ԵՍԱՅԵԱՅ 8։1-22

8  Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ եւ անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ՝ ‘Մահէր–Շալալ–Հաշ–Պազին մասին»։  Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան։  Մերձեցայ մարգարէուհիին ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը Մահէր–Շալալ–Հաշ–Պազ* դիր.  Վասն զի դեռ տղան «Հայրս եւ մայրս» կանչելը չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿՈՒ ԳԱՅ  Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.  «Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ’արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի,   Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը,Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը*, պիտի հանէԵւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէՈւ իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ։   Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայՈւ մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնիԵւ անոր թեւերուն տարածութիւնըՔու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։   Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք*, բայց պիտի խորտակուիք.Ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք,Պատրաստուեցէ՛ք*, բայց պիտի խորտակուիք.Պատրաստուեցէ՛ք*, բայց պիտի խորտակուիք. 10  Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի.Խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի.Քանզի Աստուած մեզի հետ է։ ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ՄԱՐԳԱՐԷՆ 11  Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծիՈւ խրատեց զիս՝ թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել՝ ըսելով. 12  «Դաւադրութիւն մի՛ ըսէքԻնչ բանի որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կ’ըսէ։Անոր վախովը մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք։ 13  Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք*,Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը։ 14  Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ,Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն՝Գայթակղութեան քար եւ գլորելու վէմՈւ Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ։ 15  Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին,Ու իյնալով պիտի խորտակուինԵւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։ ՄԵՌԵԼԱՀԱՐՑՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ 16  Վկայութիւնը կապէ,Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ։ 17  Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը,Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր էՈւ անոր պիտի յուսամ։ 18  Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ,Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝Սիօն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջը կողմանէ։ 19  Ու երբ ձեզի ըսեն թէ՝«Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներունԵւ նշանագէտներուն հարցուցէք»,Այն ատեն ըսէք թէԺողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞.Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ։ 20  Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն,Եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին,Անոնք ամենեւին լոյս չունին։ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ 21  Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէՈւ երբ անօթենայ, պիտի բարկանայՈւ իր թագաւորին եւ իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ ու վեր նայի 22  Եւ դէպի երկիր պիտի նայիԵւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ։Դէպի մառախուղ պիտի քշուին։

Ստորանիշներ

8։3 Այսինքն, արտորալով ասպատակէ ու շուտով կողոպուտ հաւաքէ
8։7 Եբր., փառքը
8։9 Կամ, ցնծութիւն ըրէք
8։9 Եբր., Գօտի կապեցէք
8։9 Եբր., Գօտի կապեցէք
8։13 Եբր., սրբեցէք