Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէք

Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէք

Գլուխ 10

Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէք

Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ ի՛նչու հիմա կեանքը այսքան տարբեր է, բաղդատած՝ դար մը առաջուան հետ։ Կարգ մը բաներ բարելաւուած են։ Շատ մը երկիրներու մէջ, անցեալին մահացու եղող հիւանդութիւններ հիմա դիւրութեամբ կը բուժուին եւ մարդոց մեծամասնութիւնը այնպիսի կենցաղ մը ունի զոր իր նախնիքները երեւակայած պիտի չըլլային։ Իսկ միւս կողմէն, մեր դարը պատմութեան յոռեգոյն պատերազմները եւ ամենագէշ վայրագութիւնները տեսած է։ Մարդկութեան բարեկեցութիւնը՝ նոյնիսկ անոր գոյատեւումը՝ սպառնալիքի տակ է բնակչութեան պայթումով, ապականութեան հարցով եւ կորիզային, կենսատարրական եւ քիմիական զէնքերու ընդարձակ ու միջազգային մթերումով։ Այս Ի. դարը ինչո՞ւ այսքան տարբեր է նախկին դարերէն։

1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Ի. դարը ինչպէ՞ս տարբեր եղած է նախկին դարերէն։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ մեր ժամանակները ի՛նչու տարբեր են։

ԱՅՍ հարցումին պատասխանը կապ ունի Աստուածաշունչի աչքառու մէկ մարգարէութեան հետ, որու կատարուիլը կը տեսնէք։ Ատիկա Յիսուսի կողմէ տրուած մարգարէութիւն մըն է, որ Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալը փաստելէն զատ, կը նշէ որ մենք կը գտնուինք աշխարհի թատերաբեմին եղերական փոփոխութիւններու սեմին։ Ի՞նչ է այս մարգարէութիւնը։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ անիկա հիմա կը կատարուի։

Յիսուսի Մեծ Մարգարէութիւնը

2, 3. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ հարցում ուղղեցին իրեն, եւ իր պատասխանը ո՞ւր կը գտնենք։

2 Աստուածաշունչը մեզի կըսէ որ Յիսուսի մահէն քիչ առաջ, իր աշակերտները Երուսաղէմի մեծ տաճարին կառոյցին մասին կը խօսէին։ Անոնք տպաւորուած էին այդ տաճարին մեծութեամբ եւ երեւութական տոկունութեամբ։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կըսեմ ձեզի, Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։—Մատթէոս 24։1, 2

3 Յիսուսի այս խօսքերը ապշեցուցած ըլլալու են իր աշակերտները որոնք հետագային իրեն եկան եւ իրմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրեցին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս վերջին [իրերու այս դրութեան վախճանին (ՆԱ)] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուսի պատասխանը կը գտնուի Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ։ Իր խօսքերը նաեւ արձանագրուած են Մարկոս 13–րդ եւ Ղուկաս 21–րդ գլուխներուն մէջ։ Ասիկա որոշապէս իր երկրային կեանքի ընթացքին Յիսուսի կողմէ տրուած կարեւորագոյն մարգարէութիւնն էր։

4. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ տարբեր բաներու մասին կը հարցնէին։

4 Իրականութեան մէջ, Յիսուսի աշակերտները մէկէ աւելի բաներու մասին կը հարցնէին։ Նախ, անոնք հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները», այսինքն, Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը ե՞րբ պիտի կործանին։ Ապա, անոնք կուզէին գիտնալ այն նշանը որ պիտի նշէր թէ Յիսուս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ որպէս Թագաւոր ներկայ էր եւ իրերու այս դրութեան վախճանը մօտ էր։

5. (ա) Յիսուսի մարգարէութիւնը նախնական ի՞նչ կատարում ունեցաւ, սակայն իր խօսքերը ե՞րբ իրենց ամբողջական կատարումը պիտի ունենային։ (բ) Յիսուս ինչպէ՞ս սկսաւ պատասխանել աշակերտներուն հարցումին։

5 Իր պատասխանին մէջ, Յիսուս այս երկու կէտերը նկատի առաւ։ Իր խօսքերէն շատերը իրապէս կատարուեցան առաջին դարուն, Հ.Դ. 70–ին, Երուսաղէմի ահաւոր կործանումին նախորդող տարիներու ընթացքին։ (Մատթէոս 24։422) Բայց իր մարգարէութիւնը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն մը պիտի ունենար հետագային, իրականութեան մէջ, մեր օրերուն։ Արդ, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ Ան իր մարգարէութիւնը 7–րդ եւ 8–րդ համարներուն մէջ արձանագրուած հետեւեալ խօսքերով սկսաւ։ «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։

