ՄԱՂԱՔԵԱՅ 4։1-6

4  «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ,Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողներըՅարդի պէս պիտի ըլլանՈւ եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։   Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայՈւ դուք գոմի պարարտ հորթերու պէսԴուրս պիտի ելլէք ու պիտի ցատկէք։   Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք,Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրսԱնոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակՄոխիր պիտի ըլլան», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։   «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը,Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները,Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։   Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմԴեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։   Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներունՈւ որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ,Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ»։

Ստորանիշներ