Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 9

«Պոռնկութենէն փախէք»

«Պոռնկութենէն փախէք»

«Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է» (ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։5

1, 2. Բաղաամ ինչպէ՞ս ծրագրեց Եհովայի ժողովուրդին վնաս հասցնել։

ՁԿՆՈՐՍԸ կ’ուղղուի դէպի իր նախասիրած վայրը, որպէսզի ձուկի որոշ տեսակ մը որսայ։ Ան կ’ընտրէ յարմար խայծը, կ’անցընէ կարթին եւ կը նետէ ջուրը։ Քանի մը վայրկեան ետք կարթալարը կը պրկուի, ձողը կը ծռի։ Ան կը քաշէ կարթին կախուած ձուկը եւ կը ժպտայ. ան ճիշդ խայծը ընտրած էր։

2 Ք.Ա. 1473–ին, Բաղաամ անունով մարդ մը, երկար ատեն խորհեցաւ որպէսզի խայծ մը գտնէր որսալու համար Աստուծոյ ժողովուրդը, որ Մովաբի դաշտերուն մէջ բանակած էր, Աւետեաց երկրին սահմանը։ Բաղաամ կը դաւանէր Եհովայի մարգարէ մը ըլլալ, բայց իրականութեան մէջ, ան ագահ մարդ մըն էր, որ վարձուած էր իսրայէլը անիծելու համար։ Սակայն Եհովայի միջամտութեամբ, Բաղաամ կրցաւ միա՛յն օրհնել իսրայէլը։ Ան վճռած ըլլալով վարձատրութիւն ստանալ, մտածեց որ թերեւս կարենար Աստուած մղել որ Իր իսկ ժողովուրդը անիծէ, եթէ անոնք լուրջ մեղք մը գործէին։ Այդ նպատակով, Բաղաամ ընտրեց իր խայծը,– Մովաբի հրապուրիչ երիտասարդուհիները (Թուոց 22։1-7. 31։15, 16. Յայտնութիւն 2։14

3. Բաղաամի ծրագիրը ո՞ր տարողութեամբ յաջողեցաւ։

3 Արդեօք այս ծրագիրը յաջողեցա՞ւ։ Որոշ չափով, այո՛։ Տասնեակ հազարաւոր իսրայէլացի տղամարդիկ խայծին զոհ գացին՝ ‘Մովաբի աղջիկներուն հետ պոռնկութիւն ընելով’։ Անոնք նոյնիսկ սկսան Մովաբի չաստուածները պաշտել, ներառեալ՝ գարշելի Բելփեգովրի Բահաղը, արգասաբերութեան կամ սեռի չաստուածը։ Առ ի հետեւանք, 24,000 իսրայէլացիներ ոչնչացան, ճիշդ Աւետեաց երկրի սեմին։ Ասիկա ինչ մե՜ծ ողբերգութիւն մըն էր (Թուոց 25։1-9

4. Ինչո՞ւ հազարաւոր իսրայէլացիներ պոռնկութեան զոհ գացին։

4 Ի՞նչ բան ճամբան հարթեց այս աղէտին։ Ժողովուրդէն շատեր չար սիրտ մը մշակած էին՝ հեռանալով Եհովայէ, այն Աստուծմէն՝ որ զիրենք Եգիպտոսէն ազատագրած էր, անապատին մէջ կերակրած եւ ապահովաբար Աւետեաց երկիր առաջնորդած էր (Եբրայեցիս 3։12)։ Այս դէպքին անդրադառնալով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան» (Ա. Կորնթացիս 10։8) *։

5, 6. Մովաբի դաշտերուն մէջ իսրայէլացիներուն գործած մեղքին մասին արձանագրութիւնը մեզի համար ինչո՞ւ արժէքաւոր է։

