ԵՍԱՅԵԱՅ 51։1-23
51 «Դո՛ւք, արդարութեան հետեւողներ,Տէրը փնտռողներ, ինծի մտի՛կ ըրէք.Այն վէմին նայեցէ՛ք, ուրկէ կոփուեցաք,Այն գուբին՝ ուրկէ հանուեցաք։
2 Ձեր հօրը ԱբրահամինՈւ ձեզ ծնանող Սառային նայեցէ՛ք.Քանզի երբ մէկ հատ էր, զանիկա կանչեցիԵւ զանիկա օրհնեցի ու բազմացուցի։
3 Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ.Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ,Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս,Անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ։Անոր մէջ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն,Գովութեան եւ օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի։
4 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ինծի մտի՛կ ըրէ,Ո՛վ իմ ազգս, ինծի ունկնդրէ.Քանզի ինձմէ օրէնք պիտի ելլէ,Իմ իրաւունքս ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար պիտի հաստատեմ։
5 Իմ արդարութիւնս մօտ է, իմ փրկութիւնս ելած է։Իմ բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն.Կղզիները ինծի պիտի յուսանԵւ իմ բազուկիս պիտի ապաւինին։
6 Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք դէպի երկինքը,Վա՛ր նայեցէք դէպի երկիրը,Քանզի երկինք ծուխի պէս պիտի անցնիՈւ երկիրը հանդերձի պէս պիտի մաշի։Նմանապէս* անոր բնակիչներն ալ պիտի մեռնին,Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայՈւ իմ արդարութիւնս պիտի չպակսի։
7 Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներԵւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ.Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք,Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք։
8 Վասն զի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէսԵւ մեցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս,Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտեան պիտի մնայՈւ իմ փրկութիւնս ազգէ ազգ պիտի ըլլայ»։
9 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ով Տէրոջը բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր։Արթնցի՛ր հին օրերուն պէս,Անցած դարերուն պէս։Դուն անիկա չե՞ս, որ Ռահաբը ջարդեցիրՈւ վիշապը վիրաւորեցիր։
10 Դուն անիկա չե՞ս, որ ծովը,Մեծ անդունդին ջուրերը, ցամքեցուցիր,Ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ բացիր,Որպէս զի փրկուածները անկէ անցնին։
11 Տէրոջը փրկածները պիտի դառնանՈւ երգերով Սիօն պիտի գան։Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան,Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
12 «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէնՈւ խոտի նմանող մարդու զաւակէն կը վախնաս։
13 Քեզ՝ ստեղծող, երկինքները տարածողՈւ երկրին հիմերը դնող Տէրը կը մոռնասՈւ բռնաւորին սրտմտութենէն ամէն օր կը վախնաս,Իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է.Բայց հիմա ո՞ւր է բռնաւորին սրտմտութիւնը.
14 Կապուածը շուտով պիտի արձակուի,Գուբին մէջ պիտի չմեռնի,Իր հացը պիտի չպակսի,
15 Քանզի քու Տէր Աստուածդ ե՛ս եմ,Որ ծովը կը յուզեմ, այնպէս որ ալիքները կը գոռան։Իմ անունս Եհովա Սաբաւովթ է։
16 Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի,Քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի,Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմԵւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’։
17 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու ելի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմ,Որ Տէրոջը ձեռքէն անոր բարկութեանը բաժակը խմեցիր,Թմրութեան բաժակին մրուրը քամելով խմեցիր։
18 Անոր բոլոր ծնած որդիներէն՝ իրեն առաջնորդ չկայՈւ բոլոր մեծցուցած տղաքներէն՝ իրեն ձեռնտու չկայ։
19 Երկու բաներ քեզի պատահեցան,Ո՞վ քեզի պիտի ցաւակցի.Կործանում ու կոտորած, սով ու սուր։Քեզ ինչո՞վ մխիթարեմ։
20 Քու տղաքդ նուաղած են,Փողոցներուն գլուխը կը պառկինՈրոգայթի մէջ բռնուած յամոյրի պէս։Անոնք Տէրոջը բարկութիւնովը,Քու Աստուծոյդ յանդիմանութիւնովը լեցուած են։
21 Ուրեմն մտիկ ըրէ՛, ո՛վ ողորմելի,Որ արբած ես, բայց ոչ գինիէն.
22 Այսպէս կ’ըսէ քու Եհովա ՏէրդԵւ քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին դատը կը պաշտպանէ.«Ահա քու ձեռքէդ՝ թմրութեան բաժակը,Իմ բարկութեանս բաժակին մրուրը առի.Զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չխմես։
23 Զանիկա քեզ հարստահարողներուն ձեռքը պիտի տամ,Որոնք քու անձիդ կ’ըսէին՝ ‘Ծռէ՛, որպէս զի անցնինք’Ու դուն կռնակդ՝ անցնողներուն համար՝Գետնի պէս ու փողոցի պէս դրիր»։
Ստորանիշներ
^ 51։6 Կամ, Մժեղի պէս