ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 15։1-33
15 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
2 «Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք անոնց, ‘Երբ մարդու մը մարմնէն ծորում ըլլայ, այդ ծորումը անմաքուր է։
3 Եւ իր ծորումին համար իր անմաքրութեան օրէնքը այս է. եթէ իր մարմնէն իր ծորումը վազէ, կամ իր մարմինը իր ծորումէն գոցուի, այս է իր անմաքրութիւնը։
4 Ամէն անկողին՝ որուն վրայ ծորում ունեցողը կը պառկի՝ անմաքուր եւ ամէն բան՝ որուն վրայ անիկա կը նստի՝ անմաքուր թող սեպուի։
5 Եւ անոր անկողնին դպչող մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
6 Եւ ծորում ունեցողին նստած բանին վրայ նստողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
7 Եւ ծորում ունեցողին մարմնին դպչողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
8 Եթէ ծորում ունեցողը մաքուր մարդու մը վրայ թքնելու ըլլայ, մաքուր մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
9 Եւ ամէն թամբ, որուն վրայ ծորում ունեցողը կը հեծնէ, անմաքուր պիտի սեպուի։
10 Եւ ամէն անոր տակ եղած բանին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի ու զանոնք վերցնողը իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
11 Եւ ծորում ունեցողը իր ձեռքը ջուրը չխոթած՝ որու որ դպչելու ըլլայ, անիկա իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։
12 Եւ ծորում ունեցողին դպած հողէ ամանը պէտք է կոտրուի ու ամէն փայտէ աման ջուրը խոթուի։
13 Երբ ծորում ունեցողը իր ծորումէն մաքրուի, իր մաքրուելուն համար եօթը օր պիտի համրէ եւ իր հանդերձները լուայ ու իր մարմինը վազող ջուրի մէջ լուայ, որ մաքուր ըլլայ։
14 Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է առնէ իրեն ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը գայ եւ զանոնք քահանային տայ։
15 Եւ քահանան անոնցմէ մէկը՝ մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ։ Քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն ընէ անոր իր ծորումին համար։
16 Եթէ մարդու մը զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելլելու ըլլայ, իր բոլոր մարմինը ջրով պէտք է լուայ, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
17 Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթ՝ որուն վրայ զուգաւորութեան սերմ կայ, ջրով պէտք է լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։
18 Երբ մարդ մը կնոջը հետ զուգաւորուելու համար պառկի, անոնք երկուքն ալ ջրով պէտք է լուացուին, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուին։
19 Եթէ կին մը ծորում ունենայ ու անոր մարմնին ծորումը արիւն է, եօթը օր զատուած պէտք է կենայ եւ ամէն օր անոր դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։
20 Անոր զատուած ատենը ինչ բանի վրայ, որ պառկի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի եւ ի՛նչ բանի վրայ որ նստի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի։
21 Անոր անկողնին դպչող ամէն մարդ իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։
22 Ով որ դպչի բանի մը, որուն վրայ անիկա նստաւ, իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։
23 Եւ անոր անկողնին դպչողը կամ բանի մը որուն վրայ անիկա կը նստի, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։
24 Եւ եթէ մարդ մը անոր հետ պառկի, այնպէս որ անոր պղծութիւնը իրեն դպչի, այն մարդը եօթը օր անմաքուր պիտի սեպուի եւ ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա պառկի՝ անմաքուր պիտի սեպուի։
25 Կին մը՝ եթէ դաշտանին ատենը չեկած, իր արեանը ծորումը շատ օրեր վազէ կամ իր դաշտանէն աւելի վազելու ըլլայ, իր անմաքրութեանը ծորումին բոլոր օրերը իր դաշտանին օրերուն պէս պէտք է ըլլայ. անիկա անմաքուր է։
26 Անոր ծորումին բոլոր օրերը ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա կը պառկի, իր դաշտանին անկողնին պէս պէտք է ըլլայ իրեն եւ ինչ բանի վրայ որ նստի, իր դաշտանին անմաքրութեանը պէս անմաքուր ըլլայ։
27 Եւ ամէն անոնց դպչողը անմաքուր ըլլայ ու իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։
28 Եւ եթէ իր ծորումէն մաքրուի, այն ատեն եօթը օր պիտի համրէ ու անկէ յետոյ մաքուր ըլլայ։
29 Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ իրեն ու վկայութեան խորանին դուռը քահանային բերէ զանոնք։
30 Եւ քահանան մէկը որպէս մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ եւ քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր անմաքրութեանը ծորումին համար։
31 Այսպէս Իսրայէլի որդիները իրենց անմաքրութենէն պիտի զգուշացնէք*. որպէս զի իրենց մէջ եղած իմ խորանս պղծելով՝ իրենց անմաքրութեան պատճառաւ չմեռնին։
32 Ծորում ունեցողին եւ իրմէ զուգաւորութեան սերմը ելլելով անմաքուր եղողին
33 Ու իր դաշտանով հիւանդ եղող կնոջ եւ ծորում ունեցող մարդուն կամ կնոջ ու անմաքուր կնոջ հետ պառկող մարդուն օրէնքը այս է’»։
Ստորանիշներ
^ 15։31 Եբր., զատէք