեւ մինչեւ իրիկուն նստան ու ձայներնին վերցնելով՝ մեծ լացով մը լացին
3 Եւ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի Տէր Աստուած, ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի մէջ պատահեցաւ, որ այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը կը պակսի»։
4 Հետեւեալ օրը ժողովուրդը կանուխ ելաւ եւ հոն սեղան մը շինեցին ու ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
5 Իսրայէլի որդիները ըսին. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ժողովուրդին հետ Տէրոջը առջեւ չելլողը ո՞վ կայ»։ Քանզի Տէրոջը առջեւ Մասփա չելլող մարդուն համար մեծ երդում ըրեր էին՝ ըսելով թէ՝ ‘Անիկա անպատճառ պիտի մեռնի’։
6 Այն ատեն Իսրայէլի որդիները իրենց եղբօրը Բենիամինին համար ցաւելով ըսին. «Այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ եղաւ։
7 Այս մնացածներուն ի՞նչ ընենք, որ անոնց կիներ առնենք. քանզի մենք Տէրոջը անունովը երդում ըրինք, որ մեր աղջիկներէն անոնց կին չտանք»։
8 Ու ըսին. «Իսրայէլի ցեղերէն ո՞րը Տէրոջը առջեւ Մասփա չելաւ»։ Ահա Գաղաադի Յաբիսէն բնաւ մարդ մը եկած չէր բանակը ու ժողովի։
9 Ժողովուրդը աչքէ անցուցին եւ ահա անոնց մէջ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն մարդ մը չգտնուեցաւ։
10 Այն ատեն ժողովը խիստ զօրաւորներէն տասներկու հազար մարդ ղրկեցին ու անոնց պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք եւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները սուրի բերնէ անցուցէ՛ք, կիներն ալ ու տղաքներն ալ»։
11 Եւ ահա ձեր ընելիքը. «Ամէն այր մարդ ու այր մարդու անկողին գիտցող ամէն կին կորսնցուցէ՛ք»։
12 Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն մէջ չորս հարիւր կոյս աղջիկներ գտան, որոնք արուի հետ պառկած չէին ու այր մարդ չէին գիտեր։ Զանոնք Քանանի երկրին մէջ Սելովի բանակը տարին։
13 Ու բոլոր ժողովը մարդ ղրկելով, Ռեմօնի վէմը եղող Բենիամինի որդիներուն խօսեցան եւ զանոնք խաղաղութեան հրաւիրեցին։
14 Այն ատեն Բենիամինեանները դարձան եւ անոնց այն կիները տուին, որոնք Գաղաադի Յաբիսի կիներէն ողջ թողուցեր էին, բայց անոնց բաւական չեղան։
15 Ժողովուրդը Բենիամինին համար ցաւեցաւ. քանզի Տէրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ խրամատ մը բացաւ։
16 Ժողովին ծերերը ըսին. «Մնացածներուն ի՞նչպէս կին ճարենք. որովհետեւ Բենիամինի ցեղէն կիները կոտորուեցան»։
17 Եւ ըսին. «Ողջ մնացող Բենիամինեաններուն ժառանգութիւն թող մնայ, որպէս զի Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ չըլլայ։
18 Ու մենք անոնց մեր աղջիկներէն կին չենք կրնար տալ, քանզի Իսրայէլի որդիները երդում ընելով ըսին թէ՝ ‘Բենիամինին կին տուողը անիծեալ ըլլայ’։
19 Եւ ըսին. «Ահա տարուէ տարի Տէրոջը տօնախմբութիւն կ’ըլլայ Սելովի մէջ, այն տեղը՝ որ Բեթէլի հիւսիսային կողմը ու Բեթէլէ Սիւքէմ ելլող ճամբուն արեւելեան կողմը, Ղեբօնայի հարաւային կողմը կ’իյնայ։
20 Բենիամինին որդիներուն պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք, այգիներուն մէջ պահուեցէ՛ք
21 Ու երբ տեսնէք թէ Սելովի աղջիկները պար բռնելով խաղալու ելեր են, այն ատեն այգիներէն ելէ՛ք եւ ամէն մէկդ Սելովի աղջիկներէն ձեզի մէկ–մէկ կին յափշտակեցէ՛ք ու Բենիամինին երկիրը դարձէք։
22 Եթէ անոնց հայրերը կամ եղբայրները մեզի գալով՝ գանգատ ընեն, անոնց կ’ըսենք թէ ‘Մեր սիրոյն համար շնորհք ըրէք անոնց. քանզի մենք պատերազմին մէջ անոնց ամենուն մէկ–մէկ կին չպահեցինք’ ու հիմա դուք չտուիք անոնց որ յանցաւոր ըլլաք»։
23 Բենիամինին որդիները այնպէս ըրին ու իրենց թիւին չափ պար բռնողներէն կիներ յափշտակելով՝ առին ու գացին իրենց ժառանգութիւնը դարձան ու քաղաքներ շինեցին եւ անոնց մէջ բնակեցան։
24 Այն ատեն Իսրայէլի որդիները՝ ամէն մարդ՝ իր ցեղին ու իր ազգատոհմին գնաց։ Ամէն մարդ անկէ իր ժառանգութիւնը գնաց։
25 Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։