6. Մատթէոս 24։7, 8–ին մէջ, Յիսուսի խօսքերը ո՞ր զուգահեռ մարգարէութիւնը կը յիշեցնեն մեզի։

6 Յստակ էր, ուրեմն, որ որպէս երկնային Թագաւոր Յիսուսի ներկայութիւնը երկրի վրայ մեծ տակնուվրայութիւններով պիտի նշուէր։ Ասիկա կը հաստատուի Յայտնութիւն գիրքին զուգահեռ մարգարէութեամբ մը. Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներու տեսիլքով։ (Յայտնութիւն 6։18) Այս ձիաւորներուն առաջինը Յիսուսը կը պատկերացնէ որպէս յաղթական Թագաւոր։ Միւս հեծեալները եւ իրենց ձիերը կը պատկերացնեն երկրի վրայ այն իրադարձութիւնները որոնք կը նշեն Յիսուսի իշխանութեան սկիզբը. պատերազմ, սով եւ տարբեր ազդակներով պատճառուած վաղահաս մահ։ Ներկայիս այս երկու մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը տեսնէ՞ք։

Պատերազմ

7. Աբոքալիբսին երկրորդ ձիաւորին արշաւով մարգարէականօրէն ի՞նչ կը նախապատկերացուի։

7 Այս մարգարէութիւնները աւելի մօտէն քննենք։ Նախ, Յիսուս ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ Ասիկա պատերազմի մարգարէութիւն մըն էր։ Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներուն երկրորդն ալ պատերազմ կը պատկերացնէր։ Կը կարդանք. «Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէսզի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 6։4) Արդէն հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդիկ պատերազմներ կը մղեն։ Ուստի, այս խօսքերը ինչո՞ւ մասնայատուկ նշանակութիւն մը ունին մեր օրերուն։

8. Ինչո՞ւ պիտի ակնկալէինք որ պատերազմը նշանին աչքառու մէկ երեսակը ըլլար։

8 Յիշեցէք թէ Յիսուսի ներկայութեան նշանը միմիայն պատերազմ չէ։ Յիսուսի մարգարէութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն միեւնոյն ժամանակաշրջանին մէջ պատահիլն է, որ կը կազմէ նշանը։ Բայց պատերազմը յիշուած առաջին երեսակն է. ուստի կրնանք ակնկալել որ այս երեսակը այնպիսի աչքառու կերպով մը պիտի կատարուէր, որ մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէր։ Իսկ ստիպուած ենք ընդունիլ որ այս Ի. դարու պատերազմները ամբողջ պատմութեան մէջ աննախընթաց են։

9, 10. Պատերազմին նկատմամբ մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս սկսան կատարուիլ։

9 Օրինակի համար, նախկին պատերազմներէն ո՛չ մէկը՝ որքան ալ բուռն եւ կործանարար եղած ըլլայ՝ կարելի է նոյնիսկ բաղդատել Ի. դարուն տեղի ունեցած երկու համաշխարհային պատերազմներուն հետ։ Ա. Աշխարհամարտը շուրջ 14 միլիոն մահեր պատճառեց. շատ մը երկիրներու ընդհանուր բնակչութեան թիւէն աւելի։ Իրապէս, «[այս ձիաւորին] ... իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէսզի իրար սպաննեն»։

10 Ըստ մարգարէութեան, Աբոքալիբսի ռազմանման երկրորդ ձիաւորին «մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ Ասիկա ի՞նչ բանի կը համեմատի։ Հետեւեալին. պատերազմական զէնքերը շատ աւելի մահացու եղան։ Հրասայլով, օդանաւով, մահացու թունաւոր կազերով, ընդծովեաներով եւ բազմաթիւ քիլոմեթր հեռու ռմբաձիգ հրետանիներով զինուած ըլլալով, մարդս աւելի ատակ եղաւ իր դրացին սպաննելու մէջ։ Իսկ Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր, «մեծ սուր»ը նոյնիսկ աւելի կործանարար եղած է հեռախօսի հաղորդակցութիւններու, ռատարներու, արդիական հրացաններու, մանրէաբանական եւ քիմիական զէնքերու, հրաձիգերու, հրդեհ յառաջացնող եւ նորաձեւ ռումբերու, միջ–ցամաքային արտաձգական հրթիռներու, կորիզային ընդծովեաներու, գերարդիական օդանաւերու եւ հսկայ ռազմանաւերու գործածութեան շնորհիւ։

