ԶԱՔԱՐԵԱՅ 3։1-10

3  Տէրը ինծի ցուցուց մեծ քահանան՝ Յեսուն, որ Տէրոջը հրեշտակին առջեւ կայներ էր ու Սատանան անոր աջ կողմը կայներ էր՝ անոր դէմ դնելու համար։  Տէրը Սատանային ըսաւ. «Տէրը թող քեզ յանդիմանէ, ո՛վ Սատանայ։ Երուսաղէմը ընտրող Տէրը թող քեզ յանդիմանէ. միթէ ասիկա կրակէ հանուած խանձող չէ՞»։  Յեսու աղտոտ հանդերձներ հագեր էր ու հրեշտակին առջեւ կը կայնէր։  Հրեշտակը իր առջեւ կայնողներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աղտոտ հանդերձները ատոր վրայէն հանեցէ՛ք»։ Անոր ալ ըսաւ. «Նայէ՛, քու անօրէնութիւնդ վրայէդ վերցուցի ու քեզի պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»։  Ու ես ըսի. «Անոր գլուխը մաքուր խոյր թող դնեն»։ Անոր գլուխը մաքուր խոյր դրին ու անոր հանդերձներ հագցուցին ու Տէրոջը հրեշտակը կայներ էր։  Տէրոջը հրեշտակը Յեսուին վկայութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.  ‘Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու իմ հրամաններս պահես, այն ատեն դուն իմ տունս պիտի կառավարես եւ իմ սրահներս պիտի պահես։ Քեզի այս ներկաներուն մէջէն գործակիցներ* պիտի տամ’։  Հիմա մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յեսու մեծ քահանայ, դուն ու քու առջեւդ նստող բարեկամներդ, քանզի անոնք իբր նշան տրուած մարդիկ են։ Վասն զի ահա ես իմ ծառաս Շառաւիղը պիտի բերեմ։  Եւ Յեսուին առջեւ դրուած քարին վրայ եօթը աչք պիտի ըլլայ։ Ես անոր վրայ արձանագրութիւն մը պիտի փորագրեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Այն երկրին անօրէնութիւնը մէկ օրուան մէջ պիտի վերցնեմ։ 10  Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, ձեզմէ ամէն մէկը իր դրացին իր որթատունկին ու թզենիին տակ պիտի հրաւիրէ»։

Ստորանիշներ

3։7 Կամ, մէջ ճեմելիքներ