ԵՐԵՄԵԱՅ 36։1-32
36 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով.
2 «Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսելու սկսած օրէս Յովսիային օրերէն մինչեւ այսօր Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով եւ բոլոր ազգերուն վրայով խօսեցայ։
3 Կարելի է, որ Յուդայի տունը լսէ այն բոլոր չարիքը, որ ես մտադրած եմ անոնց ընել, որպէս զի ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ եւ ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։
4 Երեմիա Ներիային որդին Բարուքը կանչեց։ Բարուք Երեմիային բերնէն Տէրոջը անոր ըսած բոլոր խօսքերը այն գրքի տոմսին վրայ գրեց։
5 Երեմիա Բարուքին պատուիրեց ու ըսաւ. «Ես այս տեղ արգելափակուած եմ, չեմ կրնար Տէրոջը տունը երթալ,
6 Ուստի դուն գնա՛ ու ծոմապահութեան օրը Տէրոջը տանը մէջ ժողովուրդին ականջներուն տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը խօսքերը կարդա՛, նաեւ իրենց քաղաքներէն եկող բոլոր Յուդայի ականջներուն կարդա՛,
7 Թերեւս Տէրոջը առջեւ իյնալով աղօթք ընեն* եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. քանզի մեծ է այն բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը, որ Տէրը այս ժողովուրդին համար վճռեց»։
8 Ու Ներիային որդին Բարուքը Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ եւ այն տոմսէն Տէրոջը խօսքերը կարդաց Տէրոջը տանը մէջ։
9 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին հինգերորդ տարուան իններորդ ամիսը, բոլոր Երուսաղէմի ժողովուրդին ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող բոլոր ժողովուրդին, Տէրոջը առջեւ ծոմապահութիւն քարոզեցին։
10 Բարուք Սափան դպիրին որդիին Գամարիային սենեակը, Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը, վերի գաւիթին մէջ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսէն Երեմիային խօսքերը կարդաց։
ՏՈՄՍԸ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ
11 Սափանին որդիին Գամարիային որդին Միքան, երբ տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը բոլոր խօսքերը լսեց,
12 Թագաւորին տունը դպիրին սենեակը իջաւ։ Բոլոր իշխանները, Եղիսամա դպիրը, Սեմայիային որդին Դաղայիան ու Աքոբորին որդին Եղնաթանը եւ Սափանին որդին Գամարիան ու Անանիային որդին Սեդեկիան եւ բոլոր իշխանները հոն նստեր էին։
13 Միքիան անոնց յայտնեց այն բոլոր խօսքերը, որոնք լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսը կը կարդար։
14 Բոլոր իշխանները Քուսիին որդիին Սեղեմիային որդիին Նաթանիային որդին Յուդինը Բարուքին ղրկեցին՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած տոմսդ ա՛ռ ու հոս եկուր»։ Ուստի Ներիային որդին Բարուքը տոմսը առաւ ու անոնց գնաց։
15 Անոնք ըսին իրեն. «Կ’աղաչենք, նստէ՛ ու մեր առջեւ ալ կարդա՛ զանիկա»։ Բարուք անոնց առջեւ կարդաց։
16 Երբ այն բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան ու Բարուքին ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի պատմենք»։
17 Բարուքին հարցուցին. «Շնորհք ըրէ՛, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերնէն»։
18 Բարուք անոնց ըսաւ. «Այս խօսքերը անիկա ինծի իր բերնովը ըսաւ ու ես զանոնք մելանով այս տոմսին վրայ գրեցի»։
19 Այն ատեն իշխանները Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ»։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ՎԱՌԷ
20 Անոնք սրահը թագաւորին մտան, բայց տոմսը Եղիսամա դպիրին սենեակին մէջ պահեր էին։ Այս բոլոր խօսքերը թագաւորին ալ պատմեցին։
21 Թագաւորը Յուդին ղրկեց, որ այն տոմսը բերէ։ Ան ալ զանիկա Եղիսամա դպիրին սենեակէն առաւ եւ թագաւորին ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխաններուն առջեւ կարդաց։
22 Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատանը մէջ նստած էր ու առջեւը վառուած կրակարան մը կար։
23 Երբ Յուդին երեք կամ չորս երես կարդաց, զանիկա զմելիով կտրեց ու կրակարանին կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ բոլոր տոմսը կրակարանին կրակին մէջ սպառեցաւ։
24 Թագաւորն ու անոր բոլոր ծառաները, որոնք այս բոլոր խօսքերը կը լսէին, չվախցան, ո՛չ ալ հանդերձնին պատռեցին.
25 Եւ Եղնաթանը, Դաղայիան ու Գամարիան թագաւորին աղաչեցին, որ տոմսը չայրէ, բայց անոնց մտիկ չըրաւ։
26 Եւ թագաւորը՝ իր որդիին Յերամէլին ու Եզրիէլի որդիին Սարայիային ու Աբդիէլին որդիին Սեղեմիային հրամայեց, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք պահեց։
ԵՐԵՄԻԱ ՈՒՐԻՇ ՏՈՄՍ ՄԸ ԿԸ ԳՐԷ
27 Թագաւորը այն տոմսը ու Երեմիային բերնէն Բարուքին գրած խօսքերը այրելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով.
28 «Նորէն գնա՛, քեզի ուրիշ տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ առաջուան խօսքերը, որոնք Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած տոմսին մէջ կային։
29 Եւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն այդ տոմսը այրեցիր, ըսելով թէ «Ինչո՞ւ համար անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ ու այս երկիրը պիտի աւերէ եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի վերցնէ»’»։
30 Անոր համար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին վրայով այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա Դաւիթին աթոռին վրայ նստող մարդ պիտի չունենայ եւ անոր մեռելը ցորեկը տաքի մէջ ու գիշերը ցուրտի մէջ պիտի ձգուի։
31 Զինք եւ իր սերունդը ու իր ծառաները պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար եւ անոնց վրայ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ ու Յուդայի մարդոցը վրայ պիտի բերեմ այն չարիքը, որ անոնց յայտնեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին»։
32 Երեմիա ուրիշ տոմս մը առաւ ու զանիկա Ներիայի որդիին Բարուք դպիրին տուաւ։ Անիկա ալ անոր վրայ Երեմիային բերնէն՝ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց ու անոնց վրայ անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր աւելցան։
Ստորանիշներ
^ 36։7 Եբր., անոնց աղօթքը Տէրոջը առջեւ իյնայ