Յաւելուած
Դրօշակի բարեւել, քուէարկել եւ քաղաքացիական ծառայութիւն
Դրօշակի բարեւել։ Եհովայի վկաները կը հաւատան թէ դրօշակին առջեւ խոնարհիլը կամ անոր բարեւելը, յաճախ ազգային քայլերգի մը ընկերակցութեամբ, պաշտամունքի արարք մըն է, որով անհատը իր փրկութիւնը կը վերագրէ պետութեան կամ անոր առաջնորդներուն եւ ոչ թէ Աստուծոյ (Եսայի 43։11. Ա. Կորնթացիս 10։14. Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Այս առաջնորդներէն մէկն էր՝ վաղեմի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը։ Այս հզօր միապետը ուզեց որ իր մեծութեամբ ու կրօնասիրութեամբ ժողովուրդը տպաւորէ։ Ուստի ան մեծ արձան մը կանգնեցուց եւ իր հպատակները ստիպեց որ անոր առջեւ խոնարհին, մինչ քայլերգի նման երաժշտութիւն մը կը նուագուէր։ Սակայն երեք եբրայեցիներ՝ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, մերժեցին արձանին երկրպագութիւն ընել, նոյնիսկ մահուան սպառնալիքին ներքեւ (Դանիէլ, գլուխ 3)։
Գալով մեր օրերուն, «դրօշակը ազգայնականութեան գլխաւոր խորհրդանշանը եւ պաշտամունքի գլխաւոր առարկան է», գրեց պատմաբան Քարլթոն Հէյս։ «Երբ դրօշակը հանդիսաւոր կերպով իրենց առջեւէն կ’անցնի, տղամարդիկ իրենց գլխարկները կը հանեն. իսկ դրօշակը գովաբանելու նպատակով, բանաստեղծներ գովերգներ կը յօրինեն եւ երեխաներ օրհներգներ կ’երգեն»։ Ան աւելցուց ըսելով, թէ ազգայնականութիւնը ունի իր «սուրբ օրերը», օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ նշուած յուլիս չորսը, նաեւ ունի իր «հերոսները», որոնք կը նկատուին սուրբեր, եւ անոնց նուիրուած սրբավայրերը, որոնք կը նկատուին «տաճարներ»։
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած հանրային արարողութեան մը ընթացքին, բանակին նախարարը նշեց. «Դրօշակը կը մեծարուի եւ կը պաշտուի. . . ճիշդ ինչպէս որ Հայրենիքը կը պաշտուի»։ Արդարեւ, համայնագիտարան մը անգամ մը դիտել տուաւ. «Դրօշակը խաչին նման սուրբ է» (The Encyclopedia Americana)։Վերոնշեալ համայնագիտարանը վերջերս նշեց, թէ ազգային քայլերգները «դրսեւորումն են հայրենասիրական զգացումներու եւ յաճախ կը պարփակեն կոչ մը Աստուծոյ՝ որ ժողովուրդը կամ անոր իշխանները առաջնորդէ եւ պաշտպանէ»։ Հետեւաբար, Եհովայի ծառաները տրամաբանական պատճառներ ունին, երբ դրօշակին բարեւելը եւ ազգային քայլերգներ պարփակող հայրենասիրական արարողութիւնները կը նկատեն կրօնական արարքներ։ Իրականութեան մէջ, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու դպրոցներուն մէջ դրօշակը պատուելու կամ հաւատարմութեան երդումը տալու նկատմամբ Եհովայի վկաներու զաւակներուն կեցուածքին մասին, գիրք մը կը գրէ. «Այս առօրեայ արարողութիւններուն կրօնական բնոյթ ունենալը վերջապէս հաստատուեցաւ Բարձրագոյն ատեանին կողմէ, շարք մը դատերով» (The American Character)։
Թէեւ Եհովայի ծառաները չեն մասնակցիր արարողութիւններու, զորս անաստուածաշնչական կը նկատեն, սակայն կը յարգեն ասիկա ընելու ուրիշներու իրաւունքը։ Անոնք նաեւ կը յարգեն ազգային դրօշակները իբրեւ խորհրդանիշներ, եւ իրաւացիօրէն հաստատուած կառավարութիւնները կ’ընդունին որպէս ‘իրենց վրայ եղած իշխանութիւններ’, որոնք կը ծառայեն իբրեւ «Աստուծոյ սպասաւոր» (Հռովմայեցիս 13։1-4)։ Ուստի Եհովայի վկաները «թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար» աղօթք ընելու յորդորին կը հնազանդին։ Սակայն մեր շարժառիթը հետեւեալն է՝ ‘խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարել կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով’ (Ա. Տիմոթէոս 2։2)։
Քաղաքական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկել։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կը յարգեն ուրիշներու քուէարկելու իրաւունքը։ Անոնք քաղաքական ընտրութիւններու դէմ չեն բողոքեր, եւ ընտրուած հեղինակութիւններուն հետ կը համագործակցին։ Սակայն քաղաքական հարցերու մէջ անդրդուելիօրէն չէզոք կը մնան (Մատթէոս 22։21. Ա. Պետրոս 3։16)։ Քրիստոնեայ մը ի՞նչ պէտք է ընէ այն երկիրներուն մէջ ուր քուէարկելը պարտադիր է, կամ այն պարագային, երբ քուէարկութեան խցիկ չմտնելը իրեն դէմ թշնամական զգացումներ կը հրահրէ։ Ի մտի ունենալով որ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով մինչեւ Դուրա դաշտը գացին, քրիստոնեան ալ նոյնանման պարագաներու ներքեւ կրնայ որոշել քուէարկութեան խցիկը մտնել, եթէ իր խղճմտանքը ներէ։ Սակայն ան զգոյշ պիտի ըլլայ որ իր չէզոքութիւնը չբեկանէ։ Ան նկատի պէտք է առնէ հետեւեալ վեց սկզբունքները.
