ՍԱՂՄՈՍ 41։1-13
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
41 Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։
2 Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա,Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայՈւ թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնէ զանիկա։
3 Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ.Անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։
4 Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,Բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի»։
5 Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս,Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի»։
6 Եթէ մէկը ինծի գալու ըլլայ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ’ըսէ։Իր սիրտը անօրէնութիւն կը հաւաքէ իրեն համար,Որպէս զի դուրս ելլելով խօսի։
7 Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները,Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին.
8 Կ’ըսեն. «Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւՈւ հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չելլէ»։
9 Մինչեւ անգամ իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի,Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։
10 Սակայն, ո՛վ Տէր, դուն ողորմէ՛ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիսՈւ ես փոխարէնը պիտի տամ անոնց։
11 Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս,Անոր համար թշնամիս յաղթական չ’ըլլար։
12 Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահեսՈւ յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես։
13 Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։