«Ցաւերուն Սկիզբ»ը

11, 12. Ի՞նչ կերպով Ա. Աշխարհամարտը պարզապէս «ցաւերուն սկիզբն» էր։

11 Յիսուսի մարգարէութեան սկիզբի համարները սա խօսքերով կեզրափակուին. «Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։ Ասիկա վստահաբար շատ լաւ կը յարմարի Ա. Աշխարհամարտին։ 1918–ին, անոր վերջ դրուիլը երկարատեւ խաղաղութիւն չբերաւ։ Շուտով անոր յաջորդեցին թէեւ սահմանափակ, բայց վայրագ զինուորական բախումներ՝ Եթովպիոյ, Լիպիոյ, Սպանիոյ, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Ապա եկաւ քստմնելի Բ. Աշխարհամարտը որ շուրջ 50 միլիոն զինուորներու եւ քաղաքացիներու կեանքերը խլեց։

12 Հակառակ պարբերական խաղաղութեան համաձայնութիւններու եւ կռիւներու դադրեցման, մարդիկ տակաւին պատերազմի մէջ են։ 1987–ի տեղեկագրութիւն մը նշեց որ 1960–էն ի վեր, 81 մեծ պատերազմներ մղուած են, սպաննելով 12,555,000 այրեր, կիներ եւ երախաներ։ 1987 տարին, պատմութեան մէջ որեւէ տարուընէ աւելի շատ պատերազմներ տեսած է։1 Ասկէ զատ, զինուորական պատրաստութիւններն ու մսխումները, որոնք ներկայիս տարեկան շուրջ 1,000 միլիառ տոլարի կը հասնին, աշխարհի տնտեսականութեան լրջօրէն կը վնասեն։2 Յիսուսի մարգարէութիւնը թէ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»՝ իրապէս կը կատարուի։ Պատերազմի շառագոյն ձին կը շարունակէ իր վայրագ արշաւը ամբողջ երկրի վրայ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել նշանին երկրորդ երեսակին մասին։

Սովեր

13. Յիսուս ողբերգական ի՞նչ դէպքեր նախագուշակեց, եւ Աբոքալիբսին երրորդ ձիաւորին տեսիլքը ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի այս մարգարէութեան։

13 Յիսուս նախագուշակեց. «Եւ տեղ տեղ սովեր ... պիտի ըլլան»։ Նկատի առէք թէ ասիկա որքան ներդաշնակ է Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներէն երրորդին արշաւին հետ։ Անոր մասին կը կարդանք. «Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կըսէր. Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր»։ (Յայտնութիւն 6։5, 6) Ասիկա կը նախագուշակէր խիստ սովեր։

14. 1914–էն ի վեր, ո՞ր մեծ սովերը կատարած են Յիսուսի մարգարէութիւնը։

14 Կարելի՞ է որ այս մարգարէութիւնը հիմա կը կատարուի, երբ կարգ մը երկիրներ ապրելակերպի բարձր մակարդակի մը հասած են։ Ընդհանուր աշխարհին ակնարկ մը նետելը կը հաստատէ պատասխանը։ Պատմականօրէն, սովեր տեղի ունեցած են պատերազմներու եւ բնական աղէտներու պատճառաւ։ Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ շատ աւելի աղէտներ ու պատերազմներ տեսած մեր դարն ալ անընդհատ հարուածուած ըլլայ սովերով։ 1914–էն ի վեր, երկրի շատ մը շրջաններուն մէջ, մարդիկ այսպիսի աղէտներէ տառապած են։ Տեղեկագրութիւն մը կը նշէ որ 1914–էն ի վեր, աւելի քան 60 մեծ սովեր տեղի ունեցած են, իրարմէ տարբեր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկիրներու մէջ, ինչպէս Յունաստան, Հոլանտա, նախկին Խորհրդային Միութիւն, Նիկերիա, Չատ, Չիլի, Բերու, Պանկլատէշ, Պենկալ, Գամպոտիա, Եթովպիա եւ Ճափոն։3 Այս սովերէն ոմանք երկար տարիներ տեւած եւ միլիոնաւոր մահերու պատճառ եղած են։

