Յաւելուած
Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ
Եհովան ամոլներէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ամուսնական ուխտին հաւատարիմ մնան։ Երբ Եհովան առաջին մարդն ու կինը կ’ամուսնացնէր, ըսաւ. «Այրը. . . իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Յետագային, Յիսուս Քրիստոս նոյն խօսքը կրկնեց եւ աւելցուց. «Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։3-6)։ Ուստի Եհովա եւ Յիսուս ամուսնութիւնը կը նկատեն կենսատեւ կապ մը, որ վերջ կը գտնէ միայն՝ երբ կողակիցներէն մէկը մահանայ (Ա. Կորնթացիս 7։39)։ Քանի որ ամուսնութիւնը սուրբ կարգադրութիւն մըն է, ամուսնալուծումը պէտք չէ թեթեւի առնուի։ Իրականութեան մէջ, Եհովան կ’ատէ աստուածաշնչական հիմ չունեցող ամուսնալուծումը (Մաղաքիա 2։15, 16)։
Ամուսնալուծման համար աստուածաշնչական ի՞նչ հիմ կայ։ Եհովան շնութիւնն ու պոռնկութիւնը կ’ատէ (Ծննդոց 39։9. Բ. Թագաւորաց 11։26, 27. Սաղմոս 51։4)։ Արդարեւ, Ան պոռնկութիւնը այնքա՛ն զզուելի կը նկատէ, որ զայն որպէս ամուսնալուծումի վաւերական հիմ կ’ընդունի (պոռնկութեան մասին յաւելեալ քննարկութեանց համար, տե՛ս այս գրքին 9–րդ գլուխին 7–րդ պարբերութիւնը, ուր պոռնկութեան մասին բացատրութիւն կը տրուի)։ Եհովան անմեղ կողակիցին կը շնորհէ որոշելու իրաւասութիւն. յանցաւոր կողակիցին հետ մնա՞լ թէ ամուսնալուծուիլ (Մատթէոս 19։9)։ Ուստի, եթէ անմեղ կողակիցը որոշէ ամուսնալուծուիլ, ան Եհովայի ատելի եղող քայլ մը առած չ’ըլլար։ Սակայն միեւնոյն ատեն, քրիստոնէական ժողովքը չի քաջալերեր անմեղ կողակիցը որ ամուսնալուծուի։ Իրականութեան մէջ, կան պարագաներ երբ ան կը մղուի յանցաւոր կողակիցին հետ մնալու, յատկապէս եթէ այս վերջինը անկեղծօրէն զղջացած է։ Վերջաւորութեան, անոնք՝ որոնք ամուսնալուծուելու համար աստուածաշնչական հիմ ունին, իրենց անձնական որոշումը պէտք է կայացնեն եւ ընդունին անոր յետագայ հետեւանքները (Գաղատացիս 6։5)։
Որոշ ծայրայեղ պարագաներու, կարգ մը քրիստոնեաներ որոշած են իրենց կողակիցէն բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ, հակառակ անոր որ կողակիցը պոռնկութիւն գործած չէ։ Այսպիսի պարագաներու, Աստուածաշունչը պայման կը դնէ որ զատուողը «առանց ամուսնանալու մնայ», կամ իր կողակիցին հետ «հաշտուի» (Ա. Կորնթացիս 7։11)։ Այսինքն՝ քրիստոնեան ազատ չէ վերամուսնանալու (Մատթէոս 5։32)։ Այժմ քննարկենք կարգ մը բացառիկ պարագաներ, զորս ոմանք բաժանումի հիմ կը նկատեն։
Կամովին ապրուստ չճարել։ Ընտանիք մը կրնայ աղքատութեան սեմին հասնիլ եւ կեանքի հիմնական կարիքները չունենալ, քանի որ ամուսինը կարող ըլլալով հանդերձ՝ կը թերանայ ընտանիքին կարիքները հոգալու մէջ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը. . . իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է» (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Եթէ այսպիսի ամուսին մը մերժէ իր ընթացքը փոխել, կինը կրնայ որոշել, եթէ իր եւ իր զաւակներուն բարօրութեան համար, օրինականօրէն պէտք է բաժնուի կամ ոչ։ Անշուշտ, քրիստոնեայ երէցները պէտք է ուշադրութեամբ նկատի առնեն այն ամբաստանութիւնը՝ թէ քրիստոնեայ կողակիցը կը մերժէ իր ընտանիքին պէտքերը գոհացնել, քանի որ ընտանիքին կարիքները չհոգացող կողակիցը կրնայ վտարուիլ։
Ֆիզիքական ծայրայեղ չարչարանք։ Վայրագ կողակից մը այնքա՛ն գէշ կերպով կրնայ վերաբերիլ իր անմեղ կողակիցին հետ, որ անոր առողջութիւնը, նոյնիսկ կեանքը կրնայ վտանգել։ Եթէ վայրագ կողակիցը քրիստոնեայ է, ժողովքի երէցները պէտք է ներկայացուած ամբաստանութիւնները ստուգեն։ Բարկութեան նոպաները եւ վայրագ վերաբերմունքը՝ վտարումի առաջնորդող պատճառներ են (Գաղատացիս 5։19-21)։
Հոգեւոր կեանքին սպառնացող բացարձակ վտանգ։ Կողակիցներէն մէկը կրնայ յարատեւ փորձել իր կողակիցին ճշմարիտ պաշտամունք մատուցանելը անկարելի դարձնել կամ նոյնիսկ զինք պարտադրել որ ձեւով մը Աստուծոյ պատուէրը բեկանէ։ Այսպիսի պարագայի մը, վտանգուած կողակիցը կրնայ որոշել թէ արդեօք օրինական բաժանո՛ւմն է միակ ձեւը, որպէսզի ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդի, քան՝ թէ մարդոց’ (Գործք 5։29)։
Հոս քննարկուած բոլոր ծայրայեղ պարագաներուն ալ, ո՛չ ոք պէտք է ճնշում բանեցնէ անմեղ կողակիցին վրայ, որ վայրագ կողակիցին հետ մնայ թէ բաժնուի։ Թէեւ հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեաներ ու երէցներ կրնան աջակցութիւն եւ աստուածաշնչական խրատներ ներկայացնել, բայց անոնք չեն կրնար գիտնալ ամուսինին ու կնոջ միջեւ եղած անցուդարձերուն մանրամասնութիւնները։ Միայն Եհովան կրնայ տեսնել զանոնք։ Անշուշտ, եթէ քրիստոնեան իր ընտանեկան խնդիրներուն նկատմամբ չափազանցէ, որպէսզի կարենայ իր կողակիցէն բաժնուիլ, ան Աստուած կամ ամուսնական կարգադրութիւնը պատուած չ’ըլլար։ Անհատը որքա՛ն ալ ջանայ թաքցնել իր նպատակը, Եհովան գիտէ, թէ բաժանումը ծրագրուա՛ծ էր թէ ոչ։ Արդարեւ, «ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը» (Եբրայեցիս 4։13)։ Սակայն եթէ չափազանց վտանգաւոր պարագայ մը յարատեւէ, ո՛չ ոք պէտք է քննադատէ քրիստոնեան, որ իբրեւ վերջին լուծում կ’ընտրէ իր կողակիցէն բաժնուիլ։ Վերջաւորութեան, «ամէնքս ալ Աստուծոյ ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք» (Հռովմայեցիս 14։10-12, ՆԱ)։