5 Այս դէպքը, ներկայիս շատ կարեւոր դասեր կը պարփակէ Աստուծոյ ժողովուրդին համար, որ կը գտնուի շա՜տ աւելի ընդարձակ խոստացեալ երկրի մը սեմին (Ա. Կորնթացիս 10։11)։ Օրինակ, ներկայ աշխարհը վաղեմի մովաբացիներուն նման սեռի խենթ է, սակայն շատ աւելի մեծ տարողութեամբ։ Ասկէ զատ, ամէն տարի հազարաւոր քրիստոնեաներ զոհ կ’երթան անբարոյութեան,– նոյն խայծը որմէ իսրայէլացիները բռնուեցան (Բ. Կորնթացիս 2։11)։ Եւ ինչպէս որ անցեալին Զամբրին յանդգնեցաւ իսրայէլացիներուն աչքին առջեւ բանակավայրին մէջ՝ իր վրանը մտցնել մադիանացի կին մը, նոյնպէս այսօր Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցողներէն ոմանք, քրիստոնէական ժողովքէն անդամներ կրնան ապականել (Թուոց 25։6, 14. Յուդա 4

6 Գիտե՞ս որ այսօր կը գտնուիս պարագայի մը մէջ, որ նման է անցեալին Մովաբի դաշտերուն մէջ գտնուող իսրայէլացիներուն պարագային։ Հորիզոնին վրայ կը տեսնե՞ս մրցանակդ՝ երկա՜ր ատենէ սպասուած նոր աշխարհը։ Եթէ այո, ուրեմն Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար քու բոլոր կարելիդ ըրէ, անսալով սա պատուէրին. «Պոռնկութենէն փախէք» (Ա. Կորնթացիս 6։18

Մովաբի դաշտերը

Ի՞ՆՉ Է ՊՈՌՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

7, 8. Ի՞նչ է «պոռնկութիւնը», եւ զայն գործողները ինչպէ՞ս կը հնձեն իրենց ցանածը։

7 Աստուածաշունչին մէջ, «պոռնկութիւն» (յունարէն՝ բոռ·նէա) բառը կը կիրարկուի սեռային ապօրինի յարաբերութիւններուն, որոնք տեղի կ’ունենան աստուածաշնչական պայմանները գոհացնող ամուսնութենէ դուրս։ Անիկա կը պարփակէ՝ շնութիւն, մարմնավաճառութիւն, չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ բերանային ու սրբանային սեռ եւ կողակիցը չեղողին սեռային անդամները գրգռել, ինչպէս նաեւ՝ միասեռականներու միջեւ գործուած վերոնշեալ արարքները եւ անասնապղծութիւն *։

8 Սուրբ Գրութիւնները շատ յստակ են. պոռնկութիւն գործողները չե՛ն կրնար մնալ քրիստոնէական ժողովքին մէջ եւ պիտի չժառանգեն յաւիտենական կեանք (Ա. Կորնթացիս 6։9. Յայտնութիւն 22։15)։ Աւելին, անոնք հիմա իսկ մեծ վնասներ կը կրեն, կորսնցնելով ուրիշներու վստահութիւնը եւ ինքնայարգանքի զգացումը։ Անոնք կը հնձեն ամուսնական անհամաձայնութիւն, խղճահարութիւն, անփափաքելի յղութիւն, հիւանդութիւն եւ նոյնիսկ մահ (կարդա՛ Գաղատացիս 6։7, 8)։ Ինչո՞ւ որդեգրել ընթացք մը որ ա՛յսքան ողբերգական հետեւանքներ ունի։ Ցաւալի է որ շատեր ա՛յդքան հեռուն չեն մտածեր, երբ կ’առնեն իրենց առաջին սխալ քայլը,– որ շատ յաճախ պոռնկագրութիւնն է։

ՊՈՌՆԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ

9. Պոռնկագրութիւնը անվնա՞ս է, ինչպէս ոմանք կը դաւանին. բացատրէ՛։

9 Շատ մը երկիրներու մէջ, պոռնկագրութիւն կարելի է գտնել թերթերու, պարբերաթերթերու, երգերու ու հեռատեսիլի յայտագիրներու մէջ, նաեւ համացանցը անով ողողուած է *։ Պոռնկագրութիւնը անվնա՞ս է, ինչպէս ոմանք կը դաւանին։ Ընդհակառակը, զայն դիտողները կրնան գիջամոլ դառնալ եւ «անարգ կրքեր» սնուցանել, որոնք կրնան յառաջացնել սեռի հանդէպ մոլութիւն, խեղաթիւրուած ցանկութիւններ, ամուսնական լուրջ տարակարծութիւններ եւ նոյնիսկ ամուսնալուծում (Հռովմայեցիս 1։24-27. Եփեսացիս 4։19) *։ Մասնագէտ մը, սեռի հանդէպ մոլութիւնը կը նմանցնէ քաղցկեղի, եւ կ’ըսէ. «Անիկա կը շարունակէ աճիլ եւ տարածուիլ։ Անիկա քիչ անգամ ինքնիրեն կ’անցնի, նաեւ շատ դժուար է զայն դարմանելը»։

