ՅԵՍՈՒԱՅ 10։1-43
10 Երբ Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը լսեց թէ Յեսու Գային առաւ ու զանիկա բոլորովին կործանեց եւ թէ ինչ որ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրաւ, Գայիի ու անոր թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ եւ թէ Գաբաւոնի բնակիչները Իսրայելացիներու հետ հաշտութիւն կնքած են ու անոնց մէջ մնացած,
2 Շատ վախցան ինք ու իր ժողովուրդը. քանզի Գաբաւոն թագաւորանիստ քաղաքի մը պէս մեծ քաղաք մըն էր ու անիկա Գայիէն մեծ էր եւ անոր բոլոր մարդիկը զօրաւոր էին։
3 Ասոր համար Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը Քեբրոնի Հօհամ թագաւորին, Յերիմութի Փիրամ թագաւորին ու Լաքիսի Յափիէ թագաւորին ու Էգղոնի Դաբիր թագաւորին մարդ ղրկեց, ըսելով.
4 «Ինծի եկէ՛ք ու ինծի օգնութիւն ըրէք, որպէս զի Գաբաւոնը զարնենք. քանզի Յեսուի հետ ու Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ըրաւ»։
5 Ուստի Ամօրհացիներու հինգ թագաւորները, Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հաւաքուեցան եւ իրենք ու իրենց բոլոր բանակները եկան եւ Գաբաւոնի քով բանակ դրին ու անոր դէմ պատերազմեցան։
6 Գաբաւոնի բնակիչները Գաղգաղա մարդ ղրկեցին Յեսուին՝ ըսելով. «Քու ծառաներէդ ձեռքդ մի՛ քաշեր, շուտով մեզի եկուր, մեզի օգնէ ու մեզ ազատէ. քանզի լեռնաբնակ Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները մեր վրայ յարձակեցան»։
7 Յեսու ինք ու իրեն հետ բոլոր պատերազմիկները եւ զօրքին բոլոր զօրաւորները Գաղգաղայէն ելան։
8 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնցմէ մի՛ վախնար, քանզի զանոնք քու ձեռքդ տուի. անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ քու առջեւդ կայնիլ»։
9 Յեսու Գաղգաղայէն բոլոր գիշերը քալելով*՝ յանկարծակի անոնց վրայ հասաւ։
10 Տէրը խռովեցուց զանոնք Իսրայէլի առջեւ եւ զանոնք Գաբաւոնի մօտ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք Բեթորոն ելլելու ճամբուն վրայ հալածեց եւ զանոնք մինչեւ Ազեկա ու Մակեդա զարկաւ։
11 Երբ անոնք Իսրայէլի առջեւէն կը փախչէին ու Բեթորոնէ վար կ’իջնէին, Տէրը անոնց վրայ երկնքէն կարկուտի պէս մեծ քարեր թափեց մինչեւ Ազեկա ու մեռան։ Կարկուտին քարերէն մեռնողները Իսրայէլի որդիներուն սրով մեռցուցածներէն շատ էին։
12 Այն ատեն Յեսու Տէրոջը հետ խօսեցաւ, այն օրը որ Տէրը Ամօրհացիները Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը տուաւ ու Իսրայէլի առջեւ ըսաւ. «Արե՛ւ, դուն Գաբաւոնի դէմը կայնէ՛. Լուսի՛ն, դուն ալ Այեղոնի ձորին դէմը կայնէ՛»։
13 Ու արեւը կայնեցաւ եւ լուսինը իր տեղը մնաց, մինչեւ որ ժողովուրդը իր թշնամիներէն վրէժ առաւ։ Միթէ ասիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած չէ՞. ուստի արեւը երկնքին մէջտեղը կայնեցաւ ու լման մէկ օրուան չափ չմարեցաւ։
14 Անոր պէս օր մը չեղաւ՝ ո՛չ առաջ ու ո՛չ ետքը՝ երբ Տէրը մարդու ձայնը լսեց. քանզի Տէրը Իսրայէլի համար պատերազմեցաւ։
ՅԵՍՈՒ ՀԻՆԳ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ ԳԵՐԻ Կ’ԱՌՆԷ
15 Ապա Յեսու ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։
16 Հինգ թագաւորները փախան ու Մակեդա այրին մէջ պահուեցան։
17 Եւ Յեսուին իմացուցին. «Այն հինգ թագաւորները Մակեդա, այրին մէջ, պահուած են»։
18 Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը մեծ քարեր գլորեցէք ու անոր վրայ մարդիկ դրէք, որպէս զի պահպանութիւն ընեն.