15, 16. Ուրիշ ի՞նչպիսի սով մը իրապէս կործանարար է մեր օրերուն։

15 Թէեւ խիստ սովերը սովորաբար լայնօրէն կարձագանգուին, բայց ժամանակ մը ետք, կը մոռցուին, ու վերապրողները կամաց–կամաց կը վերադառնան իրենց յարաբերաբար բնականոն կեանքին։ Սակայն, Ի. դարուն, աւելի չարագուշակ սով մը ծաւալ ստացած է։ Ասիկա նուազ ակնբախ է եւ հետեւաբար՝ յաճախ անտեսուած, հակառակ անոր որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի։ Ասիկա թերի սննդառութեան ծանր պատուհասն է, որ մեր մոլորակի բնակչութեան մէկ հինգերորդին կազդէ, սպաննելով տարեկան 13–էն 18 միլիոն անհատներ։4

16 Ուրիշ խօսքով, այսպիսի սով մը ամէն երկու օրը այնքան մարդ կը սպաննէ, որքան Հիրոշիմայի վրայ արձակուած Հիւլէական ռումբը։ Արդարեւ, ամէն երկու տարի, Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն մեռած զինուորներուն թիւէն աւելի անհատներ կը մեռնին անօթութեան հետեւանքներէն։ Կրնա՞նք ըսել թէ 1914–էն ի վեր, «տեղ տեղ սովեր» եղած են։ Այո՛, արդարեւ։

Երկրաշարժներ

17. 1914–էն անմիջապէս ետք, կործանարար ի՞նչ երկրաշարժ տեղի ունեցաւ։

17 Յունուար 13, 1915–ին, երբ տակաւին Ա. Աշխարհամարտին սկսելուն քանի մը ամիսներ եղած էր, երկրաշարժ մը ցնցեց Իտալիոյ Ապրուզի քաղաքը եւ 32,610 մարդոց կեանքերը խլեց։ Այս մեծ աղէտը մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, պատերազմներու եւ սովերու պիտի ընկերակցէր ուրիշ դէպք մը. «Տեղ տեղ ... երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ Պատերազմին եւ սովին նման, Ապրուզի քաղաքին երկրաշարժն ալ պարզապէս «ցաւերուն սկիզբն» էր։ *

18. Երկրաշարժներու նկատմամբ Յիսուսի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։

18 Ի. դարը, երկրաշարժներու դար մը եղած է եւ հաղորդագրական միջոցներու զարգացման շնորհիւ, մարդիկ քաջածանօթ են անոնց պատճառած աւերումներուն։ Քանի մը հատը յիշենք. 1920–ին՝ Չինաստանի մէջ 200,000 անհատներ երկրաշարժով մը մահացան։ 1923–ին՝ Ճափոնի մէջ շուրջ 99,300 անհատներ երկրաշարժով մը մահացան։ 1935–ին՝ Փաքիստանի մէջ ուրիշ երկրաշարժ մը 25,000 անհատներ սպաննեց, մինչ 1939–ին՝ Թուրքիոյ մէջ 32,700 անհատներ սպաննուեցան։ 1970–ին՝ Բերուի մէջ 66,800 անհատներ երկրաշարժով մը մահացան եւ 1976–ին՝ Չինաստանի Թանկշան քաղաքին մէջ շուրջ 240,000 անհատներ (կամ, ըստ կարգ մը աղբիւրներուն, 800,000) մեռան։ Տակաւին վերջերս, 1988–ին՝ Հայաստանի մէջ զօրաւոր երկրաշարժի մը պատճառաւ 25,000 անհատներ մահացան։ * Վստահաբար, կրնանք ըսել որ «տեղ տեղ ... երկրաշարժներ» եղած են։6

«Մահացու Պատուհաս»

19. Յիսուս նախագուշակեց նշանին յաւելեալ ո՞ր երեսակն ալ, որ Աբոքալիբսին չորրորդ ձիաւորով նախագուշակուած է։

