ԵԼԻՑ 17։1-16
17 Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ Սին անապատէն չուեցին եւ Ռափիդիմի մէջ բանակ դրին։ Հոն ժողովուրդին խմելու ջուր չկար։
2 Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի ջուր տուր, որ խմենք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք»։
3 Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս»։
4 Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու»։
5 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛։
6 Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ։ Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ»։ Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ։
7 Այն տեղին անունը Մասսա ու Մերիպա* դրաւ. վասն զի Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է»։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԷԿԻ ՀԵՏ
8 Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ։
9 Մովսէս ըսաւ Յեսուին. «Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկին հետ պատերազմելու ելի՛ր. վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով»։
10 Յեսու Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ ու Ամաղէկին հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս, Ահարոն ու Ովր բլուրին գլուխը ելան։
11 Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։
12 Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։
13 Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը։
14 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր*՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։
15 Մովսէս սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովանիսի* դրաւ
16 Ու ըսաւ. «Քանզի Տէրը երդում ըրաւ*՝ ըսելով թէ՝ ‘Տէրը ազգէ ազգ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ’»։
Ստորանիշներ
^ 17։7 Այսինքն, փորձութիւն ու վիճաբանութիւն
^ 17։14 Եբր., ականջներուն մէջ դիր
^ 17։15 Այսինքն, Տէրը իմ դրօշակս է
^ 17։16 Եբր., Քանզի Տէրը իր աթոռին վրայ ձեռք վերցնելով երդում ըրաւ, կամ, Որովհետեւ ձեռք վերցուց Տէրոջը աթոռին դէմ