ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։1-14

12  Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ,Դեռ թշուառութեան օրերը չեկածՈւ այն տարիները չհասած,Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր»,   Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարածՈւ անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։   Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողանՈւ զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռինԵւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարինՈւ պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան   Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ,Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին,Եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննանՈւ բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։   Բարձրէն պիտի վախնան,Ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։Եւ նշենին պիտի ծաղկիՈւ մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուիԵւ ախորժակը* պիտի դադարի.Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայՈւ լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին։   Դեռ արծաթէ թելը չփրթած,Ոսկիէ բաժակը չկոտրած,Սափորը աղբիւրին քով չփշրուածՈւ ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։   Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէսՈւ հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։   Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,Ամէն բան ունայնութիւն է։ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ   Որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր,Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց։Խորհելով* ու քննելովՇատ առակներ շարադրեց։ 10  Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են։ 11  Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս ենՈւ ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։ 12  Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։Շատ գիրք շինելը ծայր չունիՈւ շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։ 13  Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛,Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ 14  Քանզի Աստուած ամէն գործ,Ամէն ծածուկ բաներու հետ,Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։

Ստորանիշներ

12։5 Կամ, կապպարը (փշոտ գետնատարած բոյս) ախորժակը գրգռելէն
12։9 Կամ, կշռելով