19 Յիսուսի մարգարէութեան ուրիշ մէկ երեսակը կապ ունի հիւանդութեան հետ։ Աւետարանիչ Ղուկաս, իր պատմութեան մէջ, կարձանագրէ որ Յիսուս «տեղ տեղ ... մահտարաժամներ» նախագուշակեց։ (Ղուկաս 21։11) Ասիկա ալ լաւ կերպով կը համեմատի Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներու մարգարէական տեսիլքին հետ։ Չորրորդ ձիաւորին անունը Մահ է։ Անիկա կը պատկերացնէ տարբեր բաներով՝ զոր օրինակ, «մահացու պատուհասով (ՆԱ)» եւ «երկրի գազաններով»՝ պատճառուած կանխահաս մահը։—Յայտնութիւն 6։8

20. Աչքառու ո՞ր համաճարակը մասամբ կատարեց մահտարաժամներու մասին Յիսուսի տուած մարգարէութիւնը։

20 1918–ին եւ 1919–ին, աւելի քան 1 միլիառ անհատներ հիւանդացան Սպանական հարբուխէն եւ աւելի քան 20 միլիոն անհատներ անկէ մահացան։ Այս հիւանդութիւնը շատ աւելի կեանքեր խլեց քան Մեծ Պատերազմը։7 Հակառակ բժշկական բացայայտ յառաջդիմութիւններուն, այս սերունդը կը շարունակէ տառապիլ «մահացու պատուհաս»է կամ «մահտարաժամներ»է։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Նախ ըսենք որ աւելի աղքատ երկիրները գիտական յառաջդիմութիւններէն միշտ չեն օգտուիր։ Աղքատ անհատներ կը տառապին եւ կը մահանան հիւանդութիւններէ զորս կարելի էր բուժել, եթէ աւելի դրամ ունենային։

21, 22. Թէ՛ հարուստ եւ թէ աղքատ երկիրներու բնակիչները ինչպէ՞ս տառապած են «մահացու պատուհաս»է։

21 Ուստի, համայն աշխարհի մէջ շուրջ 150 միլիոն անհատներ կը տառապին ճախճատենդէ (malaria)։ Ուրիշ 200,000 միլիոն անհատներ վարակուած են սողնատապէ (bilharziose)։ Շուրջ 10 միլիոն անհատներ շակայի ախտէ կը տառապին։ Շուրջ 40 միլիոն ուրիշներ կը տառապին գետի կուրութենէ։ Ամէն տարի միլիոնաւոր երախաներ կը մեռնին սաստիկ փորհարութենէ։8 Թոքախտն ու բորոտութիւնն ալ տակաւին առողջապահական լուրջ հարցեր են։ Շատ աչքառու կերպով, այս աշխարհի աղքատները կը տառապին «տեղ տեղ ... մահտարաժամներ»է։

22 Բայց հարուստներն ալ ասկէ չեն խնայուած։ Հարբուխը, զոր օրինակ, կը հարուածէ թէ՛ հարուստները եւ թէ աղքատները։ 1957–ին, միմիայն Միացեալ Նահանգներու մէջ հարբուխի ալիք մը 70,000 մահ պատճառեց։ Գերմանիոյ մէջ գնահատուած է որ 6–էն մէկը վերջապէս քաղցկեղէ պիտի տառապի։9 Սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ ախտերն ալ կը հարուածեն թէ՛ հարուստները եւ թէ աղքատները։ Ըստ տեղեկագրութեան, ջերմամիզութիւնը (gonorrheia)՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ ընթացիկ եղող փոխանցիկ ախտ մը՝ Ափրիկէի կարգ մը մասերուն մէջ բնակչութեան 18.9 առ հարիւրը կը հարուածէ։10 Ֆրանկախտը (syphilis), Գլամիտիան (chlamydiae) եւ սեռային գործարաններու սողնախտը (genital herpes) «մահտարաժամներ»ու ուրիշ քանի մը հատն են, որոնք սեռային ճամբով կը փոխանցուին։

