ԵԶԵԿԻԷԼԻ 16։1-63
16 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, Երուսաղէմին գիտցո՛ւր իր պղծութիւնները
3 Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Երուսաղէմին.‘Քու սկիզբդ ու ծնունդդ Քանանացիներու երկրէն էր,Քու հայրդ Ամօրհացի ու մայրդ Քետացի էր։
4 Քու ծնունդդ այսպէս էր։Քու ծնած օրդ պորտդ չկտրուեցաւՈւ մաքրուելու համար ջուրով չլուացուեցարԵւ աղով չաղուեցար ու խանձարուրով չփաթթուեցար։
5 Աչք մը քեզի չխնայեց, որ քեզի ողորմիՈւ այս բաներէն ոեւէ մէկը քեզի ընէ։Բայց ծննդեան օրդՔու անձիդ գարշութիւնովը դաշտի երեսին վրայ նետուեցար’։
6 «Երբ ես քու քովէդ անցայ,Քեզ արիւնիդ մէջ թաղուած տեսայ։Ու երբ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի.Թէեւ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի
7 Եւ դաշտի բոյսերուն պէս աճեցուցի։Դուն շատցար ու մեծցար,Կատարեալ գեղեցկութեան հասար։Ստինքներդ գոյացան ու մազերդ աճեցան,Բայց դուն մերկ ու անծածկոյթ էիր։
8 «Քու քովէդ անցայ ու քեզի նայեցայ,Ահա սիրոյ տարիքին մէջ էիր։Ես իմ քղանցքս քու վրադ տարածեցիԵւ քու մերկութիւնդ ծածկեցի։Երդում ընելով՝Քեզի հետ ուխտ ըրի, կ’ըսէ Տէր ԵհովանՈւ դուն իմս եղար։
9 Ապա քեզ ջուրով լուացի,Քու վրայէդ քու արիւնդ մաքրեցի,Քեզ իւղով օծեցի։
10 Քեզի ասեղնագործուած հանդերձ հագցուցիՈւ քեզի թէհաշի մորթէ շինուած մուճակներ հագցուցի։Քու մէջքդ բեհեզէ գօտի կապեցիՈւ քեզ մետաքսներով ծածկեցի։
11 Քեզ զարդերով զարդարեցի,Ձեռքերուդ վրայ ապարանջաններ դրիԵւ պարանոցէդ մանեակ կախեցի։
12 Քու քթիդ՝ օղակ,Ականջներուդ՝ գինտեր,Գլխուդ պարծանքի պսակ դրի։
13 Դուն ոսկիով ու արծաթով զարդարուեցարՈւ քու հանդերձներդ բեհեզ, մետաքս ու ասեղնագործուած էին։Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար,Խիստ շատ գեղեցկացարՈւ թագաւորութեան հասար։
14 Քու գեղեցկութեանդ համար քու անունդ ազգերուն մէջ տարածուեցաւ,Վասն զի կատարեալ եղար այն վայելչութեամբ,Որ քեզի շնորհած էի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
15 «Բայց դուն քու անուանդ պատճառովԵւ քու գեղեցկութեանդ ապաւինելով՝ շնութիւն ըրիր։Քու պոռնկութիւնդ ամէն անցնողի առջեւ թափեցիր եւ ինքզինքդ անոր յանձնեցիր։
16 Քու հանդերձներէդ առիր,Քեզի գոյնզգոյն զարդերով բարձր տեղեր շինեցիր,Անոնց վրայ շնութիւն ըրիր,Որոնց նմանը չեղաւ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։
17 Իմ քեզի տուած ոսկիէս ու արծաթէսՔու թանկագին զարդերդ առիր,Քեզի այր մարդու պատկերներ շինեցիրԵւ անոնցմով պոռնկացար։
18 Քու ասեղնագործ հանդերձներդ առնելով՝Զանոնք ծածկեցիրՈւ իմ իւղս ու խունկս անոնց առջեւ դրիր։
19 Քեզի տուած հացս,Քեզի կերցուցած նաշիհս, իւղս ու մեղրս ալԱնոնց առջեւ դրիր անոյշ հոտի համար»,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
20 «Ինծի համար ծնած տղաքներդ ու աղջիկներդ առիր,Զանոնք կերակուրի համար զոհ ըրիր անոնց։
21 Այս քու պոռնկութիւնդ քի՞չ բան է,Որ իմ տղաքներս մորթեցիր,Զանոնք անոնց տուիր՝ կրակէ անցընելով։
22 Քու բոլոր պղծութիւններուդ ու պոռնկութիւններուդ մէջՔու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր,Երբ մերկ ու անծածկոյթԵւ քու արեանդ մէջ թաղուած էիր։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՊՈՌՆԿՈՒԹԻՒՆ
23 «Այս բոլոր չարութիւններէդ ետքը(Վա՜յ քեզի, վա՜յ քեզի, կ’ըսէ Տէր Եհովան),
24 Դուն քեզի հանրատուն ալ շինեցիր,Ամէն հրապարակի մէջ քեզի բարձր տեղ շինեցիր։
25 Ամէն ճամբու գլուխ քեզի բարձր տեղեր շինեցիր,Քու գեղեցկութիւնդ զզուելի ըրիր,Ամէն անցնողի քու ոտքերդ բացիր,Քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։
26 Եւ քու հեշտասէր սահմանակիցներուդ՝Եգիպտոսի որդիներուն՝ հետ պոռնկութիւն ըրիրՈւ զիս սրդողցնելու համար քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։
27 Ուստի իմ ձեռքս քու վրադ երկնցուցի,Քու ռոճիկդ պակսեցուցի,Քեզ քու թշնամիներուդ, Փղշտացիներուն կամքին յանձնեցի,Որոնք քու անհամեստ վարմունքէդ ամչցան։
28 Դուն չկշտանալով՝ Ասորեստանի որդիներուն հետ ալ պոռնկութիւն ըրիր,Սակայն նորէն չկշտացար։
29 Քանանացիներու երկրէն մինչեւ Քաղդէացիներու երկիրըՔու պոռնկութիւնդ շատցուցիր,Բայց ասով ալ չկշտացար։
30 «Քու սիրտդ որչա՜փ տկար է, կ’ըսէ Տէր Եհովան,Որ այս ամէն բաները ըրիր,Անամօթ, պոռնիկ կնոջ պէս։
31 Ամէն ճամբու գլուխ հանրատուն շինեցիր,Քեզի ամէն հրապարակի մէջ բարձր տեղ ըրիր։Վարձքը անարգելով՝ պոռնիկ կնոջ պէս չեղար,
32 Հապա այն շնութիւն ընող կնոջ պէս եղար,Որ իր էրկանը տեղ օտարներ կ’առնէ։
33 Բոլոր հանրակիներուն վարձք կու տան,Բայց դուն բոլոր հոմանիներուդ քու վարձքերդ կու տաս։Այո՛, կաշառք կու տաս անոնց, որպէս զի ամէն կողմէ քեզի գանՔեզի հետ պոռնկութիւն ընելու համար։
34 Քու պոռնկութիւններուդ մէջ կիներուն եղածին ներհակը կ’ըլլայ քեզի,Վասն զի պոռնկութեան համար քու ետեւէդ եկող մարդ չկայ։Քու վարձքդ տալով եւ ուրիշէն վարձք չառնելով՝Դուն ուրիշներուն ներհակը եղար։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ
35 «Ասոր համար, ո՛վ պոռնիկ, Տէրոջը խօսքը լսէ՛,
36 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.‘Որովհետեւ քու նախատինքդ տարածուեցաւ,Քու պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդՔու հոմանիներուդ ու բոլոր գարշելի կուռքերուդ յայտնուեցաւ,Անոնց նուիրած տղոցդ արիւնը թափուեցաւ,
37 Անոր համար ահա ես պիտի հաւաքեմ քու բոլոր հոմանիներդ,Որոնց դուն հաճոյ եղար,Բոլոր անոնք, որ սիրեցիր ու բոլոր անոնք, որ ատեցիր.Զանոնք ամէն կողմէ քու վրադ պիտի հաւաքեմ,Քու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամԵւ անոնք քու մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։
38 Քեզ պիտի դատեմՇնութիւն ընող եւ արիւն թափող կիներուն դատաստանովըՈւ քեզի բարկութեամբ ու նախանձով արեան վճիռ պիտի տամ։
39 Քեզ անոնց ձեռքը պիտի տամ,Քու հանրատունդ պիտի փլցնեն,Քու բարձր տեղերդ պիտի աւերեն.Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն,Քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն,Քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն։
40 Քու վրադ բազմութիւն մը ոտքի պիտի հանեն,Քեզ պիտի քարկոծեն,Իրենց սուրերովը պիտի խոցոտեն,
41 Քու տուներդ կրակով պիտի այրեն,Շատ կիներու առջեւ քու վրադ դատաստանական վճիռներ պիտի գործադրեն.Քեզ պոռնկութիւն ընելէ պիտի դադրեցնեմՈւ անգամ մըն ալ վարձք պիտի չտաս։
42 Այսպէս պիտի դադրեցնեմ բարկութիւնս, որ քեզի դէմ է.Իմ նախանձս քեզմէ պիտի վերնայ,Պիտի հանդարտիմ ու ա՛լ պիտի չբարկանամ։
43 Որովհետեւ դուն քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր,Հապա այս բոլոր բաներով զիս սրդողցուցիր,Անոր համար ահա ես ալ քու գործերդ քու գլուխդ պիտի բերեմ,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։Դուն քու բոլոր պղծութիւններուդ վրայԱյս անառակութիւնը պիտի չաւելցնես։
ԻՆՉՊԷՍ ՄԱՅՐԸ՝ ՆՈՅՆՊԷՍ ԱՂՋԻԿԸ
44 «Ահա ամէն ով որ առակ կը գործածէ,Քու վրադ ալ առակ պիտի շինէ՝ ըսելով.‘Ինչպէս է մայրը, աղջիկն ալ այնպէս է’։
