ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4։1-16

4  Ես դարձայ ու տեսայԱրեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։Զրկուածներուն աչքը արցունք կար,Բայց անոնք մխիթարող չունէին.Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար,Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։   Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները,Հիմա ապրողներէն աւելի բախտաւոր են։   Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բախտաւոր է,Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։   Ու ես ամէն աշխատութիւնԵւ ամէն յաջող գործ տեսայ,Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։   Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէՈւ իր միսը կ’ուտէ։   Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ,Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։   Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։   Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի,Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր.Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունիՈւ անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանարԵւ չ’ըսեր թէ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմՈւ իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։   Երկուքը մէկէն աղէկ է,Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի, 10  Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։Բայց վա՜յ ինկող մէկուն՝Որ զինք վերցնող մը չունի։ 11  Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան,Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։ 12  Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ,Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։ 13  Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան,Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը,Որ չի գիտեր խրատուիլ։ 14  Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ,Բայց ուրիշ մը, որ թագաւոր* ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։ 15  Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիներըԱյն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էրՈւ անոր տեղը պիտի անցնէր. 16  Անոնց առջեւ կեցող* բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր.Սակայն ետքը եկողներն ալ պիտի չուրախանան։Ասիկա ալ ունայնութիւն Ու հոգիի տանջանք է։

Ստորանիշներ

4։14 Կամ, իր թագաւորութեանը մէջ
4։16 Կամ, Անոնցմէ առաջ եղող