Իմաստութիւն է համացանցը գործածել բոլորին տեսանելի եղող վայրի մը մէջ

10. Ի՞նչ կերպերով կրնանք Յակոբոս 1։14, 15–ի խրատը կիրարկել (նաեւ տե՛ս « Ինչպէս գտայ բարոյապէս մաքուր ըլլալու զօրութիւնը» շրջանակը)։

10 Նկատի առ Յակոբոս 1։14, 15–ի մէջ արձանագրուած խօսքերը, ուր կը կարդանք. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։ Ուստի, երբ մտքէդ չար ցանկութիւն մը անցնի, անմիջապէս անկէ ձերբազատուելու համար քայլեր առ։ Օրինակ, եթէ պատահաբար տռփագրգիռ պատկերներ տեսնես, անմիջապէս երեսդ դարձուր անոնցմէ, կամ համակարգիչը մարէ, եւ կամ հեռատեսիլին կայանը փոխէ։ Կարելիդ ըրէ, որպէսզի անբարոյ ցանկութեան տեղի չտաս։ Թէ ոչ, անիկա անսանձելի կը դառնայ եւ քեզ իր ճանկերուն մէջ կ’առնէ (կարդա՛ Մատթէոս 5։29, 30

11. Երբ սխալ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարինք, ինչպէ՞ս կրնանք ապացուցանել Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը։

11 Աստուած, որ մեզ աւելի լաւ կը ճանչնայ քան՝ մենք մեզ, վաւերական պատճառով մը կը յորդորէ. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է» (Կողոսացիս 3։5)։ Ճիշդ է որ ասիկա ընելը կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն մտաբերէ որ մենք սիրալիր ու համբերող երկնաւոր Հայր մը ունինք, որմէ կրնանք օգնութիւն խնդրել (Սաղմոս 68։19)։ Ուստի, երբ միտքէդ սխալ խորհուրդներ անցնին, անյապաղ Իրեն դիմէ։ Աղօթէ ‘անսահման զօրութեան’ համար եւ միտքդ կեդրոնացուր ա՛յլ բաներու վրայ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԹ. Ա. Կորնթացիս 9։27. տե՛ս « Ինչպէ՞ս կրնամ գէշ սովորութենէ մը ձերբազատուիլ» շրջանակը)։

12. Ի՞նչ է մեր «սիրտը» եւ զայն ինչո՞ւ պէտք է պահենք։

12 Սողոմոն իմաստուն գրեց. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են» (Առակաց 4։23)։ Մեր ‘սիրտը’ մեր ներքին անձն է, այն ինչ որ ենք Աստուծոյ աչքին։ Մեր ‘սրտին’ նայելով, Աստուա՛ծ կ’որոշէ եւ ոչ թէ ուրիշներ, որ յաւիտենական կեանք պիտի ստանանք թէ ոչ։ Ասիկա թէեւ շատ պարզ, բայց միեւնոյն ժամանակ լուրջ հարց է։ Ունինք հաւատարիմ Յոբի ընտիր օրինակը, որ իր աչքերուն հետ ուխտ ըրաւ, որպէսզի սխալ մղումներով չնայի ոեւէ կնոջ (Յոբ 31։1)։ Նոյնանման մտածելակերպ մը ցուցաբերելով, սաղմոսերգուն աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն» (Սաղմոս 119։37