-
Յիսուսի հետեւորդները ‘աշխարհէն չեն’ (Յովհաննէս 15։19)։
-
Քրիստոնեաները կը ներկայացնեն Քրիստոսն ու իր Թագաւորութիւնը (Յովհաննէս 18։36. Բ. Կորնթացիս 5։20)։
-
Քրիստոնեայ ժողովքը հաւատքի մէջ միացած է եւ անոր անդամները քրիստոնէական սիրով իրարու կապուած են (Ա. Կորնթացիս 1։10. Կողոսացիս 3։14)։
-
Անոնք, որոնք որոշ պաշտօնեայի մը ընտրութեան կը մասնակցին, պատասխանատու են անոր արարքներուն։ Նկատի առ Ա. Թագաւորաց 8։5, 10-18 եւ Ա. Տիմոթէոս 5։22–ի մէջ արձանագրուած խօսքերուն ետին գտնուող սկզբունքները։
-
Եհովա տեսանելի կառավարիչ մը ունենալու իսրայէլի փափաքը նկատեց նշան մը, թէ անոնք Զինք մերժած էին (Ա. Թագաւորաց 8։7)։
-
Քրիստոնեաները պէտք է խօսելու համարձակութիւն ունենան, երբ քաղաքական տարբեր համոզումներ ունեցող մարդոց հետ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը խօսին (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Եբրայեցիս 10։35, ԱԾ)։
Քաղաքացիական ծառայութիւն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, պետութիւնը կը պահանջէ որ զինուորական ծառայութիւն մերժողները, որոշ ժամանակի մը համար կարգ մը քաղաքացիական ծառայութիւններու մասնակցին։ Երբ այս հարցին նկատմամբ որոշում մը պիտի առնենք, պէտք է անոր մասին աղօթենք, թերեւս հասուն քրիստոնեայ հաւատակիցի մը հետ խօսինք, ապա մեր կրթուած խղճմտանքին հիման վրայ որոշում կայացնենք (Առակաց 2։1-5. Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ)։
Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, որ ‘իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդինք ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուինք, հեզահոգի’ ըլլանք (Տիտոս 3։1, 2)։ Ասիկա ի մտի ունենալով, կրնանք մենք մեզի հետեւեալ հարցումները ուղղել. ‘Առաջարկուած քաղաքացիական ծառայութիւնը ընդունիլս քրիստոնէական չէզոքութեանս մէջ զիջում պիտի սեպուի՞, կամ թէ պատճառ պիտի ըլլա՞յ սուտ կրօնքի միջամուխ ըլլալու’ (Միքիա 4։3, 5. Բ. Կորնթացիս 6։16, 17)։ ‘Այս ծառայութիւնը քրիստոնէական պատասխանատուութիւններս կատարելը պիտի դժուարացնէ՞ կամ նոյնիսկ զանոնք կատարելուս արգելք պիտի հանդիսանա՞յ’ (Մատթէոս 28։19, 20. Եփեսացիս 6։4. Եբրայեցիս 10։24, 25)։ ‘Միւս կողմէ, այս տեսակի ծառայութիւնը առիթ պիտի տա՞յ հոգեւոր գործունէութիւններս ընդարձակելու, թերեւս լիաժամ ծառայութեան մասնակցելով’ (Եբրայեցիս 6։11, 12)։
Եթէ քրիստոնեային խիղճը ներէ, որ բանտ երթալու փոխարէն քաղաքացիական ծառայութեան մասնակցի, քրիստոնեայ հաւատակիցները անոր որոշումը պէտք է յարգեն (Հռովմայեցիս 14։10)։ Եւ եթէ ան զգայ թէ ինք չի կրնար այսպիսի ծառայութեան մը մասնակցիլ, անոնք դարձեալ պէտք է անոր այս որոշումը յարգեն (Ա. Կորնթացիս 10։29. Բ. Կորնթացիս 1։23բ)։