ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 3։1-17

3  ‘Եթէ մէկուն ընծան խաղաղութեան զոհ է, երբ արջառներէն մատուցանէ, արու ըլլայ կամ էգ, Տէրոջը առջեւ անարատ պէտք է ըլլայ։  Եւ իր ձեռքը իր ընծայած անասունին գլխուն վրայ թող դնէ ու վկայութեան խորանին դուռը մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին շուրջը թող սրսկեն արիւնը։  Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երկու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը։  Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ  Եւ Ահարոնին որդիները սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ ողջակէզին հետ թող այրեն ասոնք, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։  Եւ եթէ խաղաղութեան զոհին համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան հօտերէն է, արու ըլլայ կամ էգ, անարատ պէտք է ըլլայ։  Եթէ անիկա իր ընծային համար գառ մատուցանէ, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն  Եւ ձեռքը իր ընծային գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները սեղանին շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։  Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն անոր ճարպը ու բոլոր դմակը տակէն* փրցնելով եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը 10  Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ 11  Եւ քահանան սեղանին վրայ այրէ ասոնք Տէրոջը պատարագ* ըլլալու համար։ 12  Եւ եթէ անոր ընծան այծ է, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն։ 13  Եւ իր ձեռքը անոր գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ 14  Եւ անիկա իր ընծայէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը 15  Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ 16  Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք, անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Բոլոր ճարպը Տէրոջն է։ 17  Ձեր ազգերուն բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն’»։

Ստորանիշներ

3։9 Եբր., ողնայարէն
3։11 Եբր., պատարագի հաց