ԴԻՆԱՅԻ ԱՆԽՈՀԵՄ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

13. Ո՞վ էր Դինան եւ անխոհեմաբար որո՞նց ընտրեց որպէս ընկերուհիներ։

13 Ինչպէս 3–րդ գլուխին մէջ տեսանք, մեր ընկերները կրնան մեր վրայ լաւ կամ գէշ զօրաւոր ազդեցութիւն բանեցնել (Առակաց 13։20. կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Նկատի առ Յակոբ նահապետի աղջկան՝ Դինայի օրինակը։ Հակառակ իր ստացած լաւ կրթութեան, Դինան անխոհեմաբար քանանացի աղջիկներէն ընկերուհիներ ընտրեց։ Քանանացիները մովաբացիներուն նման բարոյապէս վատահամբաւ էին (Ղեւտացւոց 18։6-25)։ Ուստի քանանացի տղամարդոց կարծիքով, ներառեալ՝ Սիւքէմը, որ «իր հօրը տանը մէջ եղողներուն ամենէն պատուականն էր», Դինան կը թուէր ըլլալ սովորական որս մը, որ պիտի չմերժէր անոնց սեռային առաջարկները (Ծննդոց 34։18, 19

14. Դինայի բարեկամութիւններու ընտրութիւնը ինչպիսի՞ ողբերգութեան առաջնորդեց։

14 Երբ Դինան Սիւքէմին ծանօթացաւ, հաւանաբար իր մտքէն իսկ չանցաւ անոր հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Բայց Սիւքէմ ըրաւ ինչ որ քանանացի տղամարդ մը պիտի ընէր, երբ սեռային կերպով գրգռուէր։ Նոյնիսկ եթէ Դինան դիմադրած ըլլար, բայց արդէն ուշ էր, քանի որ Սիւքէմ «առաւ» ու «պղծեց զանիկա»։ Այնպէս կ’երեւնայ թէ յետագային Սիւքէմ «սիրեց» Դինան, բայց անոր հասցուցած վնասը անփոփոխելի էր (կարդա՛ Ծննդոց 34։1-4)։ Սակայն Դինան միակը չէր որ ասոր հետեւանքները կրեց։ Ընկերուհիներու իր սխալ ընտրութիւնը սկիզբ տուաւ միջադէպերու, որոնք իր ամբողջ ընտանիքին հանդէպ նախատինք բերին ու ատելութիւն հրահրեցին (Ծննդոց 34։7, 25-31. Գաղատացիս 6։7, 8

15, 16. Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական իմաստութիւն ձեռք ձգել (տե՛ս նաեւ « Համարներ՝ որոնց վրայ կրնանք խոկալ» շրջանակը)։

15 Հաւանաբար, Դինան այս միջադէպէն կարեւոր դաս մը սորվեցաւ՝ սուղ գին մը վճարելով։ Անոնք, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ իրեն կը հնազանդին ստիպուած չեն կեանքէն դասեր սորվելու իրե՛նց քսակէն։ Անոնք Աստուծոյ մտիկ կ’ընեն, անոր համար կ’ընտրեն ‘իմաստուններու հետ քալել’ (Առակաց 13։20ա)։ Հետեւաբար, անոնք ‘ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնան’ եւ պիտի խուսափին անհարկի խնդիրներէ ու ցաւերէ (Առակաց 2։6-9. Սաղմոս 1։1-3

16 Աստուածային իմաստութիւնը մատչելի է բոլոր անոնց, որոնք անոր կը տենչան եւ անոր համաձայն կը գործեն, աղօթքի մէջ յարատեւելով ու կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով Աստուծոյ Խօսքը եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հայթայթած նիւթերը (Մատթէոս 24։45. Յակոբոս 1։5)։ Խոնարհութիւնն ալ կարեւոր է, որ կը դրսեւորուի հնազանդելով աստուածաշնչական խրատին (Դ. Թագաւորաց 22։18, 19)։ Օրինակ՝ քրիստոնեայ մը սկզբունքով կրնայ ընդունիլ, թէ իր սիրտը խաբեբայ ու խիստ չար կրնայ ըլլալ (Երեմիա 17։9)։ Բայց երբ պատահի որ ան անխոհեմաբար վարուի, բաւարար խոնարհութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ ընդունելով իրեն տրուած մասնայատուկ, սիրալիր խրատն ու օգնութիւնը։

17. Նկարագրէ պարագայ մը որ կրնայ ծագիլ ընտանիքի մը մէջ, եւ ցոյց տուր թէ հայր մը ինչպէ՛ս կրնայ իր դուստրին հետ պատճառաբանել։

17 Ենթադրենք թէ հայր մը թոյլ չի տար որ իր դուստրը դուրս ելլէ քրիստոնեայ եղբօր մը հետ, առանց երրորդ անհատի մը ընկերակցութեան։ Դուստրը կ’ընդվզի, ըսելով. «Բայց հայրիկ, ինծի չե՞ս վստահիր։ Սխալ բան մը պիտի չընենք»։ Թերեւս դուստրը կը սիրէ Եհովան եւ լաւ միտումով կ’ըսէ այս բանը, բայց ան աստուածային ‘իմաստութեամբ կը քալէ՞’, ‘պոռնկութենէ կը փախչի՞’, թէ ոչ անմտօրէն ‘իր սրտին կ’ապաւինի’ (Առակաց 28։26)։ Թերեւս մտածես յաւելեալ սկզբունքներու մասին, որոնք կրնան այսպիսի հօր մը եւ իր դուստրին օգնել, հարցին շուրջ պատճառաբանելու (տե՛ս Առակաց 22։3. Մատթէոս 6։13. 26։41

ՅՈՎՍԷՓ ՊՈՌՆԿՈՒԹԵՆԷ ՓԱԽԱՒ

18, 19. Յովսէփ ի՞նչ փորձութիւն դիմագրաւեց եւ ինչպէ՞ս յաղթահարեց զայն։

18 Դինայի խորթ եղբայրը՝ Յովսէփ, օրինակելի երիտասարդ մըն էր։ Ան Աստուած կը սիրէր եւ պոռնկութենէ փախաւ (Ծննդոց 30։20-24)։ Յովսէփ փոքր էր, երբ ականատես եղաւ իր քրոջ անխոհեմ վարքին հետեւանքներուն։ Անկասկած այդ յիշատակները, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու իր փափաքը, զինք պաշտպանեցին, երբ տարիներ ետք Եգիպտոսի մէջ իր տիրոջ կինը փորձեց զինք «օրէ օր» հրապուրել։ Ստրուկ մը ըլլալով, Յովսէփ չէր կրնար պարզապէս իր գործէն հրաժարիլ եւ հեռանալ։ Հարկ էր որ ան պարագան ձեռք առնէր իմաստութեամբ ու քաջութեամբ։ Ան այդպէս ալ վարուեցաւ, երբ մէկէ աւելի անգամներ Պետափրէսի կնոջ առաջարկը մերժելէ ետք, ի վերջոյ անկէ փախուստ տուաւ (կարդա՛ Ծննդոց 39։7-12

19 Պահ մը խորհէ. եթէ Յովսէփ այդ կնոջ մասին միշտ մտածած ըլլար կամ բաց աչքով սեռի մասին երազէր, ան պիտի կարենա՞ր իր ուղղամտութիւնը պահել։ Շատ հաւանաբար ո՛չ։ Մեղաւոր խորհուրդներու վրայ կեդրոնանալու տեղ, Յովսէփ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը արժեւորեց, ինչ որ բացայայտ էր Պետափրէսի կնոջ ուղղուած իր խօսքերէն, երբ ըսաւ. «Իմ տէրս. . . բա՛ն մը ինձմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծննդոց 39։8, 9

20. Յովսէփի պարագային Եհովան հարցերը ինչպէ՞ս ուղղեց։

20 Պահ մը երեւակայէ թէ Եհովան որքան կ’ուրախանար, երբ կը տեսնէր երիտասարդ Յովսէփը, որ իր ծնողքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, օրէ օր իր ուղղամտութիւնը կը պահէր (Առակաց 27։11)։ Յետագային, Ան հարցերը այնպէս մը ուղղեց, որ Յովսէփ ոչ միայն բանտէն ազատ արձակուի, այլ նաեւ նշանակուի Եգիպտոսի վարչապետը եւ ուտեստեղէնի խնամակալը (Ծննդոց 41։39-49Սաղմոս 97։10–ի խօսքերը որքա՜ն ճշմարիտ են. «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։ Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք»։

