ՅՈԲԱՅ 1։1-22
1 Հուս* երկրին մէջ Յոբ անունով մարդ մը կար։ Այն մարդը կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր։
2 Անոր եօթը տղայ ու երեք աղջիկ ծնան։
3 Անոր ստացուածքը եօթը հազար ոչխար ու երեք հազար ուղտ եւ հինգ հարիւր մատակ էշ էր ու խիստ շատ ծառաներ ունէր։ Այն մարդը բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր։
4 Անոր տղաքը կ’երթային ու ամէն մէկը իր օրը տուներնին հացկերոյթ կ’ընէին եւ մարդ ղրկելով երեք քոյրերնին կը հրաւիրէին, որպէս զի իրենց հետ ուտեն ու խմեն։
5 Երբ հացկերոյթին օրերը կը լմննային, Յոբ կանչել կու տար* զանոնք ու կը սրբէր եւ առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թիւովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. «Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին»։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ։
6 Արդ՝ օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։
7 Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր վրայ պտըտելէն»։
8 Տէրը ըսաւ Սատանային. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։
9 Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։
10 Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։
11 Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։
12 Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Այն ժամանակ Սատանան Տէրոջը առջեւէն գնաց։
ՅՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՈՒԵՑԱՆ
13 Օր մը Յոբին տղաքն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին։
14 Պատգամաբեր մը եկաւ Յոբին ու ըսաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածուէին,
15 Սեբայեցիները յարձակեցան ու զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։
16 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց եւ միայն ես ազատեցայ եւ եկայ որ քեզի պատմեմ»։
17 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիները երեք գունդի բաժնուած՝ ուղտերուն վրայ յարձակեցան եւ զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։
18 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին,
19 Ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։
20 Այն ատեն Յոբ ելաւ, իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ
21 Ու ըսաւ. «Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ։ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։
22 Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ։