ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2։1-26

2  Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ»,Ուստի բարիքներ վայելէ։Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։   Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է»Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։   Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ,Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը,Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն,Որ կրնան ընել երկնքի տակԻրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։   Մեծ գործեր ըրի։Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։   Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցիՈւ անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։   Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի,Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։   Ծառաներ ու աղախիններ ստացայԵւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ,Ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։   Նաեւ արծաթ ու ոսկիԵւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցիԵւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։   Ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէնԱմենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։ 10  Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցիՈւ իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։ 11  Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերունՈւ այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայԵւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էինՈւ արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։ 12  Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու,Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը,Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել։Ինչ որ արդէն ըրած են։ 13  Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է,Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։ 14  Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են,Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ.Բայց ես հասկցայ թէԱնոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։ 15  Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի«Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի,Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ».Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։ 16  Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունինՄնայուն յիշատակը չկայ։Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաներըԱպագային պիտի մոռցուին։Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։Անմիտին պէս։ 17  Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ,Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան,Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։ 18  Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ,Քանզի ինձմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։ 19  Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ,Որոնք արեւուն տակ կատարեցի,Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ 20  Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայովԻմ սրտէս յոյսս կտրեմ։ 21  Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնըԻմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ,Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։ 22  Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէնՈւ սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։ 23  Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերովՈւ գործը տրտմութեամբ լեցուն են։Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ 24  Մարդս ուտելէն ու խմելէնԵւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։ 25  Վասն զի ինձմէ զատ* ո՞վ կրնայ ուտելԵւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։ 26  Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդունԻմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ,Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ,Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ,Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

Ստորանիշներ

2։25 Կամ, առանց Անոր