ՆԷԵՄԵԱՅ 4։1-23
4 Երբ Սանաբաղատը լսեց, որ մենք պարիսպը կը շինենք, սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողելով Հրեաները ծաղր ըրաւ։
2 Իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրքին առջեւ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն. միթէ թոյլտուութիւն կա՞յ. միթէ զո՞հ պիտի մատուցանեն ու այսօ՞ր լմնցնեն։ Միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն»։
3 Ամմոնացի Տուբիան, որ անոր քով էր, ըսաւ. «Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ»։
4 Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, վասն զի նախատուեցանք ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ աւարառութեան մատնէ
5 Եւ անոնց անօրէնութիւնը մի՛ ծածկեր ու քու առջեւէդ անոնց մեղքը մի՛ ջնջեր. քանզի շինողներուն առջեւ քեզ բարկացուցին։
6 Մենք պարիսպը շինեցինք ու բոլոր պարիսպը մինչեւ կէսը հասաւ*. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր։
7 Երբ Սանաբաղատն ու Տուբիան եւ Արաբացիներն ու Ամմոնացիները ու Ազովտացիները լսեցին, թէ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ’երթայ ու փլած տեղերը սկսեր են շինուիլ, շատ սրդողեցան
8 Եւ ամէնքը համաձայնեցան, որ գան Երուսաղէմի դէմ պատերազմին ու անոր վնասեն
9 Բայց մենք մեր Աստուծոյն աղօթք ըրինք ու մեզ անոնցմէ պաշտպանուելու համար* ցորեկ ու գիշեր պահապաններ դրինք։
10 Յուդան ըսաւ. «Բեռնակիրներուն ոյժը հատաւ ու հողը շատ է. մենք պիտի չկրնանք պարիսպը շինել»։
11 Ու մեր թշնամիները կ’ըսէին. «Թող չգիտնան ու չտեսնեն, մինչեւ մենք անոնց մէջ մտնենք ու զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը խափանենք»։
12 Բայց անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան եւ տասը անգամ մեզի ըսին. «Ամէն կողմէ, ուր որ կը բնակին, մեր վրայ պիտի յարձակին»։
13 Ուստի ցած տեղերը՝ պարսպին ետեւը ու բարձր տեղերը* ժողովուրդը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ բաժնելով կեցուցի ու իրենց սուրերովը, նիզակներովն ու աղեղներովը կեցուցի։
14 Նայեցայ ու ելայ եւ իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է եւ ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք»։
15 Ահա մեր թշնամիները լսեցին, թէ մենք իմացեր ենք եւ Աստուած իրենց խորհուրդը խափանեց, մենք ամէնքս պարիսպը շինել սկսանք, ամէն մէկը իր գործին։
16 Այն օրէն ի վեր իմ մարդոցս կէսը կ’աշխատէին ու կէսն ալ նիզակներ, ասպարներ, աղեղներ ու զրահներ կը բռնէին ու իշխանները Յուդայի բոլոր ազգատոհմերուն ետեւը կը կենային։
17 Պարիսպը շինողներն ու բեռնակիրները ու բեռցնողները, ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կ’աշխատէր ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր։
18 Շինողներէն իւրաքանչիւրը իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր ու փողահարը իմ քովս էր։
19 Ազնուականներուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Այս գործը մեծ ու ընդարձակ է ու մենք պարսպին վրայ ցրուած ենք եւ իրարմէ հեռու ենք.
20 Ուստի փողին ձայնը երբ որ լսէք, մեր հաւաքատեղին հաւաքուեցէք. մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ»։
21 Մենք այսպէս մեր գործը կ’ընէինք եւ ժողովուրդին կէսը, արշալոյսին ծագած ատենէն մինչեւ աստղերուն երեւցած ատենը, նիզակներ բռնած կը կենային։
22 Այն ատեն ժողովուրդին ըսի. «Ամէն մարդ իր ծառային հետ գիշերները Երուսաղէմի մէջ թող մնայ, որպէս զի գիշերը մեզի համար պահպանութիւն ընէ ու ցորեկը գործէ»։
23 Ես ու իմ եղբայրներս եւ իմ ծառաներս ու իմ ետեւէս եկող պահապան մարդիկը ամենեւին մեր հանդերձները չէինք հաներ՝ բացի լուացուելու ատենէն*։
Ստորանիշներ
^ 4։6 Եբր., կապուեցաւ
^ 4։9 Եբր., անոնց երեսէն
^ 4։13 Կամ, չոր տեղերը եւ կամ, յարկերու տակ
^ 4։23 Եբր., ամէն մէկը ջուրը կը ղրկէր