45 Դուն քու մօրդ աղջիկն ես,Որ իր ամուսինէն ու տղաքներէն զզուեցաւԵւ քու քոյրերուդ քոյրն ես,Որոնք իրենց ամուսիններէն ու տղաքներէն զզուեցան։Ձեր մայրը Քետացի ու ձեր հայրը Ամօրհացի է։
46 Քու մեծ քոյրդ Սամարիան է,Որ իր աղջիկներովը քու ձախ կողմդ կը բնակի։Քեզմէ պզտիկ քոյրդ Սոդոմն է,Որ իր աղջիկներովը քու աջ կողմդ կը բնակի։
47 Դուն անոնց ճամբաներուն մէջ չքալեցիր,Անոնց պղծութիւններուն պէս չըրիր.Հապա որպէս թէ անոնց ըրածը պզտիկ ու չնչին էր,Դուն քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ անոնցմէ աւելի ապականեցար։
48 Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան,Որ քու քոյրդ Սոդոմը, ինք ու իր աղջիկները, այնպէս չըրին,Ինչպէս դուն ու քու աղջիկներդ ըրիք։
49 Ահա քու քրոջդ Սոդոմին անօրէնութիւնը այս էր։Անիկա իր աղջիկներովըՀպարտութիւն, հացի կշտութիւն ու անհոգ հանգստութիւն ունեցաւ,Բայց աղքատին ու տնանկին չօգնեցին։
50 Հպարտացան եւ իմ առջեւս պղծութիւն ըրին։Զանոնք տեսածիս պէս մէկդի տարի։
51 Սամարիան քու մեղքերուդ կէսին չափ մեղք չգործեց։Դուն քու պղծութիւններդ անոնց պղծութիւններէն աւելի շատցուցիր։Քու ըրած բոլոր պղծութիւններովդՔու քոյրերդ արդարացուցիր։
52 Ու դուն, որ քու քոյրերդ դատապարտեցիր,Քու անարգանքդ կրէ քու մեղքերուդ համար, քանի որԴուն անոնցմէ աւելի պղծութիւն ըրիր։Անոնք քեզմէ արդար են,Իսկ դուն՝ քոյրերդ արդարացնելուդ համար՝Ամչցիր ու քու անարգանքդ կրէ։
ՍՈԴՈՄ ԵՒ ՍԱՄԱՐԻԱ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՆ
53 «Ու ես պիտի վերահաստատեմ անոնց գերութիւնը,Սոդոմին ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը,Սամարիային ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը.Անոնց հետ քու գերութիւնդ ալ պիտի հաստատեմ,
54 Որպէս զի քու անարգանքդ կրեսՈւ ամէն ըրածէդ ամչնաս՝Անոնց մխիթարութիւն ըլլալու համար։
55 Քու քոյրերդ Սոդոմն ու անոր աղջիկներըԻրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան։Սամարիան ու անոր աղջիկներն ալԻրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնանԵւ դուն ու քու աղջիկներդ ալՁեր առաջուան վիճակին պիտի դառնաք։
56 Վասն զի քու հպարտութեանդ օրըՔու քրոջդ Սոդոմին մասին բան մը չըսիր,
57 Քանի որ դեռ քու չարութիւնդ յայտնուած չէր,Ինչպէս հիմա յայտնուեցաւ՝ երբ Ասորիներու աղջիկներուն առջեւՈւ անոնց բոլորտիքը եղող բոլոր Փղշտացիներուն աղջիկներուն առջեւ մեղադրանքի առարկայ եղար։Անոնք ամէն կողմէ քեզ նախատեցին։
58 Քու անառակութիւններուդ եւ պղծութիւններուդ պատիժըԴուն կրեցիր, կ’ըսէ Տէրը։
ՈՒԽՏ ՄԸ, ՈՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Է
59 «Ահա Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.Քու ըրածիդ համեմատ պիտի ընեմ քեզի,Քանի որ երդումը անարգեցիր եւ ուխտը աւրեցիր։
60 Բայց ես քու մանկութեանդ օրերը քեզի հետ ըրած ուխտս պիտի յիշեմ,Քեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի հաստատեմ.
61 Այն ատեն դուն քու ճամբաներդ պիտի յիշեսՈւ պիտի ամչնաս՝ երբ ընդունիս քեզմէ մեծ եւ քեզմէ պզտիկ քոյրերդ,Երբ զանոնք քեզի աղջիկներու տեղ տամ,Բայց ո՛չ թէ քու ուխտովդ,
62 Հապա իմ ուխտս պիտի հաստատեմԵւ պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը.
63 Որպէս զի յիշես ու ամչնասԵւ ամչնալուդ պատճառով այլեւս բերանդ չբանաս։Այն ատեն ես ալՔու ըրած բոլոր գործերուդ համարՔեզի քաւութիւն պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։