23. Վերջերս ի՞նչպիսի «մահացու պատուհաս» մը օրաթերթերու վերնագիրները կազմած է։

23 Վերջին տարիներուն, ԱԴԱ–ի (AIDS) «մահացու պատուհաս»ն ալ «մահտարաժամներ»ու ցանկին միացած է։ ԱԴԱ–ն ահաւոր հիւանդութիւն մըն է, քանի որ մինչեւ այս գրքին գրութիւնը տակաւին բուժում մը չի տեսնուիր հորիզոնին վրայ եւ անոր զոհերուն թիւը շարունակաբար կաւելնայ։ Բժ. Ժոնաթան Ման որ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան (Ա.Հ.Կ.) ԱԴԱ–ի Մասնաւոր Յայտագրին տնօրէնն է, ըսաւ. «Կը գնահատուի որ ներկայիս մարդկային ախտազերծական անկարողութեան ժահրէն (HIV) վարակուածներուն թիւը 5–էն 10 միլիոն է»։11 Ըստ հրատարակուած հաշուեգրութեան մը, ԱԴԱ–ի ժահրը ամէն վայրկեան նոր զոհ մը կը հարուածէ։ Արդարեւ «մահացու պատուհաս» մը։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն մարգարէութեան մասին, որ գազաններով պատճառուած մահ կը նախագուշակէր։

«Երկրի Գազաններ»ը

24, 25. (ա) Եզեկիէլ մարգարէն ի՞նչպիսի «գազաններ»ու ակնարկեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ «գազաններ»ու մասին, որոնք իր ներկայութեան ընթացքին երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլային։

24 Իրականութեան մէջ, մեր օրերուն, երբ թերթերը գազաններու մասին կը խօսին, պատճառը այն է որ կարգ մը տեսակներ վտանգուած են կամ գրեթէ չքանալու վրայ են։ «Երկրի գազաններ»ը շատ աւելի մեծ սպառնալիքի ներքեւ կը գտնուին մարդոց կողմէ քան մարդիկ՝ գազաններու կողմէ։ Հակառակ ասոր, կարգ մը երկիրներու մէջ, վայրի անասուններ, ինչպէս Հնդկաստանի մէջ վագրեր, տակաւին կը շարունակեն մեծ թիւով մարդկային կեանքեր խլել։

25 Աստուածաշունչը, սակայն, մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ տարբեր տեսակ գազանի մը վրայ, որ վերջին տարիներուն իրապէս վախ պատճառած է։ Եզեկիէլ մարգարէն գազանաբարոյ մարդիկը նմանցուց վայրի անասուններու, երբ ըսաւ. «Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէսզի ագահութեամբ վաստկին»։ (Եզեկիէլ 22։27) Երբ մարգարէացաւ «անօրէնութեան շատնալուն» մասին, Յիսուս, իրականութեան մէջ, ըսել կուզէր թէ այսպիսի «գազաններ» երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլային իր ներկայութեան ընթացքին։ (Մատթէոս 24։12) Աստուածաշունչի գրութեան մասնակցող Պօղոս կաւելցնէ թէ «վերջին օրեր»ու ընթացքին, մարդիկ պիտի ըլլային «արծաթասէր, ... անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13) Պարագան այսպէ՞ս եղած է 1914–էն ի վեր։

2628. Համայն աշխարհէն եկող ի՞նչ տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ ոճրագործ «գազաններ» երկրի վրայ կոռնան։

26 Վստահաբար այո՛։ Եթէ որեւէ մեծ քաղաքի մը մէջ կը բնակիք, արդէն գիտէք ասոր ճշմարիտ ըլլալը։ Բայց եթէ կասկած ունիք, միայն նկատի առէք վերջերս հրատարակուած օրաթերթերու հետեւեալ մէջբերումները։ Գոլոմպիայէն. «Անցեալ տարի, ոստիկանութիւնը արձանագրեց ... շուրջ 10,000 մարդասպանութիւններ եւ 25,000 զինեալ գողութիւններ»։ Վիգդորիա, Աւստրալիայէն. «Մեծ Ոճիրներու մէջ Հսկայ Բարձրացում»։ Միացեալ Նահանգներէն. «Նիւ Եորքի մէջ Ոճիրները Նոր Բարձրակէտի կը Հասնին»։ «Անցեալ տարի Տիթրոյթը (Միշիկան) գերազանցեց Կէրին (Ինտիանա) որպէս ազգին բարձրագոյն ոճիրը ունեցող քաղաքը. 58 ոճիր՝ 100,000 բնակչութեան համար»։

