ԵԶԵԿԻԷԼԻ 39։1-29
39 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Գոգին վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։
2 Ես քեզ պիտի շրջապատեմ, քեզ պիտի տանիմ եւ հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ։
3 Քու աղեղդ քու ձախ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ։ Քու նետերդ աջ ձեռքէդ վեր պիտի նետեմ։
4 Դուն քու բոլոր գունդերովդ ու քեզի հետ եղող ժողովուրդներով Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս։ Քեզ ամէն տեսակ թեւ ունեցող գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր պիտի տամ։
5 Դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
6 Մագոգի վրայ ու կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։
7 Եւ իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ ու պիտի չթողում որ անգամ մըն ալ իմ սուրբ անունս պղծուի։ Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը՝ Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։
8 Ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Իմ որոշած օրս ասիկա է։
9 Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները պիտի ելլեն ու կրակ պիտի վառեն ու զէնքերը պիտի այրեն։ Ասպարներով, վահաններով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։
10 Դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ո՛չ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն։ Զիրենք թալլողները պիտի թալլեն ու զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ԳՈԳԻ ԹԱՂՈՒՄԸ
11 Այն օրը Իսրայէլի մէջ Գոգին գերեզմանի տեղ պիտի տամ Անցորդներու Ձորը՝ ծովուն արեւելեան կողմը։ Անիկա անցորդները պիտի արգիլէ ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն եւ զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը պիտի կոչեն։
12 Իսրայէլի որդիները երկիրը մաքրելու համար եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն։
13 Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղեն։ Ասիկա անոնց անուն մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ որպէս զի ես փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
14 Ու մարդիկ պիտի որոշեն՝ որ շարունակ երկրին մէջ պտըտին ու անցնողներուն հետ՝ երկրի երեսին վրայ մնացածները թաղեն, որպէս զի զանիկա մաքրեն. անոնք եօթը ամիս ետքը պիտի փնտռեն։
15 Ու երկրին մէջէն անցնողները անցած ատեննին երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշան մը պիտի դնեն, որպէս զի թաղողները զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը թաղեն։
16 Ու քաղաքին անունն ալ Համոնա* պիտի ըլլայ։ Այսպէս երկիրը պիտի մաքրեն։
17 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տեսակ թեւաւոր թռչունի ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ՛. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ձեզի համար կատարած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին։ Ամէն կողմէ մօտեցէ՛ք, որպէս զի միս ուտէք ու արիւն խմէք։
18 Զօրաւորներուն միսը ուտէք ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք՝ խոյերու, գառներու, նոխազներու եւ զուարակներու, որոնք Բասանի գէր անասուններ են։
19 Ձեզի համար կատարած զոհէս՝ մինչեւ որ կշտանաք ճարպ պիտի ուտէք ու մինչեւ որ գինովնաք՝ արիւն պիտի խմէք։
20 Իմ սեղանիս վրայ ձիերէն ու կառքի անասուններէն, զօրաւորներէն ու ամէն պատերազմող մարդէն պիտի կշտանաք»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
21 Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Ազգերու մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ ու բոլոր ազգերը իմ ըրած դատաստաններս ու անոնց վրայ դրած ձեռքս պիտի տեսնեն։
22 Ու Իսրայէլի տունը այն օրէն յետոյ պիտի գիտնան թէ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ։
23 Եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը՝ իրենց անօրէնութեանը եւ ինծի ապստամբ ըլլալնուն համար՝ գերի եղաւ ու ես իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի։ Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը տուի ու ամէնքը սուրով ինկան։
24 Իրենց պղծութեանը համեմատ ու իրենց յանցանքներուն համեմատ իրենց հատուցում ըրի ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի’։
25 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Հիմա Յակոբը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի ողորմիմ։ Իմ սուրբ անուանս համար նախանձախնդիր պիտի ըլլամ։
26 Երբ անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու վախցնող մը չըլլայ, այն ատեն իրենց անարգանքը ու իրենց ինծի դէմ ըրած բոլոր յանցանքները պիտի կրեն։
27 Երբ զանոնք ժողովուրդներէն դարձնեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրներէն հաւաքեմ, այն ատեն անոնց մէջ շատ ազգերու աչքերուն առջեւ պիտի սրբուիմ
28 Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ անոնց Տէր Աստուածը. որովհետեւ զանոնք ազգերու մէջ գերի քշեցի ու զանոնք նորէն իրենց երկիրը դարձուցի եւ հոն մարդ մը չթողուցի։
29 Անգամ մըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ, քանզի իմ Հոգիս Իսրայէլի տանը վրայ թափեցի’»։
Ստորանիշներ
^ 39։16 Այսինքն, բազմութիւն