ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 20։1-27
20 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Նաեւ Իսրայէլի որդիներուն ըսէ՛. ‘Իսրայէլի որդիներէն եւ Իսրայէլի մէջ պանդխտացող օտարականներէն ով որ իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տայ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Երկրին ժողովուրդը քարերով թող քարկոծեն զանիկա։
3 Եւ ես այն մարդուն դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ, վասն զի անիկա իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած է՝ իմ սրբարանս պղծելու ու իմ սուրբ անունս անարգելու համար։
4 Եւ եթէ այն մարդը իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած ատենը, երկրին ժողովուրդը չտեսնել ձեւացնելով զանիկա չմեռցնեն,
5 Այն ատեն ես այն մարդուն ու անոր ընտանիքին դէմ պիտի ըլլամ եւ զանիկա ու Մողոքին հետ պոռնկութիւն ընելու համար այն մարդուն ետեւէն բոլոր գացողները իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։
6 Եթէ մէկը վհուկներուն եւ հմայողներուն դառնայ՝ անոր դէմ ալ պիտի ըլլամ զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ,
7 Ուստի սրբեցէ՛ք ձեր անձերը ու սուրբ եղէ՛ք, քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
8 Իմ կանոններս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ։
9 Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց։ Անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ։
10 Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, կամ իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը, անշուշտ պէտք է մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ՝ պէտք է մեռցուին։
11 Եւ ով որ իր հօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրը մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
12 Եւ եթէ մարդ մը իր հարսին հետ պառկի, անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Գարշելի գործ ըրին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
13 Եւ եթէ մարդ մը իր կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
14 Եւ եթէ մարդ մը՝ կին մը ու անոր մայրը առնէ, անօրէնութիւն կ’ընէ։ Մարդն ալ, կիներն ալ կրակով պէտք է այրուին, որպէս զի ձեր մէջ անօրէնութիւն չըլլայ։
15 Եւ եթէ մարդ մը անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի ու անասունն ալ պէտք է սպաննէք։
16 Եւ եթէ կին մը որեւիցէ անասունի հետ զուգաւորուելու համար անոր մօտենայ, կինն ալ, անասունն ալ պէտք է սպաննուին։ Անոնք անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
17 Եւ եթէ մարդ մը իր քոյրը առնէ, իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը ու անոր մերկութիւնը տեսնէ ու աղջիկն ալ անոր մերկութիւնը տեսնէ, չարութիւն կ’ըլլայ. անոնք իրենց ժողովուրդին աչքին առջեւ պէտք է կորսուին։ Անիկա իր քրոջ մերկութիւնը բացաւ. իր անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրէ։
18 Եւ եթէ մարդ մը իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը հետ պառկի ու անոր մերկութիւնը բանայ, ինք անոր աղբիւրը բացաւ, կինն ալ իր արեան աղբիւրը բացաւ. երկուքն ալ իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։
19 Քու մօրդ քրոջ կամ քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս. վասն զի եթէ մէկը իր ազգականին մերկութիւնը բանալու ըլլայ, երկուքն ալ իրենց անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրեն։
20 Եւ եթէ մարդ մը իր հօրեղբօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրեղբօր մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անոնք իրենց մեղքին պատիժը պիտի կրեն եւ անզաւակ մեռնին։
21 Եւ եթէ մարդ մը իր եղբօրը կինը առնէ, պղծութիւն է ան։ Անիկա իր եղբօրը մերկութիւնը կը բանայ։ Անզաւակ պիտի ըլլան։
22 Ուստի իմ բոլոր կանոններս եւ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը, ուր ձեզ պիտի տանիմ բնակելու, դուրս չփսխէ ձեզ։
23 Մի՛ քալէք այն ազգերուն սովորութիւններովը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ. քանզի այս ամէն բաները ըրին անոնք ու ես զզուեցայ անոնցմէ
24 Եւ ըսի ձեզի. «Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ իբր ստացուածք, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ բոլոր ազգերէն զատեցի ձեզ»։
25 Ուստի մաքուր ու անմաքուր անասուններուն մէջտեղ եւ մաքուր ու անմաքուր թռչուններուն մէջտեղ տարբերութիւն պէտք է դնէք եւ ձեր անձերը մի՛ պղծէք անասուններով կամ թռչուններով կամ գետնի վրայի ոեւէ սողունով, որոնք ե՛ս զատեցի ձեզի իբրեւ անմաքուր։
26 Եւ դուք սուրբ պիտի ըլլաք ինծի. քանզի ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ ու ձեզ միւս ազգերէն զատեցի, որպէս զի իմս ըլլաք։
27 Վհուկ կամ հմայող եղողը, թէ՛ այր ըլլայ թէ՛ կին, անշուշտ պէտք է մեռցուի. քարերով թող քարկոծեն զանոնք։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ’»։