27 Զիմպապուէյէն. «Երախաներու սպանութիւնը ճգնաժամային համեմատութիւններ ստացած է»։ Պրազիլիայէն. «Հոս ոճիրը այնքան շատ է եւ զէնքերը այնքան սովորական են որ վայրագութեան լուրերը այլեւս շատ գրգռութիւն չեն յառաջացներ»։ Նոր Զելանտայէն. «Սեռային յարձակումները եւ վայրագ ոճիրները կը շարունակեն մեծապէս մտահոգել ոստիկանութիւնը»։ «Իրարու հանդէպ Նոր Զելանտացիներուն ցոյց տուած վայրագութեան մակարդակը միայն կարելի է նկարագրել որպէս բարբարոսական»։ Սպանիայէն. «Սպանիան կը կաշկանդուի երթալով աւելցող ոճրային հարցերով»։ Իտալիայէն. «Սիկիլիայի Մաֆիան, որոշ նահանջէ մը ետք, սպանութեան նոր ալիքով մը կը վերադառնայ»։

28 Ասոնք պարզապէս այս գրքին հրատարակութենէն քիչ մը առաջ օրաթերթերէն քաղուած կարգ մը մէջբերումներ են։ Վստահաբար, «գազաններ»ը որսի համար կոռնան, մարդիկը ահ ու սարսափի եւ անապահովութեան մատնելով։

Բարի Լուրի Քարոզչութիւնը

29, 30. Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ կրօնական վիճակը ի՞նչ է, առ ի կատարում Յիսուսի մարգարէութեան։

29 Յիսուսի ներկայութեան խառնաշփոթ ժամանակաշրջանի ընթացքին, կրօնքին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Մէկ կողմէն, Յիսուս մարգարէացաւ որ կրօնական աւելի մեծ գործունէութիւն մը պիտի ըլլար, ըսելով. «Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն»։ (Մատթէոս 24։11) Իսկ միւս կողմէն, ան նախագուշակեց որ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ, ընդհանուր առմամբ, Աստուծոյ հանդէպ հետաքրքրութիւնը շատ ցած մակարդակ պիտի ունենար։ «Շատերուն սէրը պիտի պաղի»։—Մատթէոս 24։12

30 Ասիկա իրապէս կը նկարագրէ Քրիստոնեայ Աշխարհի ներկայ վիճակը։ Մէկ կողմէն, Աւանդական Եկեղեցիները ամէնուրեք կը տկարանան, ծուխերու նուազումին պատճառաւ։ Ատենին թունդ Բողոքական եղող Հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներու եւ Անգլիոյ մէջ, կրօնքը այլեւս մեռած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Կաթողիկէ Եկեղեցին կղերներու պակասէն եւ ծուխերու աջակցութեան նուազումէն կը տառապի։ Իսկ միւս կողմէն, ոչ–ուղղափառ կրօնական տարրեր կը ծաղկին։ Արեւելեան կրօնքներու վրայ հիմնուած ծիսականութիւնները կը ծաղկին, մինչ հեռատեսիլի ընչաքաղց աւետարանիչներ միլիոնաւոր տոլարներ կը շորթեն։

31. Յիսուս ի՞նչ նախագուշակեց, որ կօգնէ մեր օրերու ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշելու։

31 Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել ճշմարիտ Քրիստոնէութեան մասին, այն կրօնքը որ Յիսուսի կողմէ ներմուծուեցաւ եւ իր առաքեալներուն կողմէ քարոզուեցաւ։ Անիկա տակաւին գոյութիւն պիտի ունենար Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, բայց ինչպէ՞ս պիտի ճանչցուէր։ Շատ մը բաներ կը բնորոշեն ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը եւ անոնցմէ մէկը յիշուած է Յիսուսի մեծ մարգարէութեան մէջ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները զբաղած պիտի ըլլային համաշխարհային քարոզչութիւնով։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը [Թագաւորութեան այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14

32. Միմիայն ո՞ր խումբն է, որ կը կատարէ Մատթէոս 24։14–ին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մարգարէութիւնը։

32 Այս քարոզչութիւնը ներկայիս տեղի կունենայ հսկայական տարողութեամբ։ Մեր օրերուն, Եհովայի Վկաներ կոչուող կրօնական խումբը, Քրիստոնէութեան պատմութեան ամենածաւալուն քարոզչական գործունէութեան ձեռնարկած է։ (Եսայեայ 43։10, 12) 1919–ին, մինչ քաղաքականութեամբ թաթախուած Քրիստոնեայ Աշխարհի գլխաւոր կրօնքները ձախողութեան վիճակուած Ազգերու Դաշնակցութիւնը կը ջատագովէին, Եհովայի Վկաները այս համերկրային քարոզչական արշաւին համար կը պատրաստուէին։

33, 34. Համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը ո՞ր տարողութեամբ քարոզուած է։

