ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1։1-25

1  Գիրք ծնունդին Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին։  Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները.  Յուդա ծնաւ Փարէսը ու Զարան Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը.  Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը.  Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն.  Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն.  Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը.  Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան.  Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան. 10  Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը. 11  Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները Բաբելոնեան գերութեան ատենները. 12  Բաբելոն գերութեան երթալէն յետոյ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը. 13  Սաղաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը. 14  Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը. 15  Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը. 16  Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։ 17  Արդ բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ տասնըչորս սերունդ եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւնը տասնըչորս սերունդ ու Բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս տասնըչորս սերունդ։ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ (Ղուկ. 2։1-7) 18  Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ։ 19  Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա։ 20  Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ 21  Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս* պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։ 22  Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. 23  «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։ 24  Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ։ 25  Եւ չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ։ Անոր անունը Յիսուս դրաւ։

Ստորանիշներ

1։21 Այսինքն Փրկիչ