ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2։1-22
2 Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց։
2 Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։
3 Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ.
4 Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց,
5 Երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, (դուք շնորհքով փրկուած էք,)
6 Անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով,
7 Որպէս զի գալու դարերուն մէջ ցուցնէ իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսով մեզի ցուցուցած քաղցրութիւնովը։
8 Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է.
9 Ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ.
10 Վասն զի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար։ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէս զի անոնց մէջ քալենք։
ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՄԷԿ
11 Ուստի մտքերնիդ բերէք թէ դուք ատեն մը մարմնով հեթանոսներ ըլլալով, որոնք անթլփատուած կը սեպուին անոնցմէ՝ որոնք թլփատուած կը կոչեն ինքզինքնին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած,
12 Որ այն ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք ու հեռացած էիք Իսրայէլի հասարակութենէն եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն ու յոյս մըն ալ չունէիք եւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք։
13 Բայց հիմա Քրիստոս Յիսուսով դուք որ ատեն մը հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսին արիւնովը։
14 Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ ըրաւ ու մէջտեղի բաժանող պատը, այսինքն իրարու հետ եղած թշնամութիւնը, իր մարմնովը քակեց
15 Եւ հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց. որպէս զի իրմով այն երկուքին տեղ նոր մարդ մը ստեղծէ ու ասով խաղաղութիւն ընէ
16 Եւ երկուքն ալ մէկ մարմին եղած՝ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ իր խաչովը. վասն զի անով սպաննեց թշնամութիւնը
17 Եւ եկաւ խաղաղութիւն քարոզեց ձեզի, որ հեռուն էիք ու անոնց՝ որ մօտ էին։
18 Քանզի անոր ձեռքով մենք երկուքս ալ մէկ Հոգիով՝ Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք։
19 Ուրեմն ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները եւ Աստուծոյ ընտանիքը՝
20 Առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է.
21 Որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով.
22 Որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով։