ԹՈՒՈՑ 35։1-34

35  Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեանը կալուածքէն Ղեւտացիներուն բնակելու քաղաքներ տան. նաեւ քաղաքներուն բոլորտիքը եղած արուարձանները տան Ղեւտացիներուն։  Եւ քաղաքները՝ բնակութեան համար, իսկ արուարձանները անոնց արջառներուն հօտերուն ու բոլոր անասուններուն համար։  Ու Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներուն արուարձանները քաղաքին պարիսպէն դուրս, շուրջանակի հազարական կանգուն ընդարձակութիւն պէտք է ունենան։  Ուստի քաղաքին դուրսը արեւելեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն ու հիւսիսային կողմէն երկու հազար կանգուն պէտք է չափէք, իսկ քաղաքը մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Անոնց քաղաքներուն արուարձանները այսպէս ըլլալու են։  Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներէն վեցը իբր ապաստանի քաղաք որոշեցէք, որպէս զի սպաննողը հոն փախչի։ Ասոնցմէ զատ քառասունըերկու քաղաք ալ տուէք։  Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքները քառասունըութը հատ ըլլալու են, իրենց արուարձաններով։  Եւ այն քաղաքները, որոնք Իսրայէլի որդիներուն կալուածքէն պիտի տաք, շատուոր եղողէն՝ շատ, քիչուոր եղողէն քիչ պէտք է առնէք։ Ամէն մէկը իր առած ժառանգութեանը չափովը իր քաղաքներէն Ղեւտացիներուն պարտի տալ»։ ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐ (Բ. Օր. 19։1-13. Յես. 20։1-9)  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10  «Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛. Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցնիք, 11  Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։ 12  Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէս զի սպաննողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։ 13  Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։ 14  Քաղաքներէն երեքը Յորդանանի ասդիի կողմը ու միւս երեքը Քանանի երկրին մէջ թող ըլլան, որպէս ապաստանի քաղաքներ։ 15  Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի։ 16  Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ գործիքով մէկը զարնէ մեռցնէ, անիկա իբրեւ մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 17  Կամ եթէ մահառիթ բռնաքարով մը մէկուն զարնէ ու մեռցնէ, անիկա իրապէս մարդասպան է եւ անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 18  Կամ եթէ ձեռքով գործածուելու փայտեղէն մահառիթ գործիքով մը զարնէ ու մեռցնէ, անիկա ալ որպէս մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 19  Արեան վրէժխնդիրը կրնայ մեռցնել մարդասպանը։ Երբ անոր հանդիպի՝ թող մեռցնէ զանիկա։ 20  Եթէ մէկը թշնամութեամբ հրէ ուրիշ մը ու նենգութեամբ վրան բան մը նետելով՝ զանիկա մեռցնէ 21  Կամ թէ թշնամութեան պատճառաւ ձեռքովը զարնէ անոր ու ան մեռնի, զարնողը անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Անիկա մարդասպան է։ Արեան վրէժխնդիրը երբ մարդասպանին հանդիպի՝ զանիկա կրնայ մեռցնել։ 22  Բայց եթէ պատահմամբ ու առանց թշնամութեան ուրիշ մը հրէ կամ թէ առանց նենգութեան ուրիշի մը վրայ գործիք մը նետէ 23  Կամ թէ առանց տեսնելու անոր վրայ ոեւէ մահառիթ քար մը ձգէ ու զայն մեռցնէ եւ քանի որ ինք անոր թշնամի չէր ու անոր չարիքը չէր ուզեր, 24  Այն ատեն ժողովը սպաննողին ու արեան վրէժխնդրին մէջտեղ այս օրէնքներուն համեմատ դատաստան թող ընէ։ 25  Ժողովը թող ազատէ սպաննողը արեան վրէժխնդրին ձեռքէն ու զանիկա նորէն իր ապաւինած ապաստանի քաղաքը թող դարձնէ։ Անիկա հոն թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի։ 26  Բայց եթէ սպաննողը իր ապաւինած ապաստանի քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլէ 27  Ու արեան վրէժխնդիրը զանիկա իր ապաստանի քաղաքին սահմանէն դուրս գտնէ եւ արեան վրէժխնդիրը՝ սպաննողը մեռցնելու ըլլայ, պէտք չէ մահապարտ սեպուի, 28  Որովհետեւ սպաննողը իր ապաստանի քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր. բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը միայն իր սեփական երկիրը կրնայ դառնալ։ 29  Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ ըլլան ձեր սերունդներուն ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։ 30  Ով որ մարդ մեռցնէ, սպաննողը վկաներու ցուցմունքով պէտք է մեռցուի. բայց մարդ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ հոգիի վկայութիւնը բաւական չէ։ 31  Մահապարտէ մը սպաննուողին կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք. քանզի անիկա անպատճառ մեռցուելու է։ 32  Ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք մի՛ առնէք, որպէս զի անիկա իր քաղաքը դառնայ ու նստի քահանայապետին մահէն առաջ։ 33  Ուստի ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը կը պղծէ երկիրը ու անոր թափուած արիւնին համար երկրին ուրիշ բանով մը քաւութիւն չ’ըլլար, բայց միայն սպաննողին արիւնովը։ 34  Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, որուն մէջ ես պիտի բնակիմ. քանզի ես Տէրս կը բնակիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ»։

Ստորանիշներ