33 Այն ատեն միմիայն 10,000 Վկաներ կային, բայց անոնք հասկցան այս կատարուելիք գործին տարողութիւնը։ Հետեւաբար, անոնք քաջութեամբ ձեռնակեցին այս քարոզչութեան։ Անոնք գիտակցեցան որ կղեր–աշխարհականի բաժանումը հակառակ էր թէ՛ Աստուածաշունչի պատուէրներուն եւ թէ առաքելական օրինակին։ Ուստի բոլորն ալ, առանց բացառութեան, սորվեցան իրենց դրացիներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլ։ Անոնք քարոզիչներու կազմակերպութիւն մը դարձան։

34 Ժամանակի ընթացքին, այս քարոզիչները բուռն հակառակութեան տոկացին։ Եւրոպայի մէջ, անոնք ամբողջատիրական տարբեր տեսակ վարչաձեւերու կողմէ հակառակութեան հանդիպեցան։ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ, անոնք դատական պայքարներ մղեցին եւ խուժանային արարքներ դիմագրաւեցին։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, անոնք մոլեռանդ կրօնական նախապաշարումներու եւ բիրտ բռնակալներու կողմէ անգութ հալածանքներու ենթարկուեցան։ Վերջին տարիներուն, անոնք զարգացող սկեպտիկ հոգիին եւ ինքնահաճ գաղափարներուն դէմ ալ պայքար պէտք էր մղէին։ Սակայն անոնք յարատեւեցին, այն աստիճան որ ներկայիս չորս միլիոնէ աւելի անհատներ 212 երկիրներու մէջ կը քարոզեն։ Որեւէ ժամանակ Թագաւորութեան բարի լուրը այս տարողութեամբ չէր քարոզուած։ Ահաւասիկ նշանին այս երեսակն ալ ջախջախիչ կատարում մը ունեցած է։

Այս Բոլոր Դէպքերը Ի՞նչ կը Նշանակեն

35. (ա) Մեր օրերուն մարգարէութեան կատարուիլը ինչպէ՞ս կօգնէ ապացուցանելու Աստուածաշունչին Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած ըլլալը։ (բ) Յիսուսի տուած նշանին կատարուիլը ի՞նչ կը նշանակէ մեր օրերուն համար։

35 Տարակոյս չկայ թէ մենք ներկայիս Յիսուսի տուած մեծ նշանին կատարուելուն ականատես ենք։ Այս իրողութիւնը յաւելեալ փաստ մըն է թէ Աստուածաշունչը արդարեւ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Ո՛չ ոք այսքան ժամանակ առաջուընէ պիտի կարենար նախագուշակել այն դէպքերը որոնք տեղի պիտի ունենային այս Ի. դարուն։ Ասկէ զատ, նշանին կատարուիլը կը նշանակէ որ մենք կապրինք Յիսուսի ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանի ժամանակին մէջ։ (Մատթէոս 24։3) Ի՞նչ է ասոր նշանակութիւնը։ Յիսուսի ներկայութիւնը ի՞նչ կը բովանդակէ։ Իսկ ի՞նչ է իրերու դրութիւնը որ իր վախճանին կը մօտենայ։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն ուրիշ զօրաւոր ապացոյց մը նկատի պէտք է առնենք. անոր հոյակապ ներքին ներդաշնակութիւնը։ Յաջորդ գլուխին մէջ, այս մասին պիտի խօսինք եւ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի գլխաւոր բնաբանը նոյնիսկ հիմա իր ահաւոր յանգումին կը մօտենայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 17 Առնուազն 5 երկրաշարժներ տեղի ունեցած են 1914–ի եւ 1918–ի միջեւ, որոնք Ապրուզի քաղաքին երկրաշարժէն շատ աւելի զօրաւոր էին՝ Ռիշթէրի աստիճանով 8 կամ աւելի։ Սակայն, այս երկրաշարժները երկրագունդին հեռաւոր մասերուն մէջ տեղի ունեցան եւ հետեւաբար շատ ուշադրութիւն չգրաւեցին որքան Իտալիոյ երկրաշարժը։5

^ պարբ. 18 Այս կարգ մը աղէտներու զոհերու թիւին նկատմամբ տարբեր թուանշաններ տեղեկագրուած են։ Բոլորն ալ, սակայն, ծայր աստիճան կործանարար էին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]