Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 6։1-33

6  Մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ըսին. «Ահա այս տեղը, որ մենք քու առջեւդ կը նստինք, մեզի նեղ է։  Երթանք ուրեմն մինչեւ Յորդանան ու այնտեղէն ամէն մէկս մէկ–մէկ գերան առնենք ու հոն մեզի բնակելու տեղ շինենք»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք»։  Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ եկուր» եւ անիկա «Կու գամ», ըսաւ։  Ու անոնց հետ գնաց։ Յորդանան հասնելով ծառեր կտրեցին։  Երբ մէկը գերան մը կը կտրէր, տապարին երկաթը ջուրին մէջ ինկաւ, ուստի անիկա պոռալով՝ ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, կացինը փոխ առնուած էր»։  Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր ինկաւ»։ Անիկա այն տեղը ցուցուց անոր։ Եղիսէ փայտ մը կտրեց ու հոն նետեց ու երկաթը ջուրին երեսը ելաւ  Եւ անոր ըսաւ. «Զանիկա վերցո՛ւր»։ Ան ալ ձեռքը երկնցուց ու կացինը առաւ։ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ  Անգամ մը, երբ Ասորիներուն թագաւորը Իսրայէլի դէմ պատերազմ կ’ընէր, իր ծառաներուն հետ խորհուրդ ըրաւ ու ըսաւ. «Այս ինչ կամ այն ինչ տեղը բանակ դնեմ»։  Աստուծոյ մարդը Իսրայէլի թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր, որ այն տեղէն չանցնիս, վասն զի Ասորիները հոն իջած են»։ 10  Իսրայէլի թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսած տեղը մարդ ղրկելով տեղեկացաւ եւ անկէ զգուշացաւ շատ* անգամ։ 11  Այս բանին համար Ասորիներու թագաւորին սիրտը նեղանալով՝ իր ծառաները կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք յայտներ ինծի թէ մերիններէն ո՞վ կայ, որ Իսրայէլի թագաւորին լուր կը ղրկէ»։ 12  Ծառաներէն մէկը ըսաւ. «Չկայ այդպիսի մէկը, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, հապա Իսրայէլի մէջ եղող Եղիսէ մարգարէն՝ քու պառկելու սենեակիդ մէջ խօսած խօսքերդ Իսրայէլի թագաւորին կը յայտնէ»։ 13  Եւ թագաւորը ըսաւ. «Գացէ՛ք ու անոր ուր ըլլալը իմացէք, որպէս զի զանիկա բռնել տամ»։ Անոր յայտնեցին ու ըսին. «Ահա անիկա Դօթայիմի մէջ է»։ 14  Ուստի թագաւորը ձիեր ու կառքեր եւ բազմաթիւ զօրքեր ղրկեց հոն, որոնք գիշերով գացին եւ քաղաքը պաշարեցին։ 15  Աստուծոյ մարդուն ծառան առաւօտուն կանուխ ելաւ ու դուրս գնաց եւ ահա զօրքեր, ձիեր ու կառքեր քաղաքը պաշարեր էին ու ծառան տիրոջը ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։ 16  Եղիսէ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ 17  Եղիսէ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ»։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր։ 18  Երբ անոնք Եղիսէի քով իջան՝ Եղիսէ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս ազգը կուրութեամբ զարկ»։ Տէրը զանոնք կուրութեամբ զարկաւ Եղիսէի խօսքին համեմատ։ 19  Այն ատեն Եղիսէ անոնց ըսաւ. «Ճամբան այս չէ ու քաղաքը ասիկա չէ, ետեւէս եկէք, որպէս զի ձեզ ձեր փնտռած մարդուն տանիմ» եւ զանոնք Սամարիա տարաւ։ 20  Ու երբ Սամարիա եկան, Եղիսէ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոնց աչքերը բաց, որպէս զի տեսնեն»։ Տէրը անոնց աչքերը բացաւ ու տեսան եւ ահա Սամարիայի մէջ էին։ 21  Իսրայէլի թագաւորը զանոնք տեսնելով՝ Եղիսէին ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, զարնե՞մ, զարնե՞մ»։ 22  Անիկա ըսաւ. «Մի՛ զարներ. միթէ քու սրովդ ու աղեղովդ գերի բռնածներդ կը զարնե՞ս. անոնց առջեւ հաց ու ջուր դիր, որպէս զի ուտեն, խմեն ու իրենց տիրոջը երթան»։ 23  Անոնց մեծ կոչունք մը ըրաւ։ Կերան խմեցին։ Զանոնք ետ ղրկեց։ Անոնք իրենց տիրոջը գացին։ Ասորիներու գունդերը անգամ մըն ալ Իսրայէլի երկիրը չեկան։ ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ 24  Անկէ ետքը Ասորիներու Բենադադ թագաւորը իր բոլոր բանակը հաւաքեց ու ելաւ Սամարիան պաշարեց։ 25  Սամարիայի մէջ մեծ սով եղաւ, քանզի զանիկա պաշարեր էին, այնպէս որ մէկ իշու գլուխը ութսուն սիկղ արծաթի ու աղաւնիի աղբին* մէկ կապիճին մէկ չորրորդ մասը հինգ սիկղ արծաթի ծախուեցաւ։ 26  Երբ Իսրայէլի թագաւորը պարսպին վրայէն կ’անցնէր, կին մը անոր աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, օգնէ ինծի»։ 27  Անիկա ըսաւ. «Եթէ Տէրը քեզի չօգնէ, ես քեզի ուրկէ՞ օգնեմ, կալէ՞ն թէ հնձանէն»։ 28  Ու թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Այս կինը ինծի ըսաւ թէ ‘Քու տղադ տուր ու այսօր զանիկա ուտենք եւ իմ տղաս վաղը ուտենք’։ 29  Ուստի իմ տղաս եփեցինք եւ զանիկա կերանք։ Երկրորդ օրը անոր ըսի. ‘Տղադ տուր, որպէս զի ուտենք’, բայց անիկա իր տղան պահեց»։ 30  Թագաւորը այն կնոջ խօսքը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց ու պարսպին վրայէն անցած ատենը՝ ժողովուրդը տեսաւ որ ահա ներսէն անոր մարմնին վրայ քուրձ կար։ 31  Անիկա ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ այսօր Սափատեան Եղիսէին գլուխը իր վրայ մնայ»։ 32  Եղիսէ իր տունը կը նստէր ու ծերերը անոր հետ կը նստէին։ Թագաւորը իր առջեւէն մարդ մը ղրկեց անոր ու պատգամաւորը դեռ չեկած՝ Եղիսէ ծերերուն ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք որ այս մարդասպանին որդին գլուխս առնելու մարդ ղրկեց. նայեցէ՛ք, այն մարդը եկածին պէս դուռը գոցեցէ՛ք ու զանիկա դրանը քով բռնեցէ՛ք. միթէ անոր տիրոջը ոտքերուն ձայնը անոր ետեւէն չէ՞»։ 33  Երբ անոնց հետ կը խօսէր, այն պատգամաւորը անոր քով իջաւ ու ըսաւ*. «Ահա այս չարիքը Տէրոջմէն է. ա՛լ ասկէ յետոյ Տէրոջմէն ի՞նչ պիտի յուսամ»։

Ստորանիշներ

6։10 Եբր., ոչ մէկ ու ոչ երկու
6։25 Կը կարծուի թէ տեսակ մը ընդեղէն է
6։33 Հաւանաբար՝ թագաւորը ըսաւ