19 Բայց դուք մի՛ կայնիք, ձեր թշնամիները հալածեցէ՛ք ու անոնց վերջապահները զարկէք եւ անոնց մի՛ թողուք, որ իրենց քաղաքները մտնեն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց»։
20 Ու Յեսու Իսրայէլի որդիներուն հետ զանոնք խիստ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք հատցուց, լմնցուց։ Եւ անոնց փախստականները պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտան։
21 Բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեամբ Մակեդա՝ բանակը՝ Յեսուի դարձաւ ու Իսրայէլի որդիներուն դէմ բնաւ մէկը իր լեզուն չշարժեց։
22 Այն ատեն Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը բացէք ու այրէն այն հինգ թագաւորները հանեցէ՛ք, ինծի բերէ՛ք»։
23 Այնպէս ըրին ու այրէն այն հինգ թագաւորները, այսինքն Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հանեցին անոր տարին։
24 Եւ երբ այս թագաւորները Յեսուի առջեւ ելան, Յեսու Իսրայէլի բոլոր մարդիկը կանչեց ու իրեն հետ գացող պատերազմիկներուն գլխաւորներուն ըսաւ. «Մօտեցէ՛ք ու ձեր ոտքերը այս թագաւորներուն պարանոցներուն վրայ դրէ՛ք»։ Անոնք մօտեցան եւ իրենց ոտքերը անոնց պարանոցներուն վրայ դրին։
25 Յեսու անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք, ուժովցէ՛ք եւ քաջասի՛րտ եղէք. քանզի Տէրը այսպէս պիտի ընէ ձեր բոլոր թշնամիներուն, որոնց հետ դուք պիտի պատերազմիք»։
26 Ապա Յեսու զանոնք զարկաւ մեռցուց ու հինգ ծառէ կախեց։ Ծառերուն վրայ մինչեւ իրիկուն կախուած մնացին։
27 Արեւին մտնելու ատենը Յեսու հրամայեց ու զանոնք ծառերուն վրայէն իջեցուցին եւ իրենց պահուած այրին մէջ նետեցին զանոնք ու այրին բերանը մեծ քարեր դրին։ Ատոնք դեռ կը կենան մինչեւ այսօր։
ՅԵՍՈՒ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԿԸ ԳՐԱՒԷ
28 Յեսու նոյն օրը Մակեդան ալ առաւ ու զանիկա սուրի բերնէ անցուց եւ անոր թագաւորն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց եւ մէ՛կը ողջ չթողուց։ Մակեդայի թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էր։
29 Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Մակեդայէն Լեբնա անցան ու Լեբնայի դէմ պատերազմեցան։
30 Տէրը զանիկա ալ անոր թագաւորովը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց։ Զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին։ Անոր Թագաւորին այնպէս ըրին, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էին։
31 Ապա Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լեբնայէն Լաքիս անցան եւ անոր քով բանակելով անոր դէմ պատերազմեցան։
32 Տէրը Լաքիսը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց եւ երկրորդ օրը զանիկա առնելով, զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդերը սուրի բերնէ անցուցին՝ ինչպէս Լեբնային ըրած էին։
33 Այն ատեն Գազերի Հօրամ թագաւորը Լաքիսին օգնութեան եկաւ։ Յեսու զանիկա ու անոր ժողովուրդն ալ կոտորեց, այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը ողջ չմնաց։
34 Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լաքիսէն Էգղոն անցան եւ անոր քով բանակելով, անոր դէմ պատերազմ ըրին։
35 Նոյն օրը զանիկա առնելով սուրի բերնէ անցուցին։ Յեսու նոյն օրը անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց, ինչպէս Լաքիսի ըրած էր։
36 Յետոյ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Էգղոնէն Քեբրոն գացին ու անոր դէմ պատերազմ ըրին։
37 Զանիկա առնելէ ետքը սուրի բերնէ անցուցին զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը եւ մէ՛կը ողջ չթողուցին, ինչպէս Էգղոնին ըրին. այսպէս զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին։
38 Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Դաբիր դարձան ու անոր դէմ պատերազմեցան։
39 Զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները առին ու զանոնք սուրի բերնէ անցուցին եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին. ինչպէս Քեբրոնի ըրին եւ ինչպէս Լեբնայի ու անոր թագաւորին ըրին, նոյնպէս ալ Դաբիրին ու անոր թագաւորին ըրին։
40 Եւ Յեսու բոլոր լեռնային, հարաւային դաշտային երկիրները եւ անոնց բոլոր թագաւորները զարկաւ ու մէ՛կը ողջ չթողուց, հապա ամէն շնչաւոր մեռցուց, ինչպէս Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատուիրեր էր։
41 Յեսու Կադէս–Բառնեայէն մինչեւ Գազա ու բոլոր Գոսոմի երկիրը մինչեւ Գաբաւոն զանոնք զարկաւ։
42 Եւ այս բոլոր թագաւորները եւ անոնց երկիրը Յեսու մէկէն առաւ. քանզի Իսրայէլի համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատերազմ կ’ընէր։
43 Եւ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։
Ստորանիշներ
^ 10։9 Եբր., ելլելով