21. Ափրիկեան երկրի մը մէջ, եղբայր մը ինչպէ՞ս քաջաբար մերժեց անբարոյութեան առաջարկ մը։

21 Նոյնպէս այսօր, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր կ’ապացուցանեն թէ ‘չարութիւնը կ’ատեն ու բարութիւնը կը սիրեն’ (Ամովս 5։15)։ Ափրիկեան երկրի մը մէջ, երիտասարդ եղբայր մը կը յիշէ դասընկերուհիի մը պարագան, որ յանդգնօրէն առաջարկած էր իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ, թուաբանութեան քննութեան մը ընթացքին իրեն օգնելու փոխարէնը։ Եղբայրը կ’ըսէ. «Անմիջապէս մերժեցի իր առաջարկը։ Ուղղամտութիւնս պահելով՝ պահպանած եմ արժանապատուութիւնս ու ինքնայարգանքս, որոնք շա՜տ աւելի արժէքաւոր են քան ոսկին ու արծաթը»։ Արդարեւ, մեղքը կրնայ «ժամանակաւոր զուարճութիւն» պատճառել, բայց այսպիսի վաղանցիկ հաճոյքներ յաճախ շատ վիշտ կը յառաջացնեն (Եբրայեցիս 11։25)։ Ասկէ զատ, անոնք աննշան են, երբ համեմատուին մնայուն երջանկութեան հետ, որ Եհովայի հնազանդելէն յառաջ կու գայ (Առակաց 10։22

ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԾՄԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴՈՒՆԷ

22, 23. ա) Եթէ քրիստոնեան լուրջ մեղք մը գործէ, ներում ստանալու յոյս ունի՞։ բ) Յանցագործին ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։

22 Անկատարութեան պատճառով, բոլորս ալ կը պայքարինք որ մարմնաւոր ցանկութիւններու վրայ տիրապետենք եւ Աստուծոյ աչքին ճիշդը ընենք (Հռովմայեցիս 7։21-25)։ Եհովան ասոր գիտակից է եւ «կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։14)։ Սակայն, երբեմն քրիստոնեան կրնայ լուրջ մեղք մը գործել։ Արդեօք ան ներում ստանալու յոյս ունի՞։ Այո՛։ Ճիշդ է որ յանցագործը իր մեղքին դառն հետեւանքները պիտի կրէ, ինչպէս Դաւիթ թագաւոր կրեց, սակայն Աստուած միշտ «ներող» է եւ կը ներէ անոնց, որոնք կը զղջան եւ իրենց մեղքերը ‘կը խոստովանին’ (Սաղմոս 86։5. Յակոբոս 5։16. կարդա՛ Առակաց 28։13

23 Ասկէ զատ, Աստուած քրիստոնէական ժողովքին հանդէպ սէրէ մղուած հայթայթած է «որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ», որոնք հոգեւորապէս հասուն հովիւներ են։ Անոնք որակեալ են եւ պատրաստ են օգնութեան ձեռք երկարելու (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ, 12. Յակոբոս 5։14, 15)։ Անոնց նպատակն է յանցագործին օգնել Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը վերականգնելու եւ ‘խելք վաստկելու’, որպէսզի իր գործած մեղքը չկրկնէ (Առակաց 15։32

‘ԽԵԼՔ ՎԱՍՏԿԻԼ’

24, 25. ա) Առակաց 7։6-23–ի մէջ նկարագրուած երիտասարդը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ ինք «պակասամիտ» էր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ‘խելք վաստկիլ’։

24 Աստուածաշունչը կը խօսի թէ՛ «պակասամիտ» եւ թէ «խելք վաստկող» անհատներու մասին (Առակաց 7։7)։ Հոգեւորապէս տհաս եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ անփորձ ըլլալուն պատճառով, «պակասամիտ» անհատ մը կրնայ խորը թափանցելու եւ լաւ դատելու կարողութիւնը չունենալ։ Առակաց 7։6-23–ի մէջ նկարագրուած երիտասարդին նման, ան կրնայ շատ դիւրաւ լուրջ մեղքի մը զոհը դառնալ։ Սակայն «խելք վաստկողը» կը քննէ իր ներքին անձը՝ կանոնաւորաբար աղօթելով եւ ուսումնասիրելով Աստուծոյ Խօսքը։ Ան անկատար ըլլալով հանդերձ, իր կարողութեան ներած չափով Աստուծոյ հաճած բաներուն հետ կը ներդաշնակէ իր մտածումները, ցանկութիւնները, զգացումներն ու կեանքի նպատակները։ Այսպէս՝ ան «իր հոգին կը սիրէ» կամ իր անձին օգտակար կը դառնայ, եւ ‘բարիք կը գտնէ’ (Առակաց 19։8

25 Դուն քեզի հարց տուր. ‘Լիովին համոզուա՞ծ եմ, որ Աստուծոյ չափանիշները ճիշդ են։ Իսկապէս կը հաւատա՞մ թէ անոնց կառչիլը շատ մեծ ուրախութեան կ’առաջնորդէ’ (Սաղմոս 19։7-10. Եսայի 48։17, 18)։ Եթէ նոյնիսկ պզտիկ կասկած մը ունիս, քայլեր առ որ զայն փարատես։ Խորհրդածէ Աստուծոյ օրէնքները անտեսելու հետեւանքներուն մասին։ Ասկէ զատ, ‘ճաշակէ ու տես թէ Տէրը բարի է’։ Ասիկա կրնաս ընել ճշմարտութեան համաձայն ապրելով եւ մտածելով օգտակար բաներու մասին,– բաներ՝ որոնք ճշմարտութիւնով, արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով եւ առաքինութեամբ են (Սաղմոս 34։8. Փիլիպպեցիս 4։8, 9)։ Վստահ եղիր, որ ասիկա ո՛րքան աւելի ընես, ա՛յնքան աւելի Աստուծոյ հանդէպ սէրդ կ’աճի, իր սիրածը կը սիրես եւ իր ատածը կ’ատես։ Յովսէփ կատարեալ մարդ մը չէր, բայց եւ այնպէս ան կրցաւ ‘պոռնկութենէ փախչիլ’, քանի որ թոյլ տուաւ Եհովայի, որ տարիներու ընթացքին զինք կաղապարէ եւ իրեն «խելք» տայ։ Կը մաղթենք որ դուն ալ թոյլ տաս որ Եհովան քեզ կաղապարէ (Եսայի 64։8

26. Յաջորդ երկու գլուխներուն մէջ ի՞նչ կարեւոր նիւթ նկատի պիտի առնուի։

26 Մեր Արարիչը մեր սեռային գործարանները չէ ստեղծած անբարոյութեան համար, այլ՝ որպէսզի կարենանք զաւակներ ունենալ եւ ամուսնութեան ծիրէն ներս սեռային մտերմութիւն վայելել (Առակաց 5։18)։ Յաջորդ երկու գլուխներուն մէջ պիտի քննարկուի ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը։

^ պարբ. 4 Թուոց գրքին մէջ նշուած 24,000–ը, ակներեւաբար պարփակեց՝ դատաւորներուն կողմէ մահապատիժի ենթարկուած «ժողովուրդին բոլոր իշխանները», որոնց թիւը հաւանաբար 1000 ըլլալու էր, առաւել անոնք՝ որոնք ուղղակի Եհովայի կողմէ մահապատիժի ենթարկուեցան (Թուոց 25։4, 5

^ պարբ. 7 Պղծութեան ու անառակութեան իմաստներուն շուրջ քննարկութեան համար, տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն», Դիտարան 15 յուլիս 2006 (անգլերէնով), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 9 Հոս «պոռնկագրութիւն» բառը կ’ակնարկէ տպագրուած, ձայնագրուած եւ տեսագրուած տռփագրգիռ նիւթերու, որոնց նպատակն է սեռային գրգռութիւն յառաջացնել։ Պոռնկագրութիւնը կրնայ սկսիլ տռփագրգիռ շարժուձեւեր ցուցադրող նկարներով, եւ կը հասնի մինչեւ տեսագրուած լկտի սեռային արարքներու, երկու կամ աւելի անհատներու միջեւ։

^ պարբ. 9 Գիջութիւնը քննարկուած է «Գիջութեան դէմ պայքարը շահիլ» յաւելուածին մէջ։