ԶԱՔԱՐԵԱՅ 5։1-11

5  Դարձայ ու աչքերս վերցնելով տեսայ թռչող տոմս մը։  Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ըսի. «Թռչող տոմս մը կը տեսնեմ։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասը կանգուն»։  Ինծի ըսաւ. «Ասիկա բոլոր երկրի երեսին վրայ ելլող անէծքն է, քանզի ամէն գողութիւն ընող այս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի ու ամէն երդում ընող միւս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի»։  «Զանիկա ե՛ս կը հանեմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, որը գողին տունը եւ իմ անունովս սուտ երդում ընողին տունը պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա իր փայտերովը ու քարերովը պիտի սպառէ»։ ԿՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋԻ ԿՆՈՋ ՏԵՍԻԼՔԸ  Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ ու ինծի ըսաւ. «Հիմա աչքերդ վերցո՛ւր ու տե՛ս թէ այս ելլողը ի՞նչ է»։  Ես ըսի. «Ի՞նչ է»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այս ելլողը արդու է ու բոլոր երկրի վրայ անոնց անիրաւութիւնը ասիկա է»։  Ահա կապարեայ ծածկոց մը վերցուեցաւ ու կին մը արդուին մէջ կը նստէր։  Եւ ան ըսաւ. «Այս է չարութիւնը» ու զանիկա արդուին մէջ ձգեց եւ այն կապարեայ ծածկոցը այն արդուին բերանը ձգեց։  Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու կին ելան։ Հովը անոնց թեւերուն մէջ էր։ Անոնք արագիլի թեւերու նման թեւեր ունէին։ Անոնք արդուն երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուցին։ 10  Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ո՞ւր կը տանին արդուն»։ 11  Անիկա ինծի ըսաւ. «Կը տանին, որ անոր տուն շինեն Սենաար երկրին մէջ։ Հոն պիտի հաստատուի եւ հոն իր խարսխին վրայ պիտի դրուի»։

Ստորանիշներ