ԵԶԵԿԻԷԼԻ 36։1-38
36 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի լեռներուն մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
2 Որովհետեւ թշնամին ձեզի համար ըսաւ՝ «Վա՜շ, յաւիտենական բլուրներն ալ մեզի ժառանգութիւն եղան»’,
3 Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեզ աւերեցին ու ամէն կողմէ ճնշուեցաք, այնպէս որ մնացած ազգերուն սեփականութիւն եղաք ու դուք լեզուանի մարդոց խօսքի առարկան ու ժողովուրդին նախատինքը եղաք.
4 Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէ՛ք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն եւ ամայի եղած աւերակներուն ու պարապ թողուած քաղաքներուն, որոնք շրջակայ ազգերուն մնացորդին յափշտակութիւն ու նախատինք եղած են։
5 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մնացած ազգերուն համար ու Եդովմին համար անշուշտ իմ նախանձիս կրակովը խօսեր եմ, վասն զի անոնք սրտի ուրախութեամբ ու հոգիի հպարտութեամբ իմ երկիրս իրենց սեփականացուցին եւ զանիկա աւարի պէս յափշտակեցին’։
6 Անոր համար Իսրայէլի երկրին վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ եւ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ազգերէն նախատինք կրեցիք, ահա ես ալ իմ նախանձովս ու իմ բարկութիւնովս խօսեցայ’։
7 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես իմ ձեռքս վերցուցի, որ ձեր բոլորտիքը եղող ազգերը իրենց անարգանքը կրեն։
8 Բայց դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, ձեր ճիւղերը պիտի երկնցնէք ու իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, վասն զի անոնք մօտերս պիտի գան։
9 Քանզի ահա ես ձեր կողմէն եմ ու ձեզի պիտի դառնամ եւ դուք պիտի մշակուիք ու պիտի սերմանուիք
10 Ու ձեր վրայ մարդիկ՝ Իսրայէլի տունը՝ պիտի շատցնեմ ու քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն։
11 Ձեր վրայ մարդն ու անասունը պիտի շատցնեմ։ Անոնք պիտի շատնան ու պտղաբեր պիտի ըլլան եւ ձեր առաջուան կացութեանը պէս ձեր մէջ պիտի բնակին ու ձեր առաջուան վիճակէն աւելի աղէկ պիտի ընեմ ձեզ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
12 Եւ ձեր վրայ մարդիկ՝ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը՝ պիտի պտըտցնեմ։ Անոնք քեզ պիտի ժառանգեն եւ դուն անոնց ժառանգութիւն պիտի ըլլաս ու անգամ մըն ալ զանոնք պիտի չսպառես*’։
13 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ քեզի համար կ’ըսեն թէ ‘Դուն մարդակեր երկիր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր’,
14 Անոր համար անգամ մըն ալ մարդ պիտի չուտես ու անգամ մըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
15 Անգամ մըն ալ ազգերու նախատինք պիտի չլսուի եւ անգամ մըն ալ ժողովուրդներու անարգանքը պիտի չկրես եւ քու ազգերդ պիտի չսպառես’։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ
16 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ,
17 Երբ Իսրայելացիները իրենց երկրին մէջ բնակեցան, զանիկա իրենց ճամբայովը եւ գործերովը պղծեցին։ Անոնց ճամբան իմ առջեւս անմաքուր կնոջ մը պղծութեան պէս եղաւ,
18 Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ որ իրենք թափեցին երկրի վրայ ու զանիկա իրենց կուռքերովը պղծեցին։
19 Զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի ու երկիրներու մէջ ցիրուցան եղան։ Զանոնք իրենց ճամբուն ու գործերուն համեմատ դատեցի
20 Եւ իրենց գացած ազգերուն մէջ երթալնուն պէս՝ իմ սուրբ անունս պղծեցին, երբ իրենց համար ըսուեցաւ թէ ‘Ասոնք Եհովային ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն ելան’։
21 Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անուանս համար, որը պղծեցին այն ազգերուն մէջ, ուր մտան»։
22 «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛չ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։
23 Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ պղծեցիք ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ սրբուիմ։
24 Ձեզ ազգերէն պիտի առնեմ ու բոլոր երկիրներէն ձեզ պիտի հաւաքեմ ու ձեզ ձեր երկիրը պիտի բերեմ։
25 Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ ու պիտի մաքրուիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ու ձեր բոլոր կուռքերէն ձեզ պիտի մաքրեմ։
26 Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։
27 Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք։
28 Եւ պիտի բնակիք այն երկիրներուն մէջ, որ ձեր հայրերուն տուի ու դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ։
29 Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ ու ցորենը պիտի կանչեմ եւ զանիկա պիտի շատցնեմ ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ։
30 Ծառերուն պտուղն ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ազգերու մէջ սովի նախատինք չկրէք։
31 Ձեր գէշ ճամբաները եւ չար գործերը պիտի յիշէք ու ձեր անօրէնութիւններուն համար եւ ձեր պղծութիւններուն համար դուք ձեր անձերէն պիտի զզուիք։
32 Չէ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ձեզի յայտնի ըլլայ եւ ձեր ճամբաներէն ամչցէք ու շփոթեցէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’։
33 «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն ձեզ մաքրեմ, քաղաքներուն մէջ մարդ պիտի բնակի ու աւերակները պիտի շինուին։
34 Ամայի երկիրը, ամէն անցնողի աչքերուն առջեւ ամայի մնալու տեղ, պիտի մշակուի’։
35 Ու պիտի ըսեն՝ ‘Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ եւ աւերակ, ամայի ու փլած քաղաքները պարսպապատ ու մարդաբնակ եղան’։
36 Ու ձեր բոլորտիքը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ փլածները կը շինեմ ու ամայացած երկիրը կը շէնցնեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ’»։
37 «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տանը խնդրանքը պիտի ընդունիմ, անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի շատցնեմ։
38 Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հանդիսաւոր տօներուն հօտին պէս, աւերուած քաղաքները մարդոց հօտերով այնպէս պիտի լեցուին, որ գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։
Ստորանիշներ
^ 36։12 Եբր., անզաւակ պիտի չընես