ԵԶԵԿԻԷԼԻ 35։1-15

35  Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.  «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սէիր լերանը վրայ դարձուր ու անոր դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛  Եւ անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սէիր լեռ, ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ ու քեզ բոլորովին պիտի ամայացնեմ։  Քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ եւ դուն ամայի պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։  «Որովհետեւ դուն հին օրերէն ատելութիւն ունեցար ու Իսրայէլի որդիները, իրենց պատուհասուած ժամանակը, անօրէնութեան ժամանակը լրանալուն, սուրին ձեռքը մատնեցիր,  Անոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քեզ արեան մէջ պիտի դնեմ եւ արիւնը քեզ պիտի հալածէ. քանի որ արիւնը չատեցիր, այն արիւնը քեզ պիտի հալածէ։  Սէիր լեռը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ եւ անկէ անցնողն ու դարձողը պիտի սպաննեմ։  Ու անոր լեռները իր սպաննուածներովը պիտի լեցնեմ։ Քու բլուրներուդ վրայ, քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սուրով սպաննուածներ պիտի իյնան։  Քեզ յաւիտենապէս պիտի ամայացնեմ եւ քու քաղաքներուդ մէջ անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ 10  «Որովհետեւ դուն ըսիր թէ ‘Այս երկու ազգը ու այս երկու երկիրը իմս պիտի ըլլան ու անոնց պիտի տիրենք’ (թէեւ Տէրը հոն էր). 11  Անոր համար, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քու թշնամութիւնովդ անոնց դէմ գործադրուած բարկութեանդ ու նախանձիդ չափովը հատուցում պիտի ընեմ եւ քու դատաստանդ տեսած ատենս անոնք պիտի ճանչնան զիս։ 12  Ու պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս՝ լսեցի քու բոլոր հայհոյութիւններդ, որոնք Իսրայէլի լեռներուն դէմ գործածեցիր՝ ըսելով. ‘Անոնք աւերակ եղան, անոնք մեզի կերակուր տրուեցան’ 13  Եւ ձեր բերնովը ինծի դէմ հպարտացաք ու խօսքերնիդ ինծի դէմ շատցուցիք։ Ես զանոնք լսեցի»։ 14  Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին ուրախութեան ատենը քեզ պիտի ամայացնեմ։ 15  Եւ ինչպէս դուն Իսրայէլի տանը ժառանգութեանը վրայ ուրախացար, երբ ամայացաւ, քեզի ալ այնպէս պիտի ընեմ։ Դո՛ւք, ո՛վ Սէիր լեռ ու Եդովմ, բոլորովին պիտի ամայանաք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

Ստորանիշներ