ՅԵՍՈՒԱՅ 9։1-27

9  Յորդանանի ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորները, որոնք լերան վրայ, դաշտի վրայ ու մեծ ծովուն բոլոր եզերքը մինչեւ Լիբանանի դէմը կը բնակէին, այսինքն Քետացիները, Ամօրհացիները եւ Յեբուսացիները, այս բաները լսեցին,  Միաբանութեամբ հաւաքուեցան որպէս զի Յեսուին ու Իսրայէլի դէմ պատերազմին։  Բայց Գաբաւոնի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Յեսու Երիքովի ու Գայիի ըրեր էր,  Իրենք ալ վարպետութիւն մը բանեցուցին. գացին պաշարներ պատրաստեցին ու իրենց էշերուն վրայ հին քուրձեր ու հին, պատռտած ու կարկտնուած* գինիի տիկեր դրին  Եւ իրենց ոտքերուն կօշիկները հինցած ու կարկտնուած էին ու վրանին ալ հին լաթեր առին եւ բոլոր իրենց պաշար առած հացը չորցած ու մգլոտած էր  Ու Յեսուին բանակը գացին՝ Գաղգաղայի մէջ եւ անոր ու Իսրայէլի մարդոց ըսին. «Մենք հեռու երկրէ կու գանք. ուստի մեզի հետ դաշինք կնքեցէք»։  Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը այն Խեւացիներուն ըսին. «Թերեւս դուք մեր մէջ բնակիք, ձեզի հետ ի՞նչպէս դաշինք կնքենք»։  Բայց անոնք Յեսուին ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք»։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք եւ ուրկէ՞ կու գաք»։  Անոնք ըսին. «Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար, քանզի անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք։ 10  Նաեւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին ու Աստարովթ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր ըրածները լսեցինք։ 11  Մեր ծերերն ու մեր երկրին բոլոր բնակիչները մեզի խօսեցան ու ըսին. ‘Ձեռքերնիդ ճամբու համար պաշար առէք եւ զանոնք դիմաւորելու գացէք ու անոնց ըսէք. «Մենք ձեր ծառաներն ենք, հիմա մեզի հետ դաշինք կնքեցէք’»։ 12  Այն օրը երբ մենք ելանք, այս պաշարի հացերնիս մեր տուներէն տաք տաք առինք եւ ահա հիմա չորցած ու մգլոտած են։ 13  Այս գինիի տիկերը նոր էին, երբ լեցուցինք, բայց ահա պատռուած են ու այս մեր հանդերձները եւ կօշիկները ճամբուն խիստ երկայնութեանը համար հինցան»։ 14  Անոնց պաշարին նայելով՝ այն մարդիկը ընդունեցին*, առանց Տէրոջը հարցնելու։ 15  Յեսու անոնց հետ խաղաղութիւն ըրաւ եւ ուխտեց որ զանոնք ապրեցնէ եւ ժողովուրդին իշխաններն ալ անոնց երդում ըրին։ 16  Անոնց հետ դաշինք կնքելէ երեք օր յետոյ լսեցին թէ անոնք իրենց դրացիներն են ու իրենց մէջ կը բնակին։ 17  Իսրայէլի որդիները չուելով՝ երրորդ օրը անոնց քաղաքները մտան ու անոնց քաղաքները Գաբաւոն, Կեփիրա, Բերովթ եւ Կարիաթարիմ էին։ 18  Իսրայէլի որդիները զանոնք չզարկին, քանզի ժողովուրդին իշխանները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրեր էին, բայց ժողովուրդը իշխաններուն դէմ տրտնջեցին։ 19  Իշխանները բոլոր ժողովուրդին ըսին. «Մենք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրինք ու չենք կրնար անոնց դպչիլ։ 20  Անոնց այսպէս ընենք։ Զանոնք ողջ թողունք, որպէս զի մեր վրայ բարկութիւն չգայ անոնց երդում ընելնուս համար»։ 21  Ուստի իշխանները անոնց ըսին. «Թող ողջ մնան, բայց բոլոր ժողովուրդին փայտահատներ ու ջրկիրներ ըլլան»։ Անոնք փայտահատներ ու ջրկիրներ եղան, ինչպէս իշխանները անոնց ըսին։ 22  Յետոյ Յեսու զանոնք կանչեց ու անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար մեզ խաբեցիք ու ըսիք թէ շատ հեռուէն կու գանք, մինչդեռ մեր մէջ կը բնակէիք։ 23  Ուրեմն դուք հիմա անիծեալ էք ու իմ Աստուծոյս տանը համար ձեզմէ ծառայ, փայտահատ ու ջրկիր թող չպակսի»։ 24  Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի քու ծառաներդ ստուգիւ իմացան, որ քու Եհովա Աստուածդ իր ծառային Մովսէսին խոստացեր էր այս երկիրը ձեզի տալու ու այս երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն բնաջինջ ընելու, ուստի մենք մեր անձերուն համար շատ վախցանք ու այս բանը ըրինք։ 25  Ահա հիմա քու ձեռքդ ենք եւ քեզի ինչ որ հաճոյ ու արդար կ’երեւնայ, զայն ըրէ մեզի»։ 26  Յեսու զանոնք Իսրայէլի որդիներուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք չմեռցուցին։ 27  Յեսու նոյն օրը փայտահատ ու ջրկիր ըրաւ զանոնք ժողովուրդին ու Տէրոջը սեղանին համար, որպէս զի Տէրոջը ընտրելու տեղը ծառայեն մինչեւ վերջը։

Ստորանիշներ

9։4 Եբր., կապած
9։14 Կամ, Իսրայէլի մարդիկը